Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (30)

January 31, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ   ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Գրադարձական (բ)

Մեր նախորդ յօդուածը աւարտեցինք՝ եզրակացնելով, որ  պարսկերէնի, ասորե-րէնի ու յունարէնի երկար ձայնաւորներուն  դիմաց  մեր   թարգմանիչները   հանած են

ոյ, այ, ով:

Հարցը, որուն կ’ուզենք պատասխանել ներկայիւս, հետեւեալն է.

− Ինչպէ՞ս կ’արտասանուէին այս զոյգերը:

*   *   *

Պարսկականին եւ  ասորականին  մէջ կիրարկուած առաջին երկուքը՝ ոյ եւ այ,  երկուքն ալ մեր «արդի դատողութեամբ» երկբարբառներ են, որոնցմէ առաջինը  կ’արտասանենք ույ (ouy),  երկրորդը՝ այ (ay), օրինակ՝ կոյր, յոյն, նոյն  եւ  բայ,  հայ, ճայ:

Եթէ իրօք ճիշդ կը դատենք,  եւ ոյ ու այ ունին երկբարբառային արժէք,  հապա ի՞նչ պէտք է մտածել  յունարէնի օմեգային՝ ω-ին տրուած ով-ին  մասին , որ… երկբարբառ չէ:

Ինչո՞ւ պարսկական եւ ասորական երկար ձայնաւորներուն  դիմաց մեր թարգմանիչները պիտի հանէին երկբարբառներ, իսկ յունական երկար ձայնաւորին  առթիւ շեղէին այդ սկզբունքէն եւ հանէին ով, որուն երկրորդ բաղադրիչը բաղաձայն մըն է, եւ այնպիսի բաղաձայն մը, որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի ω-ին հետ, ոչ մէկ ձեւով ու չափով կը յուշէ յունական այս տառը կամ այս հնչիւնը: Ուրեմն ինչո՞ւ մերոնք յունարենէ բերուած անուններու հայերէն համարժէքին վրայ աւելցնէին  վ բաղաձայն մը, ո՞ւր  է տրամաբանութիւնը այս  բոլորին: Ինչո՞ւ յոյնը պիտի գրէ ու արտասանէ Ո՜բէդ, որուն դիմաց հայը պիտի գրէ  ու արտասանէ Ովբէդ: Այսպէս ալ մնացեալ բազմատասնեակ  յատուկ անունները, որոնց բոլորը հայերէնի մէջ օժտուած են  աւելորդ վ բաղաձայնով մը (տեսնել նախորդ յօդուածիս նմուշները):

Եւ վերջապէս ինչպէ՞ս կ’արտասանուէր այս աւելորդ վ բաղաձայնը:

Այլեւ ինչպէ՞ս կ’արտասանուէր  ամբողջ  ով-ը:

*   *   *

Այս առեղծուածի բանալին հաւանաբար  գտնուի այն տարակարծութեան մէջ, որ ունէին Հրաչեայ Աճառեանն ու անոր գերմանացի դասախօսը՝ Հայնրիխ Հիւբշմանը՝ ասորերէնէ կատարուած տառադարձութեանց  ետին գտնուող այ-ի արտասանութեան մասին, ինչպէս՝ աբեղայ, լումայ եւ նմաններուն:

Արդարեւ:

Այս  այ-ին մասին  տարակարծիք էին Աճառեանն ու  Հիւբշմանը:

Ուրեմն  Աճառեան  կը գրէ. «Հիւբշմանը կարծում է, որ հայերի մէջ  վերջաձայն այ հնչում է ա,  որովհետեւ տարօրինակ  գտնում է, որ հայը ասորերէնից a   լսէր ու ինքը ay (այ)   գրէր»  («Հայոց գրերը»,  1984,   էջ  584):

Աճառեան  կը հաւատայ, որ ան կ’արտասանուէր երկբարբառաձեւ՝ այ կամ ay:          Մինչ Հիւբշման համոզուած է,  որ ան  կ’արտասանուէր պարզապէս ա՜, այինքն՝ երկբարբառ ձեւացնող այս զոյգին ետին գտնուող յ տառը պարզապէս կը ծառայէր երկար արտասանելու  զինք կանխող ա-ն՝ այ=ա՜ , որով կը նմանակուէր ասորական  ā-ն:   Օրինակ՝ ան կը գրէր շուկայ եւ կ’արտասանէր շուկա՜:

Ճիշդ ինչ որ  արդի հայը եւս կ’ընէ. կը լսէ ա, կը գրէ այ, կ’արտասանէ ա:

*   *   *

Իսկ ինչպէ՞ս կ’արտասանուէր  պարսկական երկար ō-ն, որ մերոնք ոյ տառադարձած են:

Մեկնելով  այ-ին տրուած արտասանութենէն՝ մենք իրաւունք ունինք ենթադրելու, թէ ան պարզապէս կ’արտասանուէր ո՜. այսինքն՝ ō=ոյ=ո՜, ճիշդ ինչպէս ay=այ=ա՜:

          Իսկ ասկէ անդին անխուսափելի է ենթադրել, թէ յունարէնի ω-ին դիմաց հանուած  ով-ը  իր կարգին ov չէր արտասանուեր, այլ պարզապէս…ո՜.  մի՞թէ անհեթեթ չէ մտածել, թէ հայերէնը բոլորովին օտարոտի  v-ով մը օժտէր յունական յատուկ անունները, ուր   v-ի հետքն անգամ չկայ:

Կը բերենք նաեւ Հիւբշմանի տեսակէտը.

«Յունական  ω-ն (ով-ov) պիտի ō արտասանուէր, մինչդեռ  այն այնպէս չի արտասանւում» («Հայագիտական ուսումնասիրութիւններ»,  Երեւան, 2004, էջ 410):  Աւելի անդին՝ «ով-ն ծառայում էր  որպէս յունական  ω-ի միայն գիտական տառադարձման միջոց, արտասանւում էր  որպէս կարճ  օ «օմիկրոն» (անդ, էջ 435):

Այլ խօսքով՝ Հիւբշման, շատ աւելի առաջ երթալով, կը դաւանի, թէ ով զոյգը գիտական տառադարձութեան տրուած տուրք մըն էր, եւ խորքին մէջ ան պարզապէս կ’արտասանուէր  ո, ոչ իսկ  ո՜, ճիշդ ինչպէս  ոչ-յատուկ անուններու մէջ. վերջին հաշուով յունական նոյն տառը չէր կրնար երկու տարբեր արտասանութիւն ունենալ.  այլ խօսքով՝ Մովսէս, Յակովբ, Սիմովն կ’արտասանուէին Մոսէս, Յակոբ , Սիմոն:

Դժուար թէ հակադրուուէինք մեծ գինականին ու հայագէտին:

Ընդհակառակը, պիտի փութանք  հիմնաւորել իր ըսածը հետեւեալ իրողութեամբ.  աշխարհաբարի նախօրեակին մեծաթիւ  ով-երը թօթափած էին  իրենց վ-ն եւ աշխարհաբար մտան  առանց այդ վ-ին.  այսպէս՝

Ἰακὼβ                        Յակովբ                      Յակոբ

Ἑσρώμ                       Եզրովմ                      Եսրոն

Ναασσών                   Նաասովն                 Նաասոն

Σαλμών                      Սաղմովն                  Սաղմոն

Σολομῶν                    Սողովմոն                 Սողոմոն

Աշխարհաբար Աստուածաշունչը հատ ու կենտ  պահած է ով-ը, ինչպէս Ովբէդ, Ռոբովամ, Յովաթամ եւ քանի մը ուրիշներ:  Այդ թօթափումը այնքան դիւրին պիտի չըլլար, եթէ վ-ն շարունակէր արտասանուիլ:

Եզրակացութիւն

Հարցի ճիշդ լուծումին ամենամօտիկ կանգնած կ’ըլլանք՝ ընդունելով, որ պարսկերէն բառերու մէջ ոյ կ’արտասանուէր ո՜, ասորականներուն մէջ այ կ’արտասանուէր ա՜, իսկ յունականներուն մէջ ով կ’արտասանուէր  ո՜  կամ    պարզապէս ո:

Այսպէս պէտք է ըլլար գոնէ դասական  շրջանին՝ Մեսրոպի եւ Սահակի ողջութեանը:

[email protected]

Previous Post

French Retirement Home Chief Fired Amid Patient Abuse, Negligence Scandal

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՈՒՏԱ ՍԷԼԼՈՒՄԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ԻՐ ՊԱՏՐԱՍՏԱԾ ԴՈԿՏՈՐԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.