ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
- Ընթացք ի գրոց բարբառ
1880-ին Եղիշէ Դուրեան՝ Պետրոս Դուրեանի կրտսեր եղբայրը եւ Երուսաղէմի ապագայ բեղուն պատրիարքը, այն ատեն հազիւ 20 տարեկան վարդապետ, կը հրատարակէր գրաբարի վտիտ դասագիրք մը, որ կը կոչուէր «Ընթացք ի գրոց բարբառ»: Երեք տարի ետք կը հրատարակէր նոյնին Բ. հատորը՝ հաւանաբար միջնակարգի տղոց համար, աւելի ուշ հրատարակեց նոյնանուն Գ. հատորը, որ արդէն դասագիրքէ քիչ մը աւելին էր, կարելի է ըսել հայագիտական սեղմ ու կոկիկ ձեռնարկ մը:
Ասոնցմէ ամէնէն աւելի փնտռուածը եղած պէտք է ըլլայ առաջինը. անցեալ դարու կէսերուն ան տակաւին ունէր բաւական լայն կիրարկութիւն մը սփիւռքի մէջ եւս, մանաւանդ որ գրաբարի դասագիրքերը չէին վխտար: Աւելի ուշ է, որ լոյս տեսան հայր Կռանեանի եւ Ազնաւորեան սրբազանի դասագիրքերը:
Ուրեմն, ինչպէս տեսանք, շատ մատղաշ տարիքին ան հրատարակեց Ա. հատորը, տարիք մը, որ աւելի յարմար էր ուսանելու եւ գիտութիւն ամբարելու, քան թէ… հեղինակ դառնալու: Մանաւանդ մեռեալ լեզուի մը, որքան ալ ան օրուան միակ դասաւանդուող հայերէնը ըլլար, քանի աշխարհաբարի ուսուցումը աւելի քան տասնամեակ մը ետք՝ 1892-ին պիտի սկսէր արեւմտահայ դպրոցներուն մէջ:
Եւ ահա սկսան իրարայաջորդ քննադատական յօդուածները, որոնք միահամուռ կը մատնանշէին անոր մէջ տեղ գտած մեծաթիւ սխալները: Չմոռնանք, որ այդ յօդուածագիրները իրենց կարգին գրաբար սերտած էին իրենց օրին, միւս կողմէ կը վայելէին տարիքային փորձառութեան շնորհած առաւելութիւնները, այլ խօսքով՝ Պոլսոյ խմբագրատուներուն մէջ անպակաս էին լրագրողներ, որոնք քիչ մը աւելի գրաբար գիտէին, քան քսանամեայ մատղաշ վարդապետը ինքը՝ Դուրեանը:
Այս քննադատութիւններուն մէջ աւելի աչքառուն եւ յիշատակելին կը մնայ… Յակոբ Պարոնեանինը՝ իր ամենասուր, այլեւ ամենասրամիտ բնոյթով. ան կ’ըսէր մօտաւորապէս այսպիսի բան մը.
−Հայր սուրբը հետեւած է մանկավարժական նոր մեթոտի մը, որ ներկայիս շատ տարածուած է Եւրոպայի մէջ. ան կազմած է իւրօրինակ դասագիրք մը՝ կամովին զետեղելով անոր մէջ լեզուական այլազան ու շինիչ վրէպներ, որ գրաբար սորվող աշակերտը պարտի նկատել ու սրբագրել:
Եղիշէ Դուրեան խոհեմութեամբ ու համբերութեամբ լսեց բոլոր քննադատութիւնները, այլեւ ձեռնհասութեամբ փութաց քաղել այդ բոլոր նկատողութիւններու պտուղը՝ ամէն վերահրատարակութեան առթիւ քիչ մը աւելի բարելաւելով իր աշխատութիւնը, որ այնպէս ալ ունեցաւ բազմաթիւ հրատարակութիւններ. բացառուած չէ, որ ինծի անծանօթ դպրոցներու մէջ ան շարունակէ կիրարկուիլ իբրեւ շատ մատչելի դասագիրք, որմէ բազմաթիւ սերունդներ առին գրաբարի իրենց նախաճաշակը, առանց մոռնալու Մխիթարեաններու բերած նպաստը:
Այլ հարց թէ գրաբարը որեւէ ատեն բաւարար լրջութեամբ ու հետեւողականութեամբ չուսուցուեացաւ արեւմտահայ իրականութեան, մասնաւորաբար աշխարհիկ հաստատու-թիւններու մէջ:
Բայց ուրիշ պատմութիւն է այս:
«Ընթացք ի գրոց բարբառ»-ը կիրարկողներուն մտքին մէջ անջնջելի մնաց անոր առաջին դասին առաջին նախադասութիւնը.
−«Թզենի մի էր ուրումն տնկեալ յայգւոջ իւրում»[1]…
Որ հէգ արեւմտահայ աշակերտները, որոնք շատ աւելի լաւ թրքերէն կը հասկնային, քան գրաբար, հակամէտ էին թարգմանելու «յոյն մը թզենի տնկած էր…», քանի ուրում՝ թրքերէն կը նշանակէ յոյն, ուրումն՝ յոյն մը:
- Մերին Պոլիսը
***Ակնկալելի էր, որ Պոլիսը աւելի գիտակ մնար գրաբարին, քանի մեր լաւագոյն գրաբարագէտները, այնպիսիներ, որոնք ի վիճակի էին մրցելու Եզնիկի ու Կորիւնի հետ, ծագումով եղած են պոլսեցի, եւ սփիւռքահայ միակ գրաբար լրագիրը՝ «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան» անունով, լոյս տեսած է Պոլսոյ մէջ: Թէեւ Խրիմեան հայրիկ, անկէ քանի մը տասնամեակ առաջ իր «Արծուի Վասպուրականի»-ով, իսկ Գարեգին Սրուանձտեանց իր «Արծուիկ Տարօնոյ»-ով որոշ չափով մը կը կանխէին «Ճաշակ ոսկեղէն դպրութեան»-ը իրենց կարգ մը գրաբար յօդուածներով, որոնք կը կարդացուէին հայ գաւառացիին կողմէ:
Այո, 19-րդ դարու երկրորդ կէսին գոյութիւն ունէին սերունդներ, մասնաւորաբար Պոլսոյ, այլ նաեւ գաւառի մէջ, որոնք «Մասիս»-ի եւ «Մեղու»-ի կողքին նաեւ գաբար լրագիր կը կարդային: Որեւէ պատճառ չկայ այս նոյն պատիւէն զրկելու արեւելահայերը, յատկապէս Վաղարշապատի, Թիֆլիսի, Մոսկուայի մէջ, ուր նոյնքան կը տիրապետէին գրաբարին:
Իսկ այսօր…
−Անցա՜ն, անցա՜ն այդ օրերը,− պիտի ողբար «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ու քանքարաշատ բանաստեղծը:
Այս հաստատումը կատարեցի, երբ կարդացի «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցի» նախադասութիւնը թէ՛ «Մարմարա»-ի, թէ՛ «Ակօս»-ի եւ թէ՛ մանաւանդ պատրիարքարանի մէկ մահազդին մէջ: Վասնզի «կամք» յոգնակի է եւ կը պահանջէ յոգնակի ստոորոգիչ, ուրեմն՝ «Կամք Տեառն օրհնեալ եղիցին»:
Յիշել նաեւ Տէրունական աղօթքը, ուր կ’ըսուի. «Եղիցին կամք քո»:
Եւ այս չէ միայն:
Վասնզի Պոլսոյ աշխարհաբարը իր կարգին չի դադրիր անակնկալներ մատուցելէ:
***Եւ անշուշտ այս պարագային նախապատւութիւնը կ’իյնայ… «Մարմարա»-ին եւ անոր ալեպսակ խմբագրապետին, վասնզի առաջին անգամ ասոր էջերուն կարդացի «հեռաձայնային տեսակցութիւն» բառակապակցութիւնը՝
«Պայտըն հեռաձայնային տեսակցութիւն ունեցաւ Փութինի հետ»:
Ուրեմն կարելի է «հեռաձայնով ալ տեսակցիլ»:
***Կայ աւելի գունագեղը. «Այդ գրքերը կ’արժեն 100 դոլար, կախված թէ ինչի մասին են»,− ըսել կ’ուզէ՝ կախում ունի թէ…
***«Այցելութեան աւարտին վարչայիններ պատրիարք հայրը ճամբորդեցին»,− ըսել կ’ուզէ՝ ճամբու դրին…
[1] [Մարդուն] մէկը թզենի մը տնկած էր իր այգիին մէջ: