Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
Շարադասութիւն (դ)
Նախորդ երեք յօդուածներով սերտեցինք հայերէնի շարադասութիւնը ընդհանուր առմամբ, եւ մասնաւորաբար ենթակայ-ստորոգիչի, ինչպէս նաեւ ենթակայի լրացումներէն որոշիչի առանձնայատկութիւնները: Կը շարունաենք ենթակայի երկրորդ լրացումով:
***Յատկացուցիչ
- Յատկացուցիչը ենթակայի կամ գոյականի սեռական հոլով այն լրացումն է, որ ցոյց կու տայ լրացեալի պատկանելութիւնը կամ որեւէ մէկ առնչութիւնը սեռական հոլովին ցոյց տուած առարկային՝ անձին, անասունին, իրին, երեւոյթին եւ այլնի հետ. օրինակ՝ Թորոսին ինքնաշարժը, կատուին պոչը, ծառին ճիւղը, պատմութեան աւարտը, գիրքին բովանդակութիւնը, մեր տունը եւ այլն:
Թաւագրուած են յատկացուցիչները, եւ ընդգծուած են լրացեալ գոյականները, որոնք «յատկացեալ» կը կոչուին:
Յատկացուցիչը եւս նախադաս լրացում է, ինչպէս ցոյց կու տան օրինակները: Իսկ եթէ լրացեալ գոյականը արդէն կը կրէ որոշիչ մը կամ որոշչային բառակապակցութիւն մը, ապա յատկացուցիչը կը նախորդէ որոշիչը, ինչ ծաւալ ալ ունհենայ այդ որոշիչը. օրինակ՝
—Մեր պատմական հայրենիքը Հայկական բարձրաւանդակն է:
—Թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Կատուին նորածին ձագուկները կը մլաւեն:
—Իմ սուրբ հայրենիք, դուն սրտիս մէջ ես:
—Երկրի քաղաքական այս խառնակ կացութեան մէջ ի՞նչ կ’ընէք:
Այս պարագային լրացեալ գոյականը մէկ կողմէ յատկացեալ է, միւս կողմէ որոշեալ. օրինակ՝ հայրենիքը գոյականը որոշեալն է «պատմական» ածականին եւ յատկացեալն է «մեր» դերանունին: Նոյնպէս ալ միւսները:
Անշուշտ բացառուած չէ, որ յատկացուցիչը ունենանայ ի՛ր լրացումները. օրինակ՝
—Մեր թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Ընդարձակ բակի թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Մեր ընդարձակ բակի թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
—Մեր ընդարձակ բակի հսկայ թթենիին հասուն պտուղները սկսան թափիլ:
* *
*
Յատկացուիչի շարադասութիւնը գրաբարի մէջ ազատ էր, սակայն ընդհանրապէս կը կիրարկուէր յետադաս դիրքով. օրինակ՝
—հայր մեր … սուրբ եղիցի անուն քո… եկեսցէ արքայութիւն քո… եղիցին կամք քո… զհաց մեր հանապազորդ… թող մեզ զպարտիս մեր… առաւօտ լուսոյ… գանձդ ողորմութեան…
Աշխարհաբար արձակի մէջ ան նախադաս է, ինչպէս տեսանք օրինակներով, սակայն կը հանդիպինք յետադաս գործածութեան շատ հազուագիւտ օրինակներու եւս. այսպէս՝
–Ի՜նչ պիտի չտայի, եթէ դիմացի լեռնագագաթներուն վրայ կառուցուած ըլլային ամրոցներն ու բերդերը քաջակորով պապերուս (Արամ Հայկազ, «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ», էջ 210): «Եւ գիտնայի, որ անոնց քարաշէն ու հաստ պատերուն ետեւ պահակ կը կենան աղեղները հայ բանակներուն» (անդ): «Ես կը յիշեմ կախարդական այդ գիշերը Քիւրտիստանի լեռներուն» (անդ, էջ 211):
Բազմակի, ինչպէս նաեւ բազմանդամ յատկացուցիչը կրնայ ազատօրէն յետադաս կիրարկուիլ. օրինակ՝
— Խոհանոցէն դուրս կը հոսէր սուր հոտը սխտորին, ապուխտին ու երշիկին:
–Չէր յաջողեր ձերբազատիլ յիշատակէն այդ գիշերուան սարսրալի դէպքերուն:
Մինչ չափածոյի մէջ, միշտ ոճաբանական նպատակով, սովորական է անոր շրջումը՝ յետադասութիւնը. օրինակները կը քաղենք Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը»-էն:
–կը պատռէ լանջն հողերուն (Մուսայիս)…
՝ –զի շուքին տակ ուռիին (անդ)…
—մշակներն են իմ գիւղիս (Մշակները)…
—Գլուխն իրենց, զոր կը հակեն առջևը սուրբ խորանին,
Պսակուած է միշտ ոսկի փոշիներովը յարդին (անդ)…
–աղքատ մ’այսօր ճրագին մէջ տաճարին (Ցան)…
–կ’երկարի շուքը թեւիդ (անդ)…
- Սեռական որոշիչ
Արեւմտահայերէնի մէջ սեռական հոլով գոյականը կրնայ կիրարկուիլ յօդով կամ առանց յօդի. օրինակ՝ ծառ-ծառի-ծառին, պատ-պատի-պատին, սեղան-սեղանի-սեղանին եւ այլն: Արեւելահայերէնի մէջ ան մի՛այն առանց յօդի կը կիրարկուի:
Առանց յօդի կիրարկութիւնը կը կոչենք «անորոշ սեռական»:
Անորոշ սեռականի մէջ յատկացուցիչի իմաստը շատ տկար է կամ գրեթէ բացակայ է. անորոշ սեռականը արեւմտահայերէնի մէջ որոշիչի յատկութիւն ունի ճիշդ ածականի պէս: Օրինակ, երբ կ’ըսենք «պատի ժամացոյց»,– մենք նկատի ունինք ոչ այնքան ժամացոյց մը որ պատին կը պատկանի, որքան ժամացոյցի տեսակ մը, որ պատին կ’ամրացուի եւ ոչ թէ կ’անցնի թեւին կամ կը դրուի սեղանին վրայ: Շատ սովորական է ժամագործին ցուցափեղկին մէջ դրուած ժամացոյցին ակնարկելով հարցնել. «Այս պատի ժամացոյցը որքա՞ն կ’արժէ»,– ուր բոլորովին ժամացոյցի տեսակին կ’երթայ մեր ակնարկութիւնը, քանի տուեալ ժամացոյցը պատին վրայ ալ չէ:
Նոյն որոշչային իմաստը կը գտնենք՝ թեւի ժամացոյց, սեղանի ժամացոյց, գործի մարդ, որսի շուն, խնձորի ծառ, ուտելու հաց, կարդալու գիրք, ձեռքի գործ, առաջին կարգի աթոռ, նոյն տարիքի ընկերներ… բառակապակցութիւններուն մէջ:
Այսպիսի սեռականները յաճախ դիւրաւ ածականով մը կրնան փոխարինուիլ, ինչպէս՝ ձեռքի գործ =ձեռային գործ:
Օրինակ՝
–Այդ թեւիդ ժամացոյցը որքա՞ն կ’արժէ (թեւիդ-սեռական յատկացուցիչ):
Այս պարագային ժամացոյցին պատկանելութիւնը նկատի առնուած է. ան թեւինն է:
–Այդ թեւի ժամացոյցդ որքա՞ն կ’արժէ (թեւի-սեռական որոշիչ):
Այս պարագային ժամացոյցին տեսակը նկատի առնուած է. ան թեւի է:
Ծանօթ.− Կրնայ պատահիլ, որ սեռական հոլով բառ մը ճիշդ իրեն յաջորդող բառին չվերաբերի, այս պարագային անոր վրայ կը դնենք բութ մը. օրինակ՝
—Մեր՝ գիւղի տան վարագոյրը պիտի փոխենք:
Յատկացեալն է տան, որ հեռու է «մեր» յատկացուցիչէն. ասոնց միջեւ կայ գիւղի:
—Քու՝ ինծի փոխ տուած գումարդ կը վերադարձնեմ: