ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Շարադասութիւն(ե)
***Բացայայտիչ
Կը պատահի, որ ամէն խօսող կամ գրող ենթադրէ, թէ իր խօսակիցը կամ ընթերցողը չի հասկնար կամ դժուարութիւն ունի հասկնալու այսինչ կամ այնինչ գոյականը. ուստի կը փութայ բացատրել, լուսաբանել, պարզել զայն տարբեր անունով մը, բառով մը կամ բառակապակցութեամբ մը: Այդ, անունը, բառը կամ բառակապակցութիւնը կը կոչուի «բացայայտիչ»:
Օրինակ՝
— Երեւանը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը, շատ ընդարձակեցաւ:
Բացայայտիչն է Հայաստանի մայրաքաղաքը, որ Երեւան յատուկ անունին բացատրութիւնն է անոնց համար, որոնք գաղափար չունին մեր մայրաքաղաքին մասին: Բուն բացայայտիչը «մայրաքաղաքը»-ն է, Հայաստանի՝ անոր յատկացուցիչն է: Երեւանը, այս պարագային, կը կոչուի «բացայայտեալ»:
Բացայայտիչը ենթակային կամ գոյականին երրորդ՝ վերջին լրացումն է:
Նաեւ՝
—Թորոսը՝ Մարկոսին եղբայրը, դասընկերս է:
–Այնտեղ էր առիւծը՝ կենդանիներու թագաւորը:
–Որքա՜ն շուտ անցաւ ամառը՝ մեր խաղի եղանակը:
Ուրեմն բացայայտիչը յետադաս լրացում է, կը դրուի բացայայտիչէն ետք, եւ այս շարադասութիւնը պարտադիր է: Եթէ փոխենք զայն, կը փոխուին պաշտօնները եւս. օրինակ՝ –Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը, շատ ընդարձակեցաւ:
Այս պարագային բացայայտիչն է Երեւանը, իսկ բացայայտեալը՝ Հայաստանի մայրաքաղաքը:
Ինչպէս կը նկատէք, բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ կը դրուի բութ մը:
Միւս կողմէ՝ ամէն կարելի պէտք է ընել, որ այս երկուքին միջեւ ուրիշ բառ չմտնէ. բացայայտիչը անմիջապէս յաջորդէ բացայայտեալին. օրինակ՝
—Անիին տուի գիրքը՝ ընկերուհիիս:
Այստեղ Անիին բացայայեալին եւ ընկերուհիիս բացայայտիչին միջեւ ինկած են «տուի գիրքս» բառերը, ինչ որ ընդունելի չէ: Պէտք է ունենայինք՝ «Գիրքը տուի Անիին՝ ընկերուհիիս»:
Պէտք է գիտնալ, որ բացայայտիչէն ետք կը դրուի ստորակէտ. տե՛ս օրինակները:
Կան բացառութիւններ, որոնց մասին ուրիշ առիթով կը խօսինք:
* * *
Կան երկու կանոններ, որ պէտք է լաւ իմանալ:
ա) Բացայայտիչը կ’առնէ այն հոլովը, որ ունի բացայայեալը: Այս երեւոյթը կը կոչուի «հոլովական համաձայնութիւն». այսինքն՝ բացայայիչը կը համաձայնի բացայայտեալի հոլովով. օրինակ՝
—Արան՝ դասընկերս, շատ ուշիմ մանչ մըն է: (ուղղական)
—Արային՝ դասընկերոջս, այցելեցի այսօր: (տրական)
—Արայէն՝ դասընկերոջմէս, շատ բան սորված եմ: (բացառական)
—Արայով՝ դասընկերովս, միշտ կը հպարտանամ: (գործիական):
Ուրեմն ընդունելի չէ հետեւեալը.
–Արայով՝ դասընկերս, միշտ կը հպարտանամ:
բ) Եթէ բացայայտեալը ունի յետադրութիւն մը, ան կ’անցնի բացայայտիչին. օրինակ՝
–Ամէն մարդ կը խօսի Արային մասին:
Ամէն մարդ կը խօսի Արային՝ դասընկերոջս մասին:
—Շատ ուրախացանք Արային համար:
Շատ ուրախացանք Արային՝ դասընկերոջս համար:
—Ո՞ւր գտնեմ Արային նմանը:
Ո՞ւր գտնեմ Արային՝ դասընկերոջս նմանը:
—Ոչ մէկը մօտեցաւ Արայէն բացի:
Ոչ մէկը մօտեցաւ Արայէն՝ դասընկերոջմէս բացի:
—Մենք յաջողեցանք Արային շնորհիւ:
Մենք յաջողեցանք Արային՝ դասընկերոջս շնորհիւ:
Ուշադրութի՛ւն. ստորակէտ չի դրուիր բացայայտիչին եւ յետադրութեան միջեւ:
Այսինքն սխալ է՝ «Մենք յաջողեցանք Արային՝ դասընկերոջս, շնորհիւ»:
Սակայն կը գրենք՝
—Ոչ մէկը մօտեցաւ բացի Արայէն:
Ոչ մէկը մօտեցաւ բացի Արայէն՝ դասընկերոջմէս:
—Մենք յաջողեցանք շնորհիւ Արային:
Մենք յաջողեցանք շնորհիւ Արային՝ դասընկերոջս:
Այսպէս է, քանի այս վերջին երկու օրինակներուն մէջ «բացի» եւ «շնորհիւ» բառերը յետադրութիւն չեն այլեւս, այլ իբրեւ նախադրութիւն գործածուած են:
Ահաւասիկ օրինակ մը, որ երկու սխալ կը բովանդակէ եւ շատ տարածուած է.
–Սխալ՝ Այս բոլոր զոհողութիւնները Հայաստանին համար ըրինք՝ մեր հայրենիքին:
–Ճիշդ՝ Այս բոլոր զոհողութիւնները ըրինք Հայաստանին՝ մեր հայրենիքին համար:
Ուրեմն յետադրութիւնը՝ համար, տարինք բացայայտիչին ետեւը դրինք:
Իսկ ըրինք բայը, որ սխալմամաբ ինկած էր բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ,− ուր ոչ մէկ ուրիշ բառ պէտք է մտնէ,− տեղափոխեցինք աւելի առաջ, չէ՞ որ ազատ է մեր շարադասութիւնը:
Ուշադրութի՛ւն. թոյլատրելի է, որ բացայայտիչին եւ բացայայտեալին միջեւ իյնայ էական բայը, որուն վրայ կ’անցնի բութը. օրինակ՝
–Այդ եկողը Սոնան է՝ մանկութեան ընկերուհիս:
–Ինծի միակ օգնողը դո՛ւն եղար՝ երբեմնի մցակիցս:
–Առասպելը պատմողը Մովսէս Խորենացին է՝ հայոց պատմահայրը:
* * *
Բացայայտեալին եւ բացայայտիչին միջեւ երբեմն կը մտնեն այն է, այսինքն, իմա (=իմացի՛ր), այլ խօսքով բառերը, որոնք աւելի ցայտուն կը դարձնեն բացայայտումը. օրինակ՝
–Այս գրողը մեր մեծագոյն վիպասանն է, այն է՝ Ռաֆֆին:
–Վէճը աներձագին, այսինքն՝ կնոջը եղբօր հետ էր:
–Հարցնողը հաստատութեան տնօրէնն է, իմա՝ պարոն Սարոյեանը:
–Անոր պատիժը պէտք է ըլլայ մեկուսացումը, այլ խօսքով՝ մութ բանտը:
Ուշադրութի՛ւն կէտադրութեան. այս ցայտուն դարձնող բառերը տրոհուած են՝ ձախէն ստորակէտով եւ աջէն՝ բութով: