Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

  Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (45)

May 16, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան       

Շարադասական   (է)

          Մեր վերջին յօդուածով տեսանք, որ բայական լրացումներէն  յօդաւոր  ուղիղ խնդիրին շարադասութիւնը ազատ է. ան կրնայ դրուիլ բայէն առաջ կամ ետք: Մինչ անյօդ լրացումը հարկադրաբար նախադաս է. ան չի կրնար դրուիլ բայէն ետք:

–Արան  ձուկը (մը) որսաց:

–Արան որսաց ձուկը (մը):

–Արան ձուկ որսաց:

*   *   *

2.Պարագայական լրացումներ

Այս   առթիւ  շարադասութիւնը անմիօրինակ է. մերթ պարտադիր է, մերթ՝ ազատ:

Օրինակ՝

–Արան  առտու որսաց:

Լեզուն չ’ընդունիր, որ ըսենք՝

–Արան որսաց առտու:

Մինչ թոյլատրելի է ըսել՝

–Արան որսաց առտուն:

Ըսենք՝ ճիշդ ուղիղ խնդիրին հետեւողութեամբ:

Բոլորովին  ուրիշ կացութիւն մը կը ստեղծուի, երբ առտու-ն  փոխարինենք գիշեր-ով.

Բացառուած են  հետեւեալ երկուքը հաւասարապէս.

–Արան գիշեր որսաց:

–Արան որսաց գիշեր:

Ինչո՞ւ այս մերժումը՝ թէկուզ նախադաս դիրքով,− չենք գիտեր: Ո՛չ մէկ լեզուաբան ու լեզուական դասագիրք բացատրած է նման կացութիւն մը:

Մինչ ազատօրէն կարելի է ըսել՝

–Արան գիշերը որսաց:

–Արան որսաց գիշերը:

  1. Խառն լրացումներ

          Ուրեմն խնդրոյ առարկայ են այստեղ   կառոյցներ, ուր կը գոյակցին խնդրային եւ պարագայական  մէկական լրացումներ:

           ա. Անյօդ

–Արան առտու ձուկ որսաց:

Ինչպէս կ’երեւի նախադաս կիրարկութիւնը երկուստեք հարկադիր է:

Մերժելի են  յետադաս  անյօդ կիրարկութեան բոլոր տարբերակները

–Արան ձուկ որսաց առտու:

–Արան առտու որսաց ձուկ:

–Արան որսաց առտու ձուկ:

–Արան որսաց ձուկ առտու:

Բայց ահա եթէ առտու-ն օժտենք ցուցական դերանունով մը՝ այս առտու, յետադաս  առաջին  օրինակը,− եւ մի՛ակը,−   բոլորովին  ընդունելի կը դառնայ. այսպէս՝

–Արան ձուկ որսաց այս առտու:

Ծանօթ.− Զարմանալի քմայքներ ունի հայերէնը. այս ցուցականը կրող բոլոր գոյականները անպայման որոշիչ յօդ կը պահանջեն՝ ծառ-այս ծառը, երկինք-այս երկինքը, սեղան–այս սեղանը եւ այսպէս շարունակ.  բոլորովին մերժելի են՝ այս ծառ, այս երկինք, այս սեղան բառակապակցութիւնները եւ նմանները: Բայց ահա ժամանակի անուններու  հետ այդ յօդը կը դադրի պարտադիր ըլլալէ. այսպէս՝ այս օր (այսօր), այս առտու, այս կէսօր, այս իրիկուն, այս գիշեր, այս տարի, այս անգամ եւ այլն: Որեւէ մէկդ հանդիպա՞ծ էք  այս երեւոյթի բացատրութեան,− ինքս հանդիպած չեմ եւ անշուշտ չեմ համարձակիր որեւէ մեկնաբանութիւն տալ:

Առեղծուածը ունի երկրորդ երեսակ մըն ալ. այս բառակապակցութիւնները անյօդ կը կիրարկուին մի՛այն այն պարագային, ուր անոնք ժամանակի պարագայական լրացումներ են եւ կը պատասխանեն ե՞րբ հարցումին. օրինակ՝

–Արան ե՞րբ որսաց,− այս առտու:

–Ե՞րբ պիտի քալէք,− այս գիշեր:

–Ե՞րբ  պիտի կառուցէք,− այս տարի:

Սակայն երբ այս նոյն բառակապակցութիւնները իբրեւ ենթակայ կը կիրարկուին, անպայման յօդ կը պահանջեն. օրինակ՝

–Այս առտուն բախտաբեր չեղաւ, ոչ մէկ ձուկ որսացի:

–Այս գիշերն ալ վերջանալիք չունի կարծես:

–Այդ տարին  տղուս աւարտականն էր:

Առեղծուածին երրորդ երեսակը այն է, որ նո՛յն բառակապակցութիւնները, պարագայական նո՛յն պաշտօնով,  տրական եւ բացառական հոլովներու առթիւ նմանապէս կը պահանջեն այդ պակսող յօդը. այսպէս՝

–Այս  կէսօրին զուգադեպեցաւ մեր  հանդիպումը:

        —Այդ գիշերէն  սկսան  անոնց  թափառումները:

բ.  Յօդաւոր

–Արան առտուն որսաց ձուկը:

–Արան ձուկը առտուն որսաց:

–Արան ձուկը որսաց առտուն:

Ասոնք երեքն ալ հայերէն կը հնչեն, եւ տեղին համեմատ երեքն ալ կիրարկող կը գտնեն, սակայն եթէ քիչ  մը բծախնդիր  յամենանք  այս կառոյցներուն վրայ, ապա պիտի նկատենք, որ ասոնց առաջինն է ամէնէն բարեհունչն ու հեզասահը, երկրորդը հանդուրժելի է միայն, մինչ երրորդը… դժուար թէ ընդունելի ըլլայ, ընդհուպ՝ մերժելի է:

Իսկ այս վերջին մերժելին լիովին ընդունելի ու վայելուչ պիտի դառնար, եթէ ձուկը  անյօդ կիրարկէինք. այսպէս՝

–Արան ձուկ որսաց առտուն:

*   *   *

Փորձենք բացատրել բ.-ի   մէկ հիմնական յատկաութիւնը:

Հայերէնը այն բացառիկ լեզուներէն է, որ կը յաջողի շարադասութիւնը ծառայեցնել շեշտադրական նպատակներու, այսինքն՝ շեշտելու նախադասութեան այս կամ այն անդամը:

Այդ շեշտադրումը տեղի կ’ունենայ դէպի առաջ քաշելով շեշտելի անդամը:

–Արան առտո՛ւն որսաց ձուկը,− ուր շեշտուած է որսի ժամանակը՝ առտուն:

–Արան ձո՛ւկ որսաց առտուն,− ուր շեշտուած է որսի առարկան՝ ձուկը:

Այսպէս է, քանի ամէն հայու ենթագիտակիցին մէջ կը գործէ այն համոզումը, թէ նախադասութեան առաջին արտասանուած բառը ամէնէն աւելի կը տպաւորէ խօսակիցը:

Քայլ մը աւելի առաջ տանելով շեշտադրումը՝ ան տակաւին  կ’ըսէ.

–Արան առտո՛ւն  է որ որսաց ձուկը:

–Արան ձո՛ւկ է որ[1] որսաց առտուն:

Այս բոլորը տեղի կ’ունենան առանց գիտակցուած ճիգի, բոլորովին բնական հակումով, հայեցի լեզուամտածողութեան ինքնաբուխ թելադրանքով:

[email protected]

[1] «Է որ» պէտք չէ ընդմիջուի ստորակէտով. որ-ը ոչ շաղկապ է, ոչ՛ յարաբերական դերանուն:

Կապական ոչ մէկ դերակատարութիւն ունի ան. այլ խօսքով՝ ոչինչ կը կապէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Previous Post

Նողկանք

Next Post

US removes Jewish extremist Kahane movement from terror blacklist

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.