Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (49)

June 6, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

 Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

Շարադասական (ժա)

Մեր վերջին յօդուածով սերտեցինք համադասական բարդ նախադասութեան շարադասութեան հիմնական յատկութիւնները: Այստեղ ի միջի այլոց ակնարկած էինք այդ կառոյցի բաղադրիչներուն միջեւ գտնուող կապի թուլութեան,  որով երբեմն կարելի  է քանդել համադասութիւնը եւ ազատօրէն զայն վերածել անկախ՝ ինքնուրոյն  նախադասութիւններու իրենց սեփական հնչերանգով՝ արտասանութեամբ,  եւ վերջակէտով:

Համադասութիւնը կը համապատասխանէ մարդու մտածողութեան յարաբերաբար մէկ նախնական  վիճակին: Բանաւոր ու գրաւոր  հնագոյն նմուշները կը հաստատեն այս:

Օրինակ՝ Հին կտակարանի առաջին գլուխներուն մէջ, որոնք շարադրուած են Քրիստոսէ մօտաւորապէս հազար տարի առաջ, տիրական են բարդ համադասական նախադասութիւնները՝ գրեթէ առանց կապակցական միջոցներու. օրինակ՝

«Ի սկզբանէ արար Աստուած զերկին եւ զերկիր։ Եւ երկիր էր  աներևոյթ և անպատրաստ. եւ խաւար ի վերայ անդնդոց. եւ Հոգի Աստուծոյ շրջէր ի վերայ ջուրց։ Եւ ասաց Աստուած. Եղիցի՛ լոյս։ Եւ եղեւ լոյս։ Եւ ետես Աստուած զլոյսն զի բարի է» (Ծնունդք, Ա/1−4)։

Ամբողջ հատուածը կազմուած է վեց պարզունակ համադաս նախադասութիւններէ, որոնց միջեւ երեւցող եւ շաղկապները բոլորովին ձեւական են. սա ծանօթ եբրայաբանութիւնն է, որ խօսքը կ’ողողէ  աննպատակ եւ շաղկապներով: Հատուածը կը վերջանայ  շատ նախնական ստորադասութեամբ մը՝ «զի բարի է» (որ բարի է): Ամբողջութիւնը կը յիշեցնէ  արեւելեան  այն ցանկապատերը, որոնք կազմուած են իրարու վրայ առանց շաղախի   դիզուած անտաշ  քարերով:

Մօտաւորապէս նոյն ժամանակներուն ծնունդ պէտք է առած ըլլան մեր Գողթան կարգ մը երգերը, որոնցմէ մասնաւորաբար Վահագնի ծնունդը, որ կը թուի ըլլալ հնագոյնը, այնպէս ալ քերականօրէն պարզագոյնը՝ բոլորովին նման վերը բերուածին. այսպէս՝

Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,

                             Երկնէր եւ ծովն ծիրանի.

                             Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղէգնիկ.

                             Ընդ եղէգան փող ծո՛ւխ ելանէր,

                             Ընդ եղէգան  փող բո՛ց  ելանէր,

                             Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.

                             Նա հուր հեր ունէր, բո՛ց ունէր մօրուս,

                             Եւ աչկունքն էին արեգակունք:

Հատուածը, որ զուրկ չէ բնական  շնորհքէ[1],  բաղկացած է տասը պարզ համադաս նախադասութիւններէ, ուր ստորադասութեան ոչ մէկ հետք կը գտնենք: Անոր բաղադրիչները կը ձեւացնեն շատ փխրուն կապակցութիւն մը  եւ շաղկապի քանի մը կիրարկութեամբ: Սա մեր հեռաւոր նախնիներուն պարզունակ մտածողութեան մէկ աչքառու կառոյցն  է:  Այս նոյն նախնականութիւնը քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս կը գտնենք Գողթան երգերու մնացեալ  սակաւաթիւ պատառիկներուն մէջ եւս:

Կացութիւնը զգալիօրէն կը փոխուի, երբ կը դիմենք մօտաւորապէս նոյն հազարամեակին` Հոմերոսի  շարադրած Իլիականին.  կը մէջբերեմ անոր առաջին չորս տողերը՝ Մկրտիչ Խռանեանի թարգմանութեամբ.

Երգի՛ր, Մուսա, քէ՛նը երգիր Պելիսածին Աքիլլէսի,

                             Քէնը դժնեայ, որ անհամար ցաւեր բերեց աքայեցոց,

                             Որ բազմաթիւ դիւցազների գահավիժեց դժոխքն ի վար

                             Եւ դին նրանց դարձըրեց կեր թռչունների եւ շների:

Ինչպէս կը նկատէք, սա բոլորովին ուրիշ աշխարհ մը եւ ուրիշ որակ մըն է:

Նախ՝ իբրեւ քերականական կառոյց. հատուածը մէկ բարդ ստորադասական անտարբաղադրելի նախադասութիւն է, որ կը բաղկանայ  գլխաւորէ մը եւ երեք  համաստորադասէ. այլ խօսքով՝ բարդ համաստորադասական  կուռ նախադասութիւն մը, որուն հիւսուածքը լեզուական շատ լայն վաստակ ու փորձառութիւն կ’ենթադրէ: Բանահիւսութեան մէջ՝ բանաւոր թէ գրաւոր, իրենց առաջին քայլերը նետող ժողովուրդներ շատ երկար պէտք է սպասէին, որ կարենային  տիրել նման կառոյցի:

Միւս կողմէ՝ ակնբախ  է բովանդակութեան  եւ անոր ձգած տպաւորութեան  առումով եւս: Նախ բառերու ու բառակապակցութիւններու  ճոխութեամբ՝ քէնը դժնեայ, գահավիժեց, շուներու եւ թրչուններու կեր դարձնել ու ապա  անոնց փոխաբերական կիրարկութեամբ:

Այս ալ կը նշանակէ, որ յոյն ժողովուրդը շատ աւելի առաջ անցած էր իր ժամանակակից-ներէն, եւ բնաւ զարմանալի չէ այդ. վկայ  Աթէնքի ոսկեդարը (Ե.  դար Քա.), որ ծանօթ է նաեւ «Պերիկլէսի դար» անուանումով եւ  որ հանուր մարդկութիւնը լուսաւորող ջահը դարձաւ:  Սոկրատ մը, Էսքիլէս մը, Թաղէս մը, Հերոդոտոս մը, Փիդիաս մը  ու ամբողջ փաղանգ մը այսպիսիներէն  տալու համար, − ա՛լ  չխօսինք   անոնց բերած նպաստին ժողովրդավա-րութեան,−   այդ ժողովուրդը շատ ճամբայ պէտք է կտրած ըլլար այն դարերուն, ուր ուրիշներ կը նետէին իրենց առաջին երկչոտ քայլերը ու կը գոհանային ի գործ դրուած նախնական լեզուի մը  պարզունակ բառապաշարովն  ու շարահիւսութեամբը:

Իր ժամանակին համար եզակի երեւոյթ մըն էր ինքը՝ Պերիկլէսը, որ զօրական մըն էր, երբ  հանրաքուէով եւ միայն մէ՛կ տարուան համար կառավարիչ ընտրուեցաւ Աթէնքի եւ Աթենական համադաշնակցութեան,  պաշտօն մը, սակայն, որ յաջորդական քառասուն տարիներուն  վերանորոգուցաւ նոյն այդ ժողովուրդին կամքով: Եւ այս՝ այնպիսի ժամանակ մը, ուր մարդկութիւնը  կը ճանչնար մէկ կողմէ՝ կիսավայրենի ժողովուրդներ, միւս կողմէ՝  միապետեր, որոնք ըմդհանրապէս բռնակալներ էին ու ամէն  աններելի միջոցներու   կը դիմէին յաւերժացնելու համար իրենց  տիրակալութիւնը:

Իր իշխանութեան քառասուներորդ տարին Պերիկլէս  կամովին հրաժարեցաւ  պաշտօնէն ու վերադարձաւ իր տունը՝ լծելու համար եզը արօրին եւ  վարելու պապենական  հողը, որմէ խզուած էր   քառասուն տարի առաջ եւ  պէտք է շարունակուէր հիմա:

*   *   *

Ինչ կը վերաբերի հայերէնին,  ապա հարկ պիտի ըլլար, որ թաւալէին երկար ու ձիգ դարեր՝ տիրանալու համար կապակցուած խօսքի արուեստին՝ հետզհետէ հնարելով ոչ միայն  ստորադասական շաղկապներու ու կապական բառերու  այն  ճոխ տեսականին, որ ներկայ հայերէնը կը դնէ մեր տրամադրութեան տակ, այլեւ բարելաւելով ու կատարելագործելով  նոյնինքն համադասական շաղկապներու ցանցը եւս, որմէ նմուշներ տեսանք մեր նախորդ յօդուածով: Այս դարաւոր   ճիգերը իրենց պսակումը պիտի գտնէին Ե. դարուն՝ հայկական ոսկեդարով, թէկուզ հազարամեակ մը աւելի ուշ յունականէն:

[1] Ուրեմն համադասութիւնն ու գեղարուեստական  որակը երկու տարբեր բաներ են. Մեծարենցի «Հիւղը» գոհարի 44  տողերուն մէջ ոչ մէկ ստորադասութիւն կայ. ան լրիւ յօրինուած է համադասական  նախադասութիւններով:

Previous Post

Էրդողանը հատուկ նպատակով է Թուրքիան դարձնում Թուրքիյե․ ռեբրենդինգը կփոխի՞ ագրեսիվ կերպարը

Next Post

May figures show Turkish inflation on downward trend: Erdoğan

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.