Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Զեքի Նասիֆ» երաժշտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթին ելոյթը 1 եւ 2 օգոստոս 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ» սրահին մէջ:
«Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը ելոյթ ունեցաւ երկու տարբեր ծրագիրներով: 1 օգոստոս 2015-ին համոյթը ներկայացուց մեծ փիլիսոփայ եւ երաժիշտ Գէորգի Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւնները: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Կիւրճիեֆ » համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ իր ելոյթներուն կապակցութեամբ, ապա ըսաւ, թէ երկար տարիներ ապրած է Լիբանանէն հեռու, բայց միշտ երազած է ելոյթ ունենալ նաեւ իր ծննդավայրին մէջ, եւ ահա իր երազը իրականացած է, եւ ինք իր հիմնադրած «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթով հանդէս պիտի գայ հանրութեան:
Ինչ կը վերաբերի Կիւրճիեֆի, Լեւոն Իսկենեան ըսաւ, թէ ան շրջագայած է Ասիա, Չինաստան, Թիպեթ, Հնդկաստան, Միջին Ասիա, ուսումնասիրած է շատ կրօններ, արեւելեան փիլիսոփայութիւն եւ գրած շատ աշխատութիւններ, ուսումնասիրած է տարբեր երկիրներու ժողովրդային երաժշտութիւնը, երգերն ու պարերը: Ան հիմնած է նաեւ մարդու ներդաշնակ զարգացման ուսումնարանը: Գէորգի Կիւրճիեֆի արուեստի ակունքները կու գան մարդու հոգեկանէն, ներաշխարհէն եւ տիեզերական կապէն:
Իսկենեան յայտնեց, որ «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթը 2011-էն ի վեր ելոյթներ ունեցած է Եւրոպայի շատ երկիրներու մէջ, իսկ Պէյրութի զոյգ ելոյթները Միջին Արեւելքի մէջ առաջինը կը նկատուին: Ան աւարտեց խօսքը ըսելով` ուրախ եմ, որ ձեզի հետ պիտի բաժնեկցիմ երաժշտական ծրագիրներս, շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար եւ բարի վայելում:
«Կիւրճիեֆ» համոյթի երաժիշտները իրենց նուագարաններով` տուտուկ, թառ, սազ, քամանչա, ուտ, սանթուր, տափ, տհոլ, պլուլ, բեմ բարձրացան 20-րդ դարու հայազգի իմաստասէր, երաժիշտ Գէորգի Կիւրճիեֆի ստեղծագործութիւնները ժողովրդական նուագարաններու միջոցով Լիբանանի հանրութեան ներկայացնելու առաքելութեամբ: Եզակի երեւոյթ էր ժողովրդական նուագարաններու ոչ միայն հանդիպումը, այլեւ համատեղ բարձրորակ կատարումները, որոնց հանդիսատեսը կ՛արձագանգէր ծափողջոյններով:
Հնչեց մաքուր, նուրբ եւ հոգիի երաժշտութիւն: Հայկական, քրտական, ասորական, արաբական յունական, կովկասեան երաժշտական կտորները տուեալ ազգերուն բնորոշ յատկանիշներ եւ արտայայտչականութիւն ունէին գերազանցապէս:
Երկրորդ օրուան ծրագիրը կ՛ընդգրկէին Կոմիտաս Վարդապետի գործերը: Ողջոյնի խօսքով կրկին հանդէս եկաւ համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Լեւոն Իսկենեան: Ան ներկայացուց որոշ մանրամասնութիւններ Կոմիտասի ստեղծագործական կեանքին վերաբերեալ, ապա որոշ բացատրութիւններ տուաւ յայտագիրի բաժիններուն մասին:
Ապա «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի երաժիշտները իրենց տեղը գրաւելով բեմին վրայ սկսան ներկայացնել Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Երաժիշտները բարձրարուեստ կատարումներով գերեցին եւ մեծ զգացմունքով պարուրեցին ներկաները: Խոր եւ արտայայտիչ հնչեղութեամբ կատարուած գործերը հանդիսատեսին պատմեցին հայ ազգի արժանիքներուն մասին, անոր կենցաղին, մշակոյթին ու ճակատագիրին: Ուշագրաւ էր «Մշոյ օրօր» ստեղծագործութիւնը, որ հրաշալիօրէն հանդիսատեսին առջեւ կը բանար Մշոյ Ս. Կարապետ վանքի հազարաւոր ուխտաւորներու ազատ ու հանգիստ պարն ու երգը, աղօթքն ու խնճոյքը:
Աւարտին հանդիսատեսին յոտնկայս ծափահարութիւնները շնորհակալութեան լաւագոյն արտայայտութիւնն էր համոյթին, որ առիթ ունեցաւ երկու օրուան ընթացքին ըմբոշխնել հայ եւ համաշխարհային երաժշտութեան գեղեցկագոյն կտորները:
Լուսանկարները`
ԴԱԼԱՐ ԱԼԻԵՄԷԶԵԱՆի