ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդը 13 Դեկտեմբերին միաձայնութամբ վաւերացուց քաղաքի Կեդրոնական զբօսավայրի ծրագիրը, որուն մէկ մասնիկն է քաղաքամէջը կառուցուելիք Ամերիկահայութեան թանգարանին ծրագիրը։
Քաղաքապետարանի անձնակազմը եւ «SWA» ձեւաւորումներու հիմնարկը սոյն ծրագիրի նախագիծին մանրամասնութիւնները ներկայացուցած էին Դեկտեմբեր 5ի ժողովին՝ շեշտելով քաղաքի կեդրոնը արուեստներով եւ ժամանցի զանազան առիթներով հարուստ ու կանաչապատ տարածք մը ունենալու կարեւորութիւնը ու բաղձալիութիւնը։
Ամերիկահայութեան թանգարանին կողքին, այս տարածքին մէջ պիտի ըլլան նաեւ քաղաքի Կեդրոնական գրադարանը եւ տարեցներու կեդրոնը, ինչպէս նաեւ երեխաներու յատուկ վայրով մը «անտառային» կանաչապատ զբօսավայր մը եւ քալելու արահետներ, որոնք պիտի միանան Պրենտ պողոտային վրայ գտնուող «Ամերիքանա»ին։