Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան ժամը շուրջ 5:30-ին Լիբանանի խօսքը ուղղեց ՄԱԿ-ի կլիմայի հարցերով 26-րդ խորհրդաժողովին, որ կը գումարուի Սկովտիոյ Կլասկօ քաղաքին մէջ:
Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ հսկայական մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին են տնտեսական, դրամատնային եւ ելեւմտական տագնապները, «Քորոնա» համաճարակին հետեւանքները, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին յաջորդած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապալի իրավիճակին իբրեւ հետեւանք Լիբանան հասած տեղահանուածներու հսկայական թիւը:
Միքաթի հաստատեց, որ կլիմայական փոփոխութեան ժխտական անդրադարձները Լիբանանի մարտահրաւէրները աւելի եւս պիտի սրեն եւ բազմապատկեն զանոնք, ինչպէս նաեւ պիտի արգելակեն երկրին տնտեսական եւ ընկերային կացութեան մէջ արձանագրուելիք որեւէ բարելաւում:
Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց միջազգային ընկերութիւններուն ներդրումներ կատարելու Լիբանանի մէջ, որպէսզի աւելի արագ կարելի ըլլայ կերտել դալար Լիբանանը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ կենսոլորտի պահպանման եւ կլիմայի փոփոխութեան մարտահրաւէրին դէմ պայքարելու իմաստով Սէուտական Արաբիոյ ջանքերը, ինչպէս նաեւ «Դալար Միջին Արեւելք» նախաձեռնութիւնը մեկնարկելու անոր յանձնառութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ նախաձեռնութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ ամբողջ Միջին Արեւելքին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ այն երկիրներուն, որոնք կը ջանան մարդկային պաշարներու եւ կենսոլորտի շարունակութիւն իրագործել:
Միւս կողմէ, խորհրդաժողովին ներկայ ըլլալու կողքին, վարչապետ Միքաթի երէկ ներկայութեամբ կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասինի եւ Բրիտանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Մուրթատայի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Պլինքըն հաստատեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զօրակցիլ բանակին, ինչպէս նաեւ կրթական, առողջապահական եւ կենսոլորտի մարզերուն:
Ան Միքաթիին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ջերմ եւ յատուկ ողջոյնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու եւ վերականգնումին թափ տալու նախագահին մաղթանքները:
Պլինքըն շեշտեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին երկրին կայունութիւնը վերահաստատելու եւ տնտեսական ապաքինում իրականացնելու նպատակով կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ անոնց ունեցած բանակցութիւններուն` հասնելով մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպում:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութիւն հաստատելու նպատակով կառավարութեան ճիգերուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց տնտեսական ծրագիրը գործադրելու իմաստով ի գործ դրուող ջանքերն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու սկսելու կարեւորութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս բանակցութիւնները արագ մեկնարկելու իմաստով Լիբանան կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Պայտընին, որ լիբանանցի Սարա Մընքարան նշանակած է յատուկ կարիքներ ունեցողներու իրաւունքներու հարցերով Միացեալ Նահանգներու նախագահական խորհրդատու:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Թրուտօ դրուատեց Քանատայի մէջ լիբանանցիներուն դերակատարութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, յատկապէս լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ համագործակցութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի Կութիերեսը հրաւիրեց Լիբանան. վերջինս ընդունեց ընդառաջել հրաւէրին:
ՆՇԵՆՔ, որ տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ արտերկրի լիբանանցիներուն մտահոգութիւնը` անոնց դէմ որդեգրուելիք հաւանական միջոցառումներուն առումով: Ան աւելցուց սակայն, որ այս հարցը վերածուած է ազգային արժանապատուութեան հարցի` ընդգծելով, որ ինք ո՛չ պաշտօններու եւ ո՛չ ալ դիրքերու կառչածութիւն ունի:
Քըրտահի յայտնեց, որ ինք կը սպասէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Լիբանան վերադարձին, որպէսզի բոլոր փաստաթուղթերը զետեղուին սեղանի վրայ, եւ կարելի ըլլայ վերջնական որոշումով մը դուրս գալ հանդիպումէն: