ՆԻԶԱՐ ՔԱՊՊԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանութիւն`
ԹԱԳՈՒՀԻ ԱԹՈՔԵԱՆԻ
Կը սիրե՞ս զիս, տեսնելով հանդերձ, որ կոյր մըն եմ,
Մինչ աշխարհի վրայ կան աղջիկներ՝
Վայելուչ, գեղեցիկ եւ հրապուրիչ:
Դուն խելագար մը ըլլալու ես անպայման,
Կամ գթասիրտ մը աչազուրկներու հանդէպ,-
Ըսաւ սիրուհին:
Բայց ես սիրահարուած եմ քեզի սիրելիս.
Իմ միակ փափաքս է աշխարհիս մէջ,
Որ դուն ըլլաս իմ կինը:
Աստուած պարգեւեց ինծի դրամ.
Չեմ կարծեր որ անկարելի ըլլայ բուժումդ.-
Ըսաւ սիրած տղան:
Եթէ վերադարձնես ինծի տեսողութիւնս՝
Պիտի յօժարիմ ճակատագրիս
եւ մնացեալ կեանքս ամբողջ՝
Պիտի անցընեմ քու հետ,-
Ըսաւ սիրուհին:
Բա՜յց… շշնջաց ան.
Ո՞վ կու տայ ինծի իր աչքերը,
Եւ ինք կ’ապրի մնայուն խաւարի մէջ:
Եւ օր մը երիտասարդը շտապեց
Իր սիրուհիին մօտ եւ ըսաւ անոր.-
Ուրախացիր. վասն զի գտայ բարերարը.
Պիտի բացուին աչքերդ այնպէս՝
Ինչպէս որ ստեղծած էր Աստուած.
Ուստի պիտի յարգես խոստումդ
Եւ դառնաս իմ կինս:
Եկաւ այն օրը եւ սիրուհին բացաւ իր աչքերը,
Տեսաւ սիրածը, որ կայնած էր իր դէմ՝ ձեռքը բռնած:
Ե՜ւ… Բացագանչեց ուժգին.-
Դո՛ւն ե՞ւս աչազո՜ւրկ…:
Ու լացաւ իր չարաշուք բախտին վրայ:
Մի նեղուիր սիրե՛լիս.
Դուն պիտի ըլլաս իմ աչքե՛րս, իմ առաջնո՛րդս,
Ե՞րբ պիտի ըլլաս իմ կինս. հարցուց սիրած տղան:
Ես ամուսնանամ աչազուրկի՞ մը հետ…
Ես այսօր աչքեր ունիմ եւ կը տեսնեմ,- ըսաւ աղջիկը:
Լացաւ տղան եւ ըսաւ անոր վշտահար.
Ներէ ինծի.
Քանզի ո՜վ եմ ես, որ դուն ամուսնանաս իմ հետ:
Բայց նախքան ինձմէ հեռանալդ,
Կ’ուզեմ որ խոստանաս ինծի,
Թէ լաւ պիտի խնամես աչքերս,
Զորս կը կրես դուն: