ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Ուսուցիչներս՝ խոնարհ հերոսներ, կեանքի դաստիարակներ բոլորը..:
Սիրած եւ յարգած եմ բոլորին: Դրական ներգործութիւն ունեցած են կազմաւորումիս վրայ, որովհետեւ դաստիարակի եւ դասատուի կողքին, ընկեր եւ անկեղծ բարեկամներ էին անոնք: Դրուատած, խրատած, պատժած են, այո’: Սուրբ մը չէի ամենեւին: Մէկ առ մէկ կը յիշեմ ուսուցիչներս:Իրենց առաքելութեան հաւատարիմ զինուորներ էին իւրաքանչիւրը:
Ծով եւ անսահման երախտագիտութիւն անոնց բոլորին: Անտրտունջ աշխատանքով եւ նուիրումով սերունդներ յղկեցին, դաստիարակեցին: Մարդկային արժէքներ փոխանցեցին: Հայեցի դաստիարակութեամբ սնելու, իբրեւ մարդ եւ հայ կազմաւորուելու, իբրեւ հայ ապրելու հպարտութիւն, ընկերութեան ծառայելու առաքինութիւն ներշնչեցին: Պատասխանատուութեան ոգի, հայրենասիրութիւն, նուիրում սերմանեցին մեր սրտերուն մէջ: Ինչ որ կը ներկայացնեմ այսօր, ուսուցիչներուս կը պարտիմ:Մեր ուսուցիները կ’ապրին մեր մէջ: Անոնց պատգամը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:
Ամէն մարդ ալ ունի սիրած ուսուցիչ,
Դուք անանուն, Ձեր սաները անուանի:
Ուսուցիչներ, կը խոնարհինք Ձեր առջեւ:
Բախտաւոր կը զգամ, որ ՀԲԸՄ-ի երեք վարժարաններու մէջ ստացած եմ նախնական եւ երկրորդական ուսումս՝ Լեւոն Կ. Նազարեան, Յովակիմեան Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն:Այս քանի մը տողերուն զուգահեռ, յիշողութիւնս ներած չափով, յիշատակած եմ բոլոր ուսուցիչներուս անունները:
Ուսուցչաց տօնին առթիւ, կը խոնարհիմ սերունդներ դաստիարակած Մեծ երախտաւորներուն առջեւ: Բարձրաձայն՝«Վարձքդ կատար» կ՛ըսեմ իւրաքանչիւրին: Ոմանք հեռացան մեր աշխարհէն, ուրիշներ կը պայքարին կեանքի դժուարութիւններուն դէմ: Իմ եւ բոլոր դասընկերներուս անունով կը խոնարհիմ առյաւէտ մեկնողներուն յիշատակին առջեւ: Երկար կեանք, ամենայն բարիք եւ առողջութիւն կը մաղթեմ ողջերուն:
Պատիւ եւ յարգանք, բոլոր ուսուցիչներուս:
Պատիւ ու յարգանք, հայ ուսուցիչին:
ԼԵՒՈՆ Կ. ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Երուանդ Կրպոյեան, Ովսաննա Ղազարեան, Ժիւլիէթ Պիտինեան, Արշալոյս Ատանալեան, Անի….., Շողիկ…., Ժագլին….,Արմինէ Պաղտատեան, Արաքսի Մանուկեան, Լուսին Թապաքեան, Սօսի Դանիէլեան, Հելէն Գըլըճեան,Արփի Կիւլիւմեան,Սիրվարդ Ֆազլեան, Մարի Պոյաճեան, Մարի Կիւզելեան, Նուէր Վայեճեան, Գնարիկ Իսկենտերեան,Աղաւնի Աշըգեան, Արտաշես…., Սահակ Եթենեքեան, ….. Եաղճեան, Ատրունի Մատուրեան, Սարգիս Թաշճեան, …. Ադամեան, Սարգիս Ճինկէոզեան, Կարապետ Իմաստունեան, Նշան Կեւողլանեան, Մարտիրոս Մարտիրոսեան, Ժագ Պարանեան, Բարսեղ Չաթոյեան, Եզեկել Ղազարեան,Պարգեւ Գամպուրեան:
ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ-ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՄԱՆՉԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Արա Թոփճեան, Խաչատուր Տօնապետեան, Գէորգ ծայր. վրդ. Կարպիսեան, Յակոբ Աւետիքեան, Մեսրոպ Պերեճիքեան, Սարգիս Խայեան, Գրիգոր Գրիգորեան, Սարգիս Սէֆէրեան,Միրզա Միրզայեան,Լեւոն Վարդան, Օննիկ Սարգիսեան, Հրաչ Տեմիրճեան, Վահէ Վահեան, Գերսամ Ահարոնեան, Մինաս Գանգրունի, Թորոս Մանկասարեան, Վազգէն Թիւթիւնճեան, Մելքոն Արսլանեան, Հրաչ Մանուկեան,Միհրան Պախամեան, Օհան Պոտրումեան, Վազգէն Բիւզանդեան, Յովհաննէս Թապաքեան,Մայք Պօղոսեան, Հայկ Կուրտիկեան, Ծատուր Խաչատուրեան, Սարգիս Զօպայեան, Սարգիս Կիւլիւճեան, Վահէ Գումրույեան, Վազգէն Պոյաճեան, Խաչիկ Ժանոյեան, Վարդգէս…., …..Միքայէլեան:
ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ
Սօսի Պետիկեան, Վարուժան Պետիկեան, Սեպուհ Աբգարեան, Յարութիւն Այվազեան, Վարդգէս Գուրույեան, Ալիս Գուրույեան, Հերմինէ Պեքարեան, Մարի Փափազեան,Յովհաննէս Էսեկիւլեան, Արտեմ Սարգսեան, Սամուէլ Անթոսեան, Դաւիթեան, Գէորգ Յակոբեան, Հայկ Լեփեճեան, Ժորա Գերոբեան, Սեպուհ Դաւիթեան, Սեդա Իսկենտերեան, Վահէ Գույումճեան, Գէորգ Խաչիկեան:
ՅԳ.Յիշատակած եմ ինծի տարբեր առարկաներ դասաւանդող ուսուցիները: Ոմանց անունը կամ մականունը մոռցած եմ, դժբախտաբար: Շնորհակալ պիտի ըլլամ ճշդողներէն