Համախմբում եւ բողոքի ցոյց «Իսլամական Պետութեան» ահաբեչութեան դէմ:
Երկուշաբթի , 21 Յուլիսին Թուրքիոյ հարաւ արեւելքը ,Սուրուճ քաղաքին մէջ ահաբեկչական արարքի զոհ գացին 36 երիտասարդներ, որոնց նպատակն էր օգնել Քոպանի քաղաքի վերաշինութեան:
Եւրոպայի Հայերու Համագումարը խստիւ կը դատապարտէ ահաբեկչական այս արարքը եւ իր նեցակցութիւնը կը յայտնէ զոհերուն:
ԱՊՏԵՄ-Եւրոպայի Հաշտութեան եւ ժողովրդավարութեան համագումարը,որուն մաս կը կազմեն Ալեւի,Հայ,Ասորի ,քիւրտ եւ այլ կազմակերպութիւններ
Շաբաթ,Յուլիսի25 ժամը 14
հանդիպման վայր
Düsseldorf Hauptbahnhof
Konrad-Adenauer-Platz 14, 40210 Düsseldorf
Կոչ կուղղենք բոոր Հայերուն մեծ թիւով մասնակցելու այս ցոյցին:
Միջին Արեւելքը թատերաբէմ է անհանդորժողութեան,
սպանդի:Այս ոճրագործներն են որ պայթեցուցին Տէր-Զորի հայկական եկեղեցին,հարձակեցան Քեսապի վրայ,եւ ամէն օր կը ռմբակոծեն Հալէպի հայկական թաղամասերը:
Այս ոճրագործներու նպատակն է բնաջնջել բոլոր քրիստնեաները եւ իրենցմէ տարբեր կրօնք ունեցողները եւ նաեւ Հայաստանը:
Միասնաբար Ասորիներու,Ալեւիներու,
Եւրոպայի Հայերու Համագումար
Գերմանիոյ մասնաճիւղ
22 Յուլիս 2015