Սիրելի հայրենակիցներ,
Ինչեր ըրած պէտք է լըլլայինք’ բայց չըրինք…։
Մեր չըրածներուն ցանկը երկար է…անոնցմէ յիշենք միայն ամենէն կարևորը։
Բ. Աշխարհամարտէն ամիջապէս յետոյ’ ահրաժեշտ էր ստեղծել
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵՆԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ մը ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ով, սփիւռքահայ բոլոր համայնքներու, կուսակցութիւններու, հայ առաքելական, կաթողիկէ և աւետարանական եկեղեցիներու, հայրենակցական, մարզական, կրթական և բարեսիրական կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ գումարուած համագումարով մը։ Մեր հաշուարկումներով’ 1950-ական թուականներուն ստեղծուած ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ մը այսօր կ’ունենար աւելի քան 10 միլիառ տոլարի դրամագլուխ…։
Մեր ամենէն կարևոր չըրածը նշեցինք, ընդգծելու համար պարզապէս մեր ամենէն կարևոր և անմիջական ընելիքը, որ համազգային միասնական ուժով Արցախին օժանդակելու անհրաժեշտութիւնն է։ Յիշենք անընդհատ մէջբերուած’ բայց միշտ անտեսուած Եղիշէ Չարենցին պատգամը. «Հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»։
Արցախի մէջ մեր հայրենասէր մարտիկները իրենց արիւնը կը թափեն հայրենիքի պաշտպանութեան համար։ Մեզմէ պահանջուածը արիւն չէ, այլ նիւթական օժանդակություն միայն։ Չմոռնանք որ նիւթապաշտ այս դարուն, ամենէն կարևոր ուժը դրամն է, որով կարելի է գնել ոչ միայն արդիական զէնք, այլ նաև’ մարդ…։
Այսօր աշխարհի մէջ հայութեան թիւը կը գնահատուի տասը միլիոն։ Եթէ միջին հաշուով, ամէն հայ հարիւր տոլար նուիրէ Արցախին, կը գոյանայ 1,000 միլիոն տոլարի պատկառելի գումար մը։
ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է հանգանակութիւն ի նպաստ Արցախի։ Կոչ կ’ուղղենք իւրաքանչիւր հայու, որպէսզի իր կարելիութեան չափով մասնակցի այս հանգանակութեան։
Ստորև կու տանք հանգանակութեան հետ կապուած ՀԲԸՄ-ի կայքէջը։
www.agbu.org/aid4artsakh կամ [email protected]
Երբ ստացված նուրատուութիւններուն գումարը հասնի 500,000 տոլարի, ՀԲԸՄ-ը անմիջապէս այդ դրամը կը փոխանցէ «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին»։ Ստացուած նուիրատուությունները կը կրկնապատկուին,
պայմանաւ որ անոնք ղրկուին ՀԲԸՄ-ի հաշուին։
Ասատուր Կիւզելեան
Լոնտոն 7 Հոկտեմբեր, 2020