Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ԿՈՉ

July 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայորդիներ,

Հայաստանն ու հայութիւնը կ՛ապրին աննախընթաց ճգնաժամային ու անկիւնադարձային փուլ մը: Արցախի կարեւոր մասի կորուստէն ետք ահաւասիկ ամէն օր Հայաստանի սահմանները ոտնահարելու եւ հողատարածքներ զաւթելու թշնամիին վարքագիծը կը դառնայ տեսանելի փաստ: Անշուշտ տարածաշրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւնները եւ միջպետական ու մեծապետական սակարկութիւնները Արցախը եւ Հայաստանը նկատի կ՛ունենան տկար օղակ: Սակայն այս բոլորէն առաջ եւ բոլորէն անդին զարմանալի՛ն Հայաստանի իշխանութիւններու որդեգրած վարքագիծն է: Հայրենիքի կորուստի համազգային վտանգը հետեւողականօրէն կ՛անտեսուի այս վարչախումբին կողմէ, եւ ան ճիգ չի խնայեր այդ անտեսումի մթնոլորտը խորացնելու հասարակութեան մէջ:

Այսօր մէկ հրամայականի շուրջ միաւորուելու պատմական ու ճակատագրական փուլին դիմաց ենք. ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ Է եւ անոր փրկութիւնը է ու կը մնայ գերխնդիր: Այդ վտանգի յաղթահարումը եւ ոչ թէ անոր հետ համակերպումը պէտք է դառնայ համահայկական հրատապ օրակարգ:

Համակերպումի ընթացքը կասեցնելու ու Հայաստանի իշխանութեանց պառակտումի վարքագիծը մերժելու հաստատական որոշումը անհրաժեշտ է, որ ինքզինք պարտադրէ ամբողջական ու լիիրաւ կերպով մեր համազգային երթին մէջ:

27 յուլիսին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ պիտի նշուի Լիզպոնի գործողութեան 39-ամեակը: Այս առիթով տեղի պիտի ունենայ քայլարշաւ Սիսի շրջանի ՀՅԴ «Ազիրեան» ակումբի դիմացէն մինչեւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Ներկայ փուլին Լիզպոնի հերոս տղոց աքթը եւ առհասարակ սփիւռքի մէջ ծաւալած Հայ դատի հետապնդման աշխատանքները լուսարձակի տակ դնելու իրողութիւնը բազմիմաստ ու այժմէական խոր պատգամներ կը պարփակէ: Աւելի՛ն, Հայ դատի պահանջատիրութեան առաջամարտիկը հանդիսացող լիբանանահայութիւնը յաւելեալ պարտաւորութեան տակ կը գտնուի անցնող տասնամեակներուն ձեռք բերուած նուաճումներու ոտնահարման դիմաց թումբ հանդիսանալու: Հետեւաբար, պահը կը թելադրէ, որ բոլորս միասնաբար` մեծով ու պզտիկով, 27 յուլիսի երեկոյեան մասնակցինք Լիզպոնի նահատակ հերոսներու յիշատակին կազմակերպուած քայլարշաւին եւ ոգեկոչման հանդիսութեան,  վերանորոգենք Հայ դատի աննահանջ պայքարի մեր ուխտը եւ վերաշեշտադրենք լիբանանահայութեան այդ պայքարին նկատմամբ յանձնառութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն քաջ կը գիտակցի, որ բազում փորձութիւններէ անցած ու այդ փորձութիւններուն ճամբով կենսափորձ նուաճած լիբանանահայ համայնքը կը շարունակէ մնալ ազատ, անկախ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի անկեղծ զինուորը եւ այսօրուան արցախեան եւ հայաստանեան տարածքներու ճակատներուն վրայ արձանագրուած պարտութիւնները կը նկատէ ժամանակաւոր ու կը հաւատայ հայութեան յարատեւ կռիւի յաջողութեան:

Վերջապէս, թշնամիներու կողմէ գծուող նոր քարտէսները չեն կրնար իբրեւ ընդունուած իրականութիւն ընկալելի դառնալ հայաշխարհին կողմէ եւ Հայաստանն ու Արցախը պարտութեան առաջնորդած ներկայ իշխանութեան վարչախումբը օր առաջ պարտաւոր է անսալու համայն հայութեան պահանջին, որպէսզի իրերայաջորդ սերունդներու թափած թանկ արիւնն ու քրտինքը յումպէտս չհոսին, եւ հայութիւնը յաջողի վերակերտել իր ազգային արժանապատուութիւնը:

Մեր պահանջատիրական ուխտի վերանորոգման առիթ է 27 յուլիսը, եւ վստահ ենք, որ իւրաքանչիւր հայորդի անմասն պիտի չմնայ այս իրադարձութենէն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Previous Post

Will Western Sanctions Against Russia’s Gold Industry Work?

Next Post

Մանրապատումներ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.