ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան շատ փոքր դրական արդիւնք արձանագրած է «Քորոնա» ժահրի դէմ մղած պայքարին մէջ։ Ան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ նշելով, որ, այնուամենայնիւ, պէտք չէ թուլցնել զգօնութիւնը:
«Հակահամաճարակային կանոնների պահպանման մեր գործողութիւնները պիտի դառնան աւելի հետեւողական` վիրուսի (ժահրի-Խմբ.) տարածման ուժգնութիւնը կոտրելու համար: Միայն դրա շնորհիւ կը կարողանանք էականօրէն նուազեցնել նոր դէպքերը», նշեց Փաշինեան:
Վարչապետը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց՝ շարունակելու հետեւիլ կանոններուն` կրել դիմակներ, պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն եւ պարբերաբար ախտազերծել ձեռքերը:
Մինչ այդ, 21 Յուլիսի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ հաստատուեցաւ «Քորոնա» ժահրի վարակման 273 նոր պարագաներ եւ արձանագրուեցան 12 մահեր։
Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 35.254-ի, ապաքինածներունը՝ 24.206ի, իսկ մահերունը՝ 662-ի։