Դոկտ. Արա Սանճեան
Հետեւէ՛ ֆէյսպուքի հայկական գրառումներուն, որոնք Հայաստանի մէջ քաղաքական ներքին պայքարին մասին են։
Տե՛ս թէ ինչքա՜ն բարեկիրթ է քաղաքական այն խաւը, որ կը տենչայ իր թանկագին աթոռները պահել կամ առաջին անգամ կամ վերստին պատգամաւոր կամ նախարար դառնալ․․․
Տե՛ս թէ ինչքա՜ն յարգալից ու փափկանկատ են անոնց նուիրեալ երկրպագուները՝ իրենց կուռքին հակառակորդներուն եւ վերջիններուս համակիրներուն հանդէպ․․․
Կարդա՛ ընթացիկ քաղաքական հարցերու մասին համալսարանական դասախօսներու, գիտաշխատողներու, փորձագէտներու, լրագրողներու գրութիւններ, ուր սրամիտ երեւելու ցանկութենէն գռեհկաբանութիւն եւ պարզապէս անկրթութիւն նուազ քան մէկ քայլ է․․․
Վերոյիշեալներուն միջոցաւ ծանօթացի՛ր հայոց հազարամեայ, ոսկեղէնիկ լեզուի բառագանձի կարեւոր մէկ մասը մեսրոպեան Աստուածատուր տառերով արտայայտելու անթիւ-անհամար հնարաւորութիւններուն․․․
Ինչքա՜ն աղքատ է հայերէնը, ուր անկարելի է կարծես քննել, քննադատել կամ մտահոգութիւն յայտնել առանց գռեհկանալու․․․
Յ.Գ. Երբ մանուկ էի, շատ այլ տղոց պէս ես բակին մէջ խաղալու ժամանակ լսեր էի արաբերէն բառ մը (անիկա, որ 21 թուանշանին շատ մօտիկ կը հնչուի) եւ առանց իմաստն իմանալու, առաւել եւս՝ առանց նուազագոյն գաղափար ունենալու այդ բառին ֆիզիոլիոկիական դերին ու նշանակութեան մասին, տուն վերադարձիս կրկնեցի։ Մայրս անմիջապէս դիմեց կարմիր պղպեղի փոշի պարունակող պահածոյատուփին։ Միայն իբրեւ սպառնալիք ցոյց տուաւ ու խոստացաւ պղպեղն ինծի համտեսել տալ եթէ այդ բառը կրկնեմ՝ առանց բացատրելու անգամ թէ ինչո՛ւ պէտք չէ օգտագործել այդ «գէշ» բառը։ Հիմա ո՞վ այդ պղպեղի ամանը պէտք է ցոյց տայ մեր քաղաքական գործիչներուն, անոնց հետեւորդներուն ու մեր փորձագէտներուն, կամ ալ մկրատ մը ցոյց տայ անոնց ու սպառնայ կտրել անոնց մատները․․․