Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Կրիօ. «Ֆրանսական-Սէուտական Օժանդակութիւնները Պիտի Չկատարուին Լիբանանեան Պետութեան Միջոցաւ»

December 17, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Grillo: French-Saudi Aid Won’t be Through Lebanese State

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ծոցի երկիրներ կատարած այցելութիւնը եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հանդիպումին արդիւնքները պէտք է լիբանանեան իշխանութիւններուն կողմէ դրական կերպով ընկալուին:

Կրիօ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք է գործադրէ իրմէ պահանջուած բարեկարգումները` կասեցնելու համար տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումը, ինչպէս նաեւ պէտք է հակակշիռի տակ առնէ իր ցամաքային սահմաններն ու կասեցնէ թմրեցուցիչի մաքսանենգումը:

Կրիօ նշեց, որ Լիբանանին տրամադրուելիք ֆրանսական-սէուտական օժանդակութիւնները լիբանանեան պետութեան միջոցաւ պիտի չկատարուին` աւելցնելով, որ այս մէկը սէուտական նախապայման է:

Դեսպանը ընդգծեց, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ լիբանանեան բանակին օժանդակել` աւելցնելով, թէ նախորդ տարուան ընթացքին Ֆրանսա 4 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ սննդեղէն եւ դեղորայք տրամադրած է բանակին:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի զէնքին հանդէպ Ֆրանսայի կեցուածքին` Կրիօ շեշտեց, որ այս իմաստով Փարիզի կեցուածքը յստակ է: «Երկրին գերագոյն ուժը կը պատկանի պետութեան եւ բանակին», ըսաւ ան:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն անդրադառնալով` Կրիօ հաստատեց, որ ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելը պիտի ըլլայ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ իրենց խոստումներուն յանձնառու եւ հաւատարիմ մնալու իսկական քննութիւն մը:

Previous Post

Ուքրանիոյ Լարումը. Կամ` Ո՞վ Պիտի Վճարէ «Պայրաքտար»-ներու Գինը

Next Post

«Տարակարծութիւնները Հարթելէ Առաջ Կառավարութիւնը Նիստի Հրաւիրելը Պիտի Բարդացնէ Հարցերը» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.