ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- Միացեալ Նահանգներու Կրօնական միջազգային ազատութեան յանձնախումբը հրապարակեց 2020ին Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան իրավիճակին մասին զեկուցումը, որուն մէջ կը խօսուի նաեւ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Արցախի պատերազմին վերաբերող կէտեր:
Ըստ յանձնախումբին՝ Ատրպէյճանի մէջ կրօնական ազատութեան կացութիւնը կը շարունակէ մնալ խնդրայարոյց։ Իշխանութիւնները հետաքրքրութիւն չեն ցուցաբերեր զայն վերատեսութեան ենթարկելու հարցին նկատմամբ:
Ըստ զեկուցումին՝ Սեպտեմբեր 2020ին վերսկսած պատերազմին ընթացքին Հայաստան Ատրպէյճանը մեղադրեց Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին դիտմամբ ռմբակոծելու յանցանքով: Զեկուցումը կը մէջբերէ Մարդկային իրաւանց դէտ կազմակերպութեան այն եզրակացութիւնը, ըստ որուն, անիկա դիտաւորեալ յարձակում էր եւ ռազմական յանցագործութիւն: «Անիկա պէտք է հետաքննուի, իսկ մեղաւորները պէտք է ենթարկուին քրէական պատասխանատւուութեան», կւ նշուի յանձնախումբին զեկուցումին մէջ:
Զեկուցումը կ՛ընդգծէ, որ Նոյեմբերին ստորագրուած զինադադարի յայտարարութիւնը մտահոգութիւններ յառաջացուցած է Ատրպէյճանին անցած տարածքներուն մէջ եկեղեցիներու, վանքերու, տապանաքարերու եւ կրօնական ու մշակութային այլ վայրերու պաշտպանութեան վերաբերեալ: Այնտեղ նաեւ կը նշուի, որ Հադրութի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին եւ անոր կից գերեզմաննոցը ենթարկուած են սրբապղծութեան:
Յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕն եւս Նոյեմբերի վերջաւորութեան կոչ ուղղած էր պահպանելու այս տարածքներուն մէջ պատմամշակութային կոթողները եւ առաջարկած առաքելութիւն ուղարկել այնտեղ, սակայն Պաքու կ՛ընդդիմանայ: