ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երէկ, 31 Մայիս 2021-ին, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Ստեփան Ալաջաջեանի (1924-2010) «Չսպիացող վէրք» եռահատոր վէպի վերահրատարակութեան շնորհանդէսը: Հանդիսութիւնը վարեց դեկան Արծրուն Աւագեանը, հրատարակչական մարմնի կողմէ խօսք առաւ Գուրգէն Մելիքեանը, ապա գրականագէտ Սերժ Սրապիոնեանը, հեղինակի դուստր Թերեզա Ալաջաջեանը եւ ուսանողուհի Վարդուհի Բարսեղեանը: Անոնք անդրադարձան հեղինակի արձակին ու մասնաւորաբար «Չսպիացող վէրք» վէպի բովանդակութեան, վիպական յատկանիշներուն, արդիականութեան եւայլն: Լեփ-լեցուն սրահի մը մէջ մէկէ աւելի առումներով յուզիչ հանդիպում մըն էր ասիկա հայ գիրքին եւ գրասէրներուն միջեւ: Այս օրերուն:
Այստեղ՝ իմս պարզապէս ոգեկոչում մը պիտի ըլլայ այն ժամանակին ու միջավայրին, որոնք ենթահողը պիտի դառնային «Եղէգները չխոհարհուեցին» եւ «Չսպիացող վէրք» վէպերուն.
1.- Հալէպն էր ան, ուր ծնաւ Ստեփան Ալաջաջեան ու մեծցաւ: Փոքր Ասիոյ արեւմտեան շրջաններու, Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի աւելի քան 40 շրջաններէն ու քաղաքներէն հասած գաղթականութեան մը արշակաւան մըն էր Հալէպը այդ օրերուն: Կորսուած հայրենիքի կարօտին, զինաթափուած իր հայրենակիցներուն, ցեղասպանուած իր ժողովուրդին ցաւին, երազին ու ապրելու կամքին ծնունդն է Ստեփան Ալաջաջեան ու բնականաբար պիտի ըլլար անոնց կենդանագիրը գրականութեան մէջ: Կարելի՞ է պատկերացնել, որ Խաչիկ Դաշտենցը գրէր իր «Խոդեդան» եւ «Ռանչպարների կանչը», եթէ ինք եւս, գաղթական սասունցի, իր հայրենակիցներուն ունկն ու խիղճը չհանդիսանար:
բ. Ստեփան Ալաջաջեան իր կրթութիւնը ստացաւ Հալէպ, Լեւոն Յ. Լեւոնեանի գլխաւորած Ուսումնասիրաց միութեան համանուն դպրոցական ցանցին մէջ: Մենք յաճախ կը խուսանաւենք սփիւռքահայ մեր գրականութեան եւ արուեստներու մեծութիւններուն սաղմերը փնտռելէ իրենց հիմնական կրթարաններուն մէջ: Լեւոն Յ. Լեւոնեան իր հիմնած ու վարած վարժարաններուն կրցած էր տալ ոչ-կուսակցական, ոչ-հայրենակցական եւ ոչ-յարանուանական բնոյթ: Իրը «Սիրել, եւ ծառայել» ընդհանուր նշանաբանով կրթական, կրօնական ու բարոյական մտահոգութիւններէն վեր` մարդկային մտահոգութիւն մըն էր, «Որովհետեւ ինչ որ կը պակսէր քսանական թուականներու հայ մարդուն` իր մարդ ըլլալու գիտակցութիւնն էր»: Ան անօրինակ նուիրումի ու զոհաբերութեան տիպար մը եղած է: Ստեփան Ալաջաջեանի «Յարգանք նրա երգին« գողտրիկ գրուածքը է ահա այդ դաստիարակին մեծութիւնը վկայող լաւագոյն ապացոյցն է:
գ. Ստեփան Ալաջաջեանի կեանքին մէջ շատ կարեւոր են Ալեփփո քոլէճի մէջ ուսանողութեան իր տարիները, մանաւանդ քոլէճի հայ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուող ու հրատարակուող «Գրասէր» պարբերաթերթը (1942-1952): Ան եղաւ մկրտարանը գեղարուեստական գրականութեան եւ պատմագիտութեան նուիրեալ մեծ փաղանգի մը, ինչպէս Լեւոն Վարդան, Գէորգ Աճէմեան, Անդրանիկ Չելէպեան, Մեսրոպ Գերմանիկեան, Ժիրայր Թեւեքելեան, Սարգիս Խայեան, Գուտցի Պասմաճեան-Միքայէլեան, Ստեփան Ալաջաջեան (Ալաճաճեան), Անդրանիկ Թերզեան, աւետարանական եւ առաքելական եկեղեցական շատ դէմքեր: Ալաջաջեան գրողի գեղարուեստական ըմբռնումներու ենթահողը եւ պատմական եղելութիւններու նկատմամբ ցուցաբերած վաւերականութեան նախանձախնդրութիւնը կու գան այդ մթնոլորտէն:
1946-ին հայրենադարձուած, իսկ 1992-ին Ամերիկա անցած Ստեփան Ալաջաջեանի գրական հսկայ վաստակին ու ազգային անդոհանքին բանալին փնտռել անոր կեանքին առաջին 22 տարիներուն մէջ: