«Գանձասար»ը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 11 Մարտին, Հալէպի բերդին շուրջ, Հալէպի Առեւտուրի պալատի Գործարար կանանց յանձնախումբին կազմակերպած «Կինը եւ ընտանիքը» 10-րդ քառօրեայ ցուցահանդէսը իր աւարտին հասաւ՝ այցելուներու հոծ ներկայութեան:
Յանձնախումբի նախագահ Լինա Աշրաֆիէ յայտնեց, որ նախորդ 4 օրերուն, ցուցահանդէսի այցելուներուն թիւը անցաւ 50,000ը: Ցուցահանդէսը առիթ էր նաեւ իւրաքանչիւր հալէպցի ընտանիքի այցելելու Հին Հալէպ շրջանը եւ Հալէպի բերդը, որոնք հնագիտական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնեն եւ տարիներու ընթացքին դարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ:
Յանձնախումբի անդամ Հուրի Քէօշկէրեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը յարմարագոյն առիթն էր սուրիացի կիներու տաղանդն ու կարողութիւնը յայտնաբերելու: Ան անդրադարձաւ ցուցահանդէսին կողքին կազմակերպուած այլ աշխատանքներու, ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ անվճար տաղաւարի մը գոյութեան, ուր այցելեցին աւելի քան 4000 մանուկներ եւ նահատակներու ընտանիքներու պարգեւատրման:
Այցելուները յայտնեցին, որ ցուցահանդէսը իւրայատուկ էր եւ գունեղ:
Նշենք, որ «Կինը եւ ընտանիքը» 10-րդ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 հալէպահայ գործարար կիներ, ինչպէս նաեւ ՍՕԽի (Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի) Ձեռարուեստի եւ Աշխատանոցի յաձնախումբերը, որոնք «Նախշատուն» անունը կրող տաղավար մը ստանձնեցին, իսկ «Փեթակ» խոհանոցը ներկայացաւ իր առաձին տաղաւարով: Ցուցահանդէսի աւարտին, կազմակերպիչ մարմինը յատուկ գնահատագիրներով պարգեւատրեց մասնակիցները: