Յակոբ Չոլաքեան
Կան մարդիկ, որ «ելել են շալակն աշխարհի», թող ուրիշներ իրենց հոգը քաշեն, կան ուրիշներ, «որ աշխարհն են շալակած տանում» (ՊՍ). այդպէս է կարգն աշխարհի. մարդիկ ալ կան՝ որ ո՛չ ուրիշի բեռ են, ո՛չ ալ բեռ ունին ուսերնուն. երկու ոտքը պաղ ջուրին մէջ դրած՝ խաղաղ ու անտարբեր կը դիտեն իրենց շուրջը: «Մարդիկ կու գան, մարդիկ կ’երթան, /Կիկո կամուրջին վրայ է. /Շոգենաւը տիւթ կ’ընէ կ’երթայ:/Կիկօ կամուրջին վրայ է» (Զահրատ):
Դաստիարակութի՞ւնը, թէ մարդու տեսակն է, որ կ’որոշէ այս թէ այն վարքագիծը: Չեմ գիտեր, բայց ես կը ճանչնամ մարդիկ, որոնք իրենց օրաւուր հացի ու շահու կողքին, ու հաւանաբար անոնցմէ աւելի՝ կը զբաղին «անշահ» գործերով: Բաներ որ ո՛չ կը վաճառուին, ո՛չ կը ցուցադրուին պարահանդէսներուն, ոչ ալ տիտղոս կը բերեն:
Ահա աչքիս առջեւ կու գայ Նոր գիւղի նպարավաճառ Խորէն Փիլաւճեանը, որ առեւտուր ընելէ աւելի՝ կը հաւաքէր արխիւային նիւթեր՝ նամակներ, նկարներ, մեծերու մասունքներ, նոյնիսկ տոմսեր. մեծ արխիւ ունէր: Իր հարստութիւնը ատիկա կը նկատէր:
– Կը տեսնե՞ս, Յակոբ,- կ’ըսէր,- Հալէպի մէջ 1910-ին մարդիկ Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը կը ներկայացնեն:
Անշուշտ կը հաւատայի, ի վերջոյ նամակը կար. կար մանաւանդ ինք՝ նպարավաճառ Խորէնը, որ Զաւարեան թատերախումբի բեմի աստղերէն մէկն էր…:
Այդպէս էր այդ սերունդը, նախակրթարան մը աւարտած թէ ոչ, նպարավաճառ թէ արհեստաւոր, դերասան թէ հոգաբարձու, բժիշկ թէ մեքենագէտ, բայց հայկական ամեն մէկ արժէքի վրայ մասունքի պէս գուրգուրացող սերունդ:
Մանուէլ Մարգէեանը կը յիշեմ, որ Հալէպի փողոցներուն մէջ, շատ անգամ մեքինիստի իր խալաթը վրան, տունէ տուն եւ խանութէ խանութ հայ մամուլի օրինակներ կը փնտռէր, կ’ամբողջացնէր, կը կազմէր ու Հէօլլիկի իր տունը վերածած էր հայ մամուլի հսկայ շտեմարանի:
Ռուբէն Պարսումեանը կը յիշեմ, որ հայրերէն մնացած արհեստով զբաղելով` պղնձագործութեան ընտիր հաւաքածոյ ունէր:
Տոքթ. Ճեպէճեանը կը յիշեմ, որուն մատնահետքերը կը կրեն Երեւանի շատ թանգարաններուն ու Մատենադարանին մէջ յաւիտենականօրէն պահ դրուած նիւթերը:
Մարդիկ առասպելներ կը պատմէին մշակութային գանձեր յայտնաբերող, գնող, Մատենադարան հասցնող Վարուժան Սալաթեանի մասին, զոր չեմ ճանչցած:
Ո՛ր մէկը յիշես:
Եթէ այդ հաւաքորդները չըլլային ՝ արուեստաբան Հրազդան Թոքմաճեանը ի՞նչպէս պիտի կազմէր Այնթապի, Մարաշի եւ Ուրֆայի ասեղնագործութեան իր հրաշագեղ ալպոմները:
Ու տակաւին՝ մեզմէ կրտսերները՝ Միհրան Մինասեանը, որ դեռ տղայ օրերէն հայկական մասունքներուն՝ ձեռագիր, հնատիպ գիրք, պղնձեղէն եւ այլն, գիտակ հաւաքորդի համբաւ ձեռք բերաւ…:
Ամեն տեղ հաւաքորդներ կան, բայց Հալէպի հաւաքորդները ուրիշ էին: Այս մարդիկ այսպէս էին. իրենց հաւաքած ու տնտեսած միջոցներով ձեռք անցուցած կ’ըլլային մեր անցեալէն պատառիկ մը, մասունք մը ու դարձուցած կ՛ըլլային իրենց էութեան մէկ մասը: Ո՛չ հնավաճառութիւն էր իրենց նպատակը, ո՛չ ալ ուրիշ փառասիրութիւն մը, այլ մեր անցեալէն մասունք մը փրկած ըլլալու լուռ գոհունակութիւն մը:
Ու կը մտածեմ, թէ ամեն տեղ կարելի է գտնել հայկական արժէք մը, բայց վաղը պիտի գտնուի՞ն արդեօք այսպիսի «անշահ» բաներով ներքին հարստութիւն ամբարող մարդիկ, ո՜վ գիտէ: