Լեւոն Շառոյեան
Հալէպի «Ճէպէճեան ակնաբուժարան»-ը հանրածանօթ հաստատութիւն մըն է քաղաքին մէջ, տասնամեակներէ իվեր:
Սէպիլ թաղամասի զարդերէն մէկը: Ողբացեալ ակնաբոյժ տոքթ. Ռոպեր Ճէպէճեան զայն հիմնեց ու ղեկավարեց երկա՜ր տարիներ, ձեռնհասօրէն: Այնտեղ մարզուեցան ու իրենց ասպարէզը կիրարկեցին հայ թէ արաբ մեծաթիւ նորահաս բժիշկներ:
Քիչեր սակայն տեղեակ են, թէ նոյն ակնաբուժարանին վերի յարկը վերածուած էր…հանրային գրադարանի: Բժ. Ճէպէճեանի անձնական ջանքերով ,- եւ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ տիկնոջ,- այդ եզակի մատենադարանը վերածուած էր հայ մամուլի հաւաքածոներու եզակի շտեմարանի մը: Հոն կրնայիք գտնել սուրիահայ գրեթէ բոլոր թերթերու հաւաքածոները՝ սկսեալ «Եփրատ»էն ու «Արեւելք»էն, մինչեւ «Սուրիա» օրաթերթ ու «Նայիրի» ամսագիր, «Բուրաստան» ու «Հայ ծերանոց»: Արտասահմանեան մամուլէն՝ «Զարթօնք» օրաթերթ, «Հասկ», «Սիոն», «Հայաստանի կոչնակ», «Երիտասարդ հայուհի», Հայաստանէն՝ «Էջմիածին», «Գարուն», «Պատմա-բանասիրական հանդէս», «Սովետական գրականութիւն» եւ այլն, եւ այլն:
Իմ դպրոցական տարիներուն, մանաւանդ ամռան եղանակին, ամէնօրեայ այցելուն էի այս գրադարանին: Գրադարանավար Հայկ Պարիկեանէն կը պահեմ թանկագին յուշեր եւ յիշատակներ: