Հայաստանի միջազգային հանրութիւնը՝ յանձինս ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ,Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանութիւններուն, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի երեւանեան գրասենակի, Երկուշաբթի, 11 Դեկտեմբեր 2017-ին կայացած Համընդհանուր Իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան ընթացքին իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու, խօսքի ազատութեան, բազմազանութեան, կրօնական հանդուրժողութեան, ժողովրդավարութեան, թափանցիկութեան, իրաւական բարեփոխումներու եւ հաւասար կարելիութիւններու խթանման համար անխոնջ աշխատանք կատարած անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն:
Համընդհանուր Իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան «Խիզախ Կին» մրցանակը շնորհուեցաւ «Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ տիկին Անի Պալըխեանին՝ ի երախտագիտութիւն տիկին Պալըխեանի կողմէ նախաձեռնուած մարդասիրական ծրագիրներուն, մասնաւորապէս «Կեանք մը Փրկել» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ կը մտնէ Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով Սուրիոյ մէջ ծանր կացութեան մատնուած սուրիահայերուն դէպի Հայաստան՝մէկ ուղղութեամբ ինքնաթիռի տոմս ապահովելը:
Տիկին Անի Պալըխեանին մրցանակը յանձնեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան(ՄԱԿ) ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթօն: Իր խօսքին մէջ, պարոն Պուզեթօ նշեց՝ .«Ճգնաժամերու եւ զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին ալ աւելի վտանգի կը մատնուին մարդու իրաւունքները եւ ճիշդ այս ժամանակամիջոցին է, երբ ի յայտ կու գան այն քիչերը, որոնք խիզախութիւն ունին օգնելու շուրջիններուն, երբ վտանգուած է իրենց սեփական կեանքը: Տիկին Անի Պալըխեան այն քիչերէն էր, որ առանց վարանելու յանձն առաւ մարդկային կեանքեր փրկելու առաքելութիւնը՝ օգնելով շատերուն դուրս գալ վտանգէն, ապա՝ Հայաստանի մէջ, երբ կը շարունակէ օգնել Սուրիայէն տեղահանուած ընտանիքներուն: Պատիւ ունիմ տիկին Անի Պալըխեանին յանձելու «Խիզախ Կին» մրցանակը՝ մարդասիրական առաքելութեան, մարդկային կեանքեր փրկելու եւ փախստակններու պաշտպանութիւնը յառաջ մղելու իր բացառիկ նուիրուածութեան եւ Սուրիայէն տեղահանուած ընտանիքներուն հոգատարութեան եւ պաշտպանութեան ուղղուած անոր խիզախ քայլերուն համար»:
Իր կարգին, Տիկին Անի Պալըխեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին եւ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն՝ մրցանակը շնորհելու, Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման շուրջ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու համար:
Տիկին Անի Պալըխեան նշեց, թէ մրցանակը կը պատկանի Ռաքել Նատճարեանին, Դալար Չոլաքեանին, Գարմէն Կիւլպենկեանին, Մարալ Գարագաշեանին, Թեքսասի (Միացեալ Նահանգներ) Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդին՝ Վրէժ Քոլանտճեանի ղեկավարութեանբ եւ Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ Հիմնադրամին, որովհետեւ այս բարերարներուն եւ կառոյցներուն շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ հանգանակել գումար՝ «Կեանք մը Փրկել» ծրագիրը կեանքի կոչելու նպատակով, ինչպէս նաեւ«Հալէպ» Բարեսիրական Հասարակական Կազմակերպութեան կամաւորներուն եւ անձնակազմին՝ նուիրական աշխատանքի համար:
Տիկին Անի Պալըխեան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթոֆ Պիէրվիրտին եւ ՄԱԿ-ի արտաքին կապերու համակարգող Անահիտ Հայրապետեանին՝ Հայաստան գտնուող սուրիացի փախստականներուն անդադար աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:
Եւ վերջապէս, տիկին Անի Պալըխեան շնորհաւորելով մրցանակակիրները՝ մաղթեց որ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ արդարութիւն տիրէ աշխարհին, Սուրիոյ մէջ հաստատուի վերջնական խաղաղութիւն:
Համընդհանուր Իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան ընթացքին «Արդարութեան եւ Թափանցիկութեան Խթանում» մրցանակը յանձնուեցա «Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան եւ ծրագրերու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանին: «Կառավարութեան Բարեփոխիչ» մրցանակը շնորհուեցաւ Հայաստանի մէջ դատաիրաւական բարեփոխումներու իրականացման գործընթացէն ներս զգալի ներդրում ունեցած Վիգէն Քոչարեանին, «Մետիա Գերազանցութիւն» մրցանակը՝ «Մետիալապ» խմբագրութեան եւ աշխատակազմին, «Ազատութեան Պաշտպան» մրցանակը՝ Իզապելլա Սարգսեանին: