ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Տասը տարի առաջ, 2012 Նոյեմբերին հրատարակուած յօդուածէ մը կը տեղադրեմ այս հատուածը, իբրեւ շարունակութիւնը նախորդին՝ «կեդրոնացումով գործելու ոճ»ին: Ընթերցողը կը դատէ ու կ’եզրակացնէ, թէ ախտանշուածը բարեփոխուա՞ծ է կամ աւելի շեշտուած:
2.- Հակակշռի Բացակայութիւն.
Ցաւոտ խնդիր մըն է նաեւ հակակշռի բացակայութիւնը, որ շաղկապուած ըլլալով կեդրոնացումով գործելու ոճին, մէկը միւսին պատճառ-հետեւանքը կարելի է համարել :
Հայաստանի «ժողովրդավարացում»էն քսանամեակ մը ետք (Այս յօդուածին հրատարակուած թուականը նկատի ունենալ) տակաւին չէ նուաճուած այն հանգրուանը, ուր ձեւաւորուէր ազդու հանրային կարծիք, որ ներգործութիւն եւ հակակշիռ ունենար կառավարութեան գործունէութեան վրայ : Ասիկա հաստատում մըն է, որու հետեւանքով իշխանութիւնը ինքզինք կը վերարտադրէ առաջին օրէն մինչեւ հիմա , հակառակ շարունակուող պաշտօններու չարաշահումին , ակնյայտօրէն իշխանաւորներու ապօրէն հարստացման , քաղաքացիներու իրաւունքներու անտեսման : Ինքնարտադրման երեւոյթը կը թուի, թէ տարածուած է նաեւ գործող կուսակցութեանց վրայ : Երկրին մէջ խօսքի յարաբերական ազատութիւնը նոր նուաճում մը չէ : Անիկա որոշ չափով կար կլասնոստի եւ բերեսթրոյիքայի օրերէն…: Գլխաւոր խնդիրը քաղաքացիական հասարակութեան կամքի արտայայտութիւնն է, որ ժամանակին կը խափանուէր խստագոյն օրէնքներով, այսօր կը խափանուի նրբացած միջոցներով, պետական լծակներու օգտագործումով, խարդաւանանքով ու կաշառքով, ի հարկին՝ սպառնալիքով ու Մարտի 1-եան ոճով…: ( Յիշենք , որ Լ.Տ.Պետրոսեան բ. Նստաշրջանի համար հակառակ վերընտրուած չըլլալուն, բռնութեամբ նախագահ դարձաւ եւ այդպէս ըլլալը յայտարարուեցաւ նաեւ : Աւելցնենք. որ հետագային, 1998-ին անոր պաշտօնանկութիւնը ներքին «պալատական» յեղաշրջում էր եւ ոչ թէ ժողովրդային ճնշումի արդիւնք ) :
Հակակշռի բացակայութիւնը նաեւ տխուր իրականութիւն է սփիւռքի մէջ, ուր ոչ միայն «մարմինս տկար է, այլ նաեւ… հոգիս յօժար չէ» :
Լոյսի արագութեամբ յատկանշուող հաղորդակցութեան ներկայ միջոցներուն դիմաց, մեր ունեցածը հազիւ թէ կը ներկայացնէ…«Աղքատ Ղազարոսի» պատկերը : Վերապրումի հոգեվարքի մէջ՝ հոս-հոն քանի մը թերթեր. մատներով համրուող պարբերականներ . տեղ-տեղ ռատիոկայաններ . հազուադէպօրէն հեռատեսիլի ժամեր: (մարմինս տկար է) : Կասկած չկայ , որ այդ «տկար մարմնով» կը կատարուի երախտապարտ գործ : Մամուլը արձագանգը կը տարածէ գաղութային աշխուժութիւններուն եւ յօդուածագրութիւններով ընթերցողներուն ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ ազգային , քաղաքական ու ընկերային խնդիրներու վրայ : Պարբերականները կը փորձեն վառ պահել գեղարուեստական գրականութեան կայծը , իսկ ձայնասփիւռը հայերգի թրթռացումով կը յուզէ ունկնդիրները : Բայց այնպէս կը թուի , որ անոնք զրկուած են հանրային կեանքի վրայ հակակշիռ բանեցնելու փորձէն եւ ղեկավարութեան խոտորումներուն անդրադառնալու իրաւունքէն, ինչ որ լիարժէք պիտի դարձնէր անոնց դերն ու առաքելութիւնը : Ընդհակառակն . հակակշիռ բանեցնելու դերով հանրային կարծիք ձեւաւորելու փոխարէն, երբեմն, բացայայտօրէն իրենց սրինգը կը լարեն զիրենք հովանաւորողներու թելադրած նուագին համար : Անոնց մօտ արտօնուած չեն տարբեր ու հակադիր տեսակէտներու արձագանգումը, բախումը, որոնք կը բիւրեղացնեն ընդունելի ուղղութիւնը : (հոգիս յօժար չէ) : Հասած ենք տեղ մը, ուր անգոյ է հանրային կարծիք ըսուածը, որ կը նկատուի մղիչը, նպատակներու իրագործման գլխաւոր լծակներէն մէկը, եթէ ոչ գլխաւորը : Եթէ պատահի իսկ, որ համացանցային արդի միջոցներով կամ այլ ձեւերով կարելի ըլլայ կարծիք ձեւաւորել հանրային կեանքի գոյավիճակին կամ գործունէութեան այս կամ այն ընթացքին դէմ , միեւնոյնն է , անիկա պարզապէս պիտի անտեսուի, եթէ անոր դէմ հալածանք չշղթայազերծուի : Ասիկա պատճառ-հետեւանքներէն մէկն է ղեկավարման փակ շրջանակի, որու մէջ խրած ենք ու սպառած մենք զմեզ : Արտաքին հակակշիռ չհանդուրժելու հոգեբանութիւնը հետզհետէ վերածուած է մտայնութեան այն աստիճան, որ չքացուցած է նոյնիսկ ներքին հակակշիռը : Հարցական է, թէ ինչ արդիւնք կրնայ տալ անհակակշիռ ու փակ ղեկավարութեամբ որեւէ գործունէութիւն : Բայց անպայման անիկա ղեկավարութեան մօտ կը մատնէ անապահովութեան զգացում, ինքնավստահութեան պակաս , իսկ շրջապատին կը պատճառէ հիասթափութիւն ու անտարբերութիւն …:
Յամենայնդէպս.
Հանրային կեանքի մասին որեւէ դատում վիճարկելի է անշուշտ եւ չի կրնար բացարձակին դրոշմը կրել : Այնպէս որ, մակերեսայնօրէն տեսնուած ու մտածուած եւ դիւրութեամբ
արձանագրուած վերի նշումները հակառակ իրենց պարզութեան ու անմեղ դրուածքին, թերեւս կուտակած ունին մեզի անծանօթ բազմաթիւ այլ բարդութիւններ ու ներգործող հակադարձ սերմեր : Բայց խնդիրն այն է, որ այս ու նման հարցեր համապարփակ ուսումնասիրութեան առարկայ կը դառնա՞ն :
Կը կասկածինք… :
Նոյեմբեր, 2012, Աթէնք