ԵՐԵՒԱՆ.- 19 Օգոստոսին Երեւանի մէջ բոլորին ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացաւ Ամուլսարի հանքավայրի հարցը, որուն առիթով կայացաւ հանդիպում՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպուեցան ցոյցեր, իսկ օրուան աւարտին վարչապետը յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ թոյլ տալ շահագործել Ամուլսարի հանքը:
19 Օգոստոսի առաւօտուն, մինչ նախագահական նստավայրին մէջ տեղի կ՛ունենար Փաշինեանի հրաւիրած հանդիպումը՝ Ամուլսարի շահագործման հարցով, դարպասներուն միւս կողմը հանքի շահագործման դէմ ցոյց կը կատարէին խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք քալելով Ազատութեան հրապարակէն դէպի Բաղրամեան 26 հասան, ինչպէս նաեւ՝ Ջերմուկէն ինքնաշարժներու երթով՝ Երեւան: Քասքատի յարակից տարածքին մէջ եւս խումբ մը կիներ մանկասայլակներով ցոյց կը կատարէին՝ ընդդէմ Ամուլսարի հանքի շահագործման:
Փաշինեանին հետ փակ հանդիպումին մասնակցեցան կառավարութեան անդամներ, շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, Ջերմուկ համայնքի աւագանիի անդամները, շրջանի համայնքներու բնակիչներ, կր-թական եւ առողջարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բնապահպաններ: Կառավարութեան հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ վարչապետը ներկայացուց Ամուլսարի հանքի ծրագիրին առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ իրականացուած աշխատանքները, անդրադարձաւ միջազգային փորձաքննութեան եզրակացութեան եւ անոր առնչուող վերլուծումին:
Աւելի ուշ, «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակին մէջ կայացաւ հանդիպում Փաշինեանի եւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներուն միջեւ։
Քննարկումէն երկու ժամ ետք վարչապետի մամլոյ խօսնակ Վլադիմիր Կարապետեան լրագրողներու հետ զրուցելով նշեց, որ վարչապետը ըսած է, թէ ներկայիս չկան հիմքեր, որ «Լիդիան»ը դադրեցնէ հանքի շահագործումը: Պատասխանելով այն հարցումին, որ բնապահպանները չեն հաւատար կատարուած փորձաքննութեան արդիւնքներուն, արդեօք նոր քննութիւն պիտի կատարո՞ւի՝ Կարապետեան ըսաւ, որ ներկայիս ատոր կարիքը չկայ։
Մինչ այդ խումբ մը քաղաքացիներ, բնապահպաններ ուզեցին մտնել Ազգային ժողով եւ քննարկում կատարել Ամուլսարի նիւթով. կացութիւնը հետզհետէ լարուեցաւ, եւ ոստիկանները դարպասները փակեցին ցուցարարներուն դիմաց, անկէ ետք ոստիկաններուն ու ցուցարարներու միջեւ հրմշտուք տեղի ունեցաւ, ցուցարարները գետին նստան ու փակեցին ճամբան. ճամբան բանալու փորձի ատեն լարուած վիճակը սրեցաւ, եւ 6 ցուցարարներ ձերբակալուեցան՝ ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարելու յանցանքով։ «Սա ո՛չ միայն Ջերմուկի, այլեւ ամբողջ Հայաստանի խնդիրն է, սա համաժողովրդական խնդիր է: Այս ամէնն արւում է հայ ժողովրդի համար», պոռացին ցուցարարները։
Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ջերմուկցիները ըսին, որ եթէ Ամուլսարի խնդրին լուծում չտրուի, կառավարութիւնը որոշէ, որ հանքը պիտի շահագործուի, իրենք պիտի չնահանջեն ու պիտի փակեն բոլոր ճամբաները։ «Եթէ Նիկոլը մերժեց Սերժին, ուրեմն պէտք է մերժի Սերժի կողմից եկած բոլոր բացասական ծրագրերը», ըսաւ ցուցարարներէն մէկը:
«Իմ ընտանիքի անդամներով՝ 14 հոգի, եկել ենք այստեղ, որ պաշտպանենք մեր սարը, որ մեր էրեխեքը մաքուր օդ շնչեն. չենք թողնելու, որ մեր սարը քանդեն: Մենք մինչեւ վերջ պայքարելու ենք մեր հողի, մեր սարի համար: Մեր ոսկին պիտի տանեն, իսկ դրա դիմաց մեր ջուրն է պղտորուելու, իսկ Ռուսաստանում 1 լիտր հանքային ջուրը հաւասար է 1,5 լիտր բենզինի», ըսաւ բնակիչներէն մէկը։
Երեկոյեան, վարչապետ Փաշինեան շուրջ 1 ժամ 17 վայրկեան տեւած ֆեյսպուքեան ուղիղ հեռարձակման աւարտին յայտարարեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ շարունակել հանքին շահագործումը։
«Մեր կառավարութեան, պետութեան, ժողովրդի, երկրի շահերից է, որ մենք լեգիտիմ (օրինական, Խմբ.), մեր կողմից առաջադրուած պայմանը եւ ժողովրդի վստահութեան քուէն ստացած պայմանը բաւարարենք այսինքն՝ հնարաւորութիւն տանք, որպէսզի Ամուլսարի հանքը շահագործուի», յայտնեց Փաշինեան՝ նշելով, որ այդ եզրակացութեան հասաւ ներկայ դրութեամբ իր մօտ առկայ տեղեկատուութեամբ:
Հեռարձակման ընթացքին, ներկայացնելով Ամուլսարի ոսկիի հանքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին ողջ նախապատմութիւնը, իրեն ներկայացուած փաստերը, փորձագիտական գնահատականները եւ յիշեցնելով նախապէս կատարած իր յայտարարութիւնները եւ տուած գնահատականները, Փաշինեան վստահեցուց, որ այս պահուան դրութեամբ կառավարութեան ունեցած տեղեկատուութիւնը յստակ է՝ հանքի շահագործումը չի վնասեր Սեւանին եւ Ջերմուկին: «Եւ ասում եմ՝ չվնասել ասելով նկատի չունենք, որ՝ 10 լիտր ջուր աղտոտուած պէտք է լցուէր Սեւանի մէջ, գոնէ ընենց անենք, որ 1-1,5 լիտր կամ 20 գրամ լցուի: Ոչ մի լիտր աղտոտուած ջուր: Եւ աղտոտուածութեան բնապահպանական ամենաբարձր ստանդարտներով (չափանիշ, Խմբ.) պէտք է աշխատի: Եւ մեր եզրակացութիւնը, մեր ընթացակարգերով եզրակացութիւնը այսպիսին է», նշեց վարչապետը:
«Եթէ տեսականօրէն ի յայտ կը գայ տեղեկատուութիւն, որը իմ այս գնահատականը գլխիվայր կը շրջի՝ ես ոչ մի բանով կաշկանդուած չեմ», աւելցուց ան:
«Ամուլսարի հանքն այս պայմաններով շահագործման դէպքում շահագործուելու է Հայաստանի համար աննախադէպ բնապահպանական ստանդարտներով (չափանիշներով-Խմբ.): Մենք բերում ենք աննախադէպ բարձր բնապահպանական ստանդարտի, որոնք Հայաստանի Հանրապետութիւնում մինչ այս երբեք չեն կիրառուել: Երբ Ամուլսարի հանքը շահագործուի այդպիսի բնապահպանական ստանդարտներով, այդ ժամանակ մեզ համար ակնյայտ է լինելու, որ մինչ այժմ գործող մետաղական հանքերի շահագործման որակը ցածր է, հիմա այս պայմաններում կառավարութիւնը պէտք է գնայ ցածր մակարդակում գտնուող հանքերին ասի, որ պէտք է իրենց ստանդարտները հաւասարեցնեն նոր նշաձողին: Սա քաղաքական պարտաւորութիւն է: Հիմա այն ընկերութիւնները, որոնք ցածր մակարդակում են, պէտք է տասնեակ միլիոնաւոր դոլարներ ծախսեն վեր բարձրանալու համար, եւ ՀՀ կառավարութիւնն ունի լծակներ, այդ ընկերութիւններին պարտադրելու համար», ըսաւ վարչապետը:
Ըստ անոր՝ Ամուլսարի հանքը պիտի փակուի, եթէ պարզուի, որ անիկա վնաս կը հասցնէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն եւ բնութեան այլ տարրերուն։ «Եթէ այս ամէնի արդիւնքում պարզուեց, որ Սեւանայ լճի հետ կապուած սպառնալիքներ կան, Ջերմուկի ջրերի հետ կապուած սպառնալիքներ կան եւ այլն, բացառուած է, որ այդ հանքը շահագործուի, ուղղակի կը փակենք եւ չենք քննարկելու, որովհետեւ սա մեր ազգային անվտանգութեան հարցն է», ըսաւ վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ եթերի ընթացքին մէջբերեց Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեանի յայտարարութիւնը, որուն համաձայն, Ամուլսարի շահագործումը պիտի չվնասէ Սեւանայ լիճին, Ջերմուկի ջուրերուն, Դարբ, Արփի եւ Որոտան գետերուն: