Ֆրանսական «Ֆրանցե Պլէօ» (France Bleu) կայքը անդրադարձած է Սթրազպուրկի մէջ անօթեւան հայ ընտանիքներու հարցին: Կայքը կը գրէ, թէ հակառակ անոր որ եղանակը ցուրտ է եւ ձիւն ալ եկած է, հայ ընտանիքները՝ տասնեակ երեխաներու հետ, կը քնանան Սթրազպուրկի փողոցները:
Ըստ «Փանորամա»ի՝ քաղաքապետարանին կողմէ բացուած են արտակարգ կեցավայրեր, սակայն տեղերը բաւարար չեն:
«Հինգ հայ ընտանիքներ՝ 15 երեխաներով կը քնանան Սթրազպուրկի փողոցները կամ ինքնաշարժներու մէջ, Դեկտեմբերի սկիզբէն: 3-4 տարի է ի վեր Ֆրանսայի մէջ կ՛ուսանին երեխաներ, որոնց մէջ են Մէյնոյի քոլէճի 3 աշակերտներ: Անոնցմէ մի քանի հոգին հիւրընկալած է ուսուցիչներէն մէկը», կը գրէ «Ֆրանցե Պլէօ»ն:
Քաղաքապետարանի արտակարգ կեցավայրին մէջ տեղ ստանալու համար, անհրաժեշտ է հեռաձայնել 115 թիւին, սակայն տեղ չըլլալուն պատճառով զանոնք կը մերժեն:
13 տարեկան Գագիկը ամէն օր կը հեռաձայնէ 115՝ յայտնելով, որ ձմեռ է, ձիւն կու գայ, իրենք դուրսն են, սակայն ապարդիւն:
«Ամրան մենք վրանի տակ կը մնայինք, իսկ հիմա ինքնաշարժին մէջ: Մենք ինքնաշարժը աշխատած կը ձգենք գրեթէ ամբողջ գիշերը, որ տաք ըլլայ, բայց այսպէս ալ պէտք է վճարենք տիզելի համար: Դժուար է նաեւ ինքնաշարժին մէջ դաս պատրաստելը», կ՛ըսէ Գագիկը, որ դասարանի լաւագոյն աշակերտներէն մէկն է:
Կը նշուի, որ կը նախատեսուի ձմրան օրերուն բանալ արտակարգ կեցավայրի եւս 264 տեղ, որ պիտի գործէ մինչեւ 31 Մարտ 2018, որ պիտի աւելցուի Պա-Ռենի (Bas-Rhin) 8476 կեցավայրերու կողքին: