Լիբանան կը շարունակէ տապլտկիլ իր սաստկացող քաղաքական, տնտեսական թէ կենցաղային ապրուստի տագնապներուն մէջ: Քաղաքացիները դժգոհ ու անյոյս են եւ թերահաւատութեամբ կը հետեւին խոստմնալից որեւէ քայլի` սպասելով անոր գործնապէս իրականացման: Ու անոնք մասամբ իրաւացի են` հարցերու հեզասահ կերպով դիւրացման ու լուծման բանալի նկատուող` լիբանանեան թղթոսկիի շարունակուող գահավիժումին ակնարկելով: Կրթական վերամուտի, ձմրան փոթորիկներու, սննդեղէնի, փոխադրածախսի եւ վառելանիւթի յարաճուն սղաճին ու յարակից հետեւանքներու ամէնօրեայ թոհուբոհին մէջ, քաղաքացիները կ՛ապրին օրը-օրին` ամէն առաւօտ փառք տալով, որ տակաւին ողջ են: Տակաւին չենք խօսիր առողջապահական եւ ապահովական մահասփիւռ փորձանքներուն մասին, որոնք յաճախակիօրէն կը կրկնուին, տասնամեակներէ ի վեր այս հայրենիքին կառչած քաղաքացիները նոյնիսկ մղելով արտասահմանեան այլ տեղ ապահով երդիք փնտռելու եւ արտագաղթելու: Փաստօրէն, թէեւ այսօր նախատեսուած երթեւեկի վարորդներու ընդհանուր գործադուլը «մետասաներորդ պահուն» առկախուեցաւ, այսուհանդերձ տակաւին կան վարորդներ, որոնք վճռած են շարունակել իրենց բողոքի ելոյթը սպասելով գործնական արդիւնքներու:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ամէնօրեայ հերթականութեամբ կը հետեւի քաղաքացիներու հրատապ հարցերու լուծման գծով տարուող ճիգերուն եւ լուսարձակէ հեռու անհրաժեշտ ցուցմունքներ կը կատարէ: Ան վճռած է տասնամեակներէ ի վեր երկիրը եւ յատկապէս անոր տնտեսութիւնը ջլատող փտածութիւնը արմատախիլ ընել կամ առնուազն անոր շարունակումը կասեցնել: Հոսկէ` նախագահ Աունի յամառ կեցուածքը իրաւական հաշուեքննութեան կայացման գծով, որ ի վերջոյ մեկնարկեց վերջերս` «Ալվարեզ եւ Մարսըլ» ընկերութեանց հսկողութեամբ:
Նմանապէս վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ աշխատանքային սերտ նիստեր գումարեց տնտեսական, աշխատաւորական թէ ճարտարարուեստի մարզերու պատկան նախարարներուն եւ պատասխանատուներուն հետ, լիայոյս խոստումներով եւ առաջադրանքներով խթանեց պատկան մարմինները` հաւատքով ու լաւատեսութեամբ համբերելու եւ աշխատելու ի սպաս հայրենիքի բարգաւաճման: Վարչապետի այս ճիգերուն արգասիքն էր, օրինակ, առկախումը երթեւեկի մարզին մէջ այսօր նախատեսուած բողոքի ելոյթներուն, որոնք «խոստացուած» ճամբաներու փակումով եւ հաւանական միջադէպերով ահռելի խճողումի կողքին նաեւ կրնար առաւել յոռետեսութեան մղել առանց այդ ալ ընդվզած քաղաքացիները:
Նոյնքան յուսադրիչ քայլ մըն էր վարչապետին եւ ճարտարարուեստի նախարարին ու պատկան պատասխանատուներուն միջեւ երէկ գումարուած աշխատանքային նիստը, որ լաւատեսութեան ներշնչումէ անդին, տրուած խոստմնալից յոյսերով ու հարցերուն լուրջ հետեւութեամբ` մտահոգ պատասխանատուները կը խթանէ իրենց կարգին առաւել խանդավառութեամբ լծուելու աշխատանքի` մեկնելով երկրի վարիչներու ցուցաբերած լուծման ձեռնարկելու գծով ճիգ չխնայելու անոնց նախանձախնդրութենէն:
Նաեւ` Քաղաքական Առումով
Խոստմնալից մէկ այլ ազդակ է արտաքին, արաբական թէ օտար պետութեանց քաղաքական եւ ինչու չէ նաեւ տնտեսական զօրակցութիւնը: Արդարեւ, Իրաքէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն եւ Եգիպտոսէն ետք, երէկ երեկոյեան Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց փոխնախագահ, վարչապետ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ Պըն Ռաշետ Ալ Մաքթումի կողմէ նախագահ Աունին ղրկուած է հրաւէր մը` այցելելու նշեալ երկիրը, ներկայ գտնուելու «Էքսփօ Տուպայ 2020» ցուցադրութեան եւ Լիբանանի ազգային օրուան նշումին, որ տեղի պիտի ունենայ անկախութեան տօնի վաղորդայնին` 23 նոյեմբեր 2021-ին: Շէյխ Ալ Մաքթում այս առիթով կը վերահաստատէր Լիբանանի օժանդակութեան գծով իր երկրին պատրաստակամութիւնն ու զօրակցութիւնը, ինչպէս հաստատեց հրաւէրը յանձնած զբօսաշրջութեան նախարար Նասեր Եասին:
Նմանապէս ուշագրաւ էր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի երէկ` երեքշաբթի 26 հոկտեմբեր 2021-ին ձեռնարկած «միօրեայ մագոգային շրջապտոյտը» իշխանութեանց երեք պետերուն` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախագահ Միշել Աունի մօտ: Անկախ այս մասին թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններէն, հոգեւոր «առաջնորդը» կը փորձէր հատուածի մը ղեկավարի «պաշտպանութենէն» անդին` ամբողջ երկրի մը ժողովուրդը «բռնկեցնելու» եզրին գտնուող «պատրոյգը» վերացնել: Այլ խօսքով, գաղտնիք չէ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարին դէմ վկայի հանգամանքով հարցաքննութեան կոչը որոշ զգայնութիւններ եւ մտավախութիւններ յառաջացուցած էր: Այդ վտանգի կանխատեսման իրազեկ, պատկան կողմեր յատուկ կոչերով թելադրեցին Ժահժահի կուսակիցներուն եւ համակիրներուն` այս առաւօտ Պքերքէի ուղղութեամբ կատարուելիք քայլարշաւ-ցոյցը պահել խաղաղ բնոյթով:
Ռայի պատրիարքին այս նախաձեռնութիւնը ուշագրաւ էր նաեւ այն իմաստով, որ նախընթաց մը ըլլալէ անդին, ան փորձեց «մէկ քարով երկու թռչուն որսալ» (թերեւս ալ` երկուքի փոխարէն քանի մը թռչուններ), երբ իշխանութեան երեք պետերուն հետ իր խորհրդակցութեանց մէջ անդրադարձաւ նաեւ այնքա՜ն սպասուող խորհրդարանական ընտրութեանց եւ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ իր քննարկած հարցերու արդիւնքներուն գծով, թէ «ամէն բան օրէնքի եւ սահմանադրութեան ծիրին մէջ կը լուծուի»: Պատրիարքի ճիգերուն կարելի է վերագրել իր գործելաոճով «խնդրայարոյց» դատաւոր Թարեք Պիթարի իր պաշտօնին շարունակումը Պէյրութի նաւահանգիստի թղթածրարի հետաքննութեան գծով: Նմանապէս, Ռայի պատրիարքի «դիւանագիտական» միջամտութեան կարելի է վերագրել ընտրական հարցերուն գծով ծագած բանավէճին լուծումը իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ համախոհաբար լուծելու հաւանականութիւնը: Արդարեւ, այսօր ժողովրդային, պետական թէ «թեկնածուներու» հայեացքները ուղղուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ, ուր խորհրդարանը իր լիագումար նիստով պիտի որոշէ երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութեանց թուականն ու «կայացման հաւանականութիւնը»: Փաստօրէն, վերջերս շեշտուեցան նշեալ ընտրութիւններու առկախման կամ յետաձգման հաւանականութիւնները, յատկապէս եթէ նախագահ Աուն մերժէ վաւերացնել խորհրդարանին կողմէ այսօր տրուելիք որոշումը եւ եթէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը գործադրէ զայն «չեղեալ նկատելու բողոքարկման խոստումը»:
Այս բոլորին պատասխանները յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն ձեռնտու կ՛ըլլան բոլորին, մանաւանդ որ Ռայի պատրիարքը լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ իր խորհրդակցութենէն ետք: