«Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը բարձրօրէն կը գնահատէ լիբանանահայ ազգայիններ Նար Խաչատուրեանի եւ Վարուժան Սարգիսեանի (Պարլի Վարուժ) նախաձեռնութիւնը` 35.000 պաշտպանութեան դիմակներու (մասք) պատրաստութեան եւ զանոնք Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան տրամադրութեան տակ դնելու:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այս նախաձեռնութեան` կը հաստատենք, որ այս եւ նման ճիգեր լաւագոյն փաստն են Լիբանանի հայութեան բարձր գիտակցութեան եւ միասնական ուժերով մեր ժողովուրդի առողջական ու կենցաղային բարօրութեան ապահովման: