ՀՅԴ Լիբանան Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի հրաւէրով 16 մարտ 2020-ին հրաւիրուած ընդլայնուած նիստին ծնունդ առած եւ Լիբանանի հայութեան ծառայութեան ի սպաս դրուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապը արդէն կը գործէ 17 մարտ-էն այսօր: Առ այդ, կ՛ուզենք մեր ժողովուրդը ամբողջութեամբ տեղեակ պահել անցնող շաբաթներուն կատարուած աշխատանքներուն մասին:
1) Թէժ Գիծի Եւ Դիմատետրի Հաստատում
Իր կազմութեան յաջորդ օրն իսկ, Շտապը հաստատեց «Քորոնա»-ի առնչութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն հասնելու, անոնց հարցումներուն պատասխան տալու կոչուած 03.188911 թիւով թէժ գիծ (hotline), որ ժամանակի ընթացքին համաճարակին մասին տեղեկութեանց փոխանցումէն անդին, վերածուեցաւ ամէնօրեայ կապի, կարիքներու տեղեկահաւաքի եւ ցուցմունքներու փոխանցման միջոցի:
Անմիջապէս հաստատուեցաւ նաեւ «Քորոնա»-ի Դիմատետրի էջը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ եւ յաճախակի յաւելումներով ու հրատապ նորութիւններու արձանագրումներով վերածուեցաւ հանրութիւնը նախազգուշական ցուցմունքներուն մասին տեղեկութիւններու փոխանցման եւ կատարուած գործին մասին լուրերու հաղորդման բեմի:
2) Հականեխման Դեղերու Բաշխում
Ապրիլ ամսուան առաջին երկու շաբաթներուն, Շտապին նախաձեռնութեամբ, հայ ընտանիքներու բաշխուեցան հականեխման զանազան դեղեր եւ պարագաներ պարունակող 4500 ծրար` 225 միլիոն լ. ո. արժողութեամբ: Իր կազմութենէն այսօր ընկերային, բարեսիրական համայնքային, առողջապահական կեդրոններու, ակումբներու թէ անհատներու բաժնուած է 48.000 դիմակ` 76 միլիոն լ. ո. արժողութեամբ:
3) Հականեխման Գործընթաց
Համաճարակի տարածման առաջին իսկ օրերէն, գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութեանց, Շտապը յաջողեցաւ հայկական տարբեր կեդրոններ, եկեղեցիներ, ազգային հաստատութիւններ, բարեսիրական թէ ընկերաբժշկական կեդրոններ, ակումբներ հականեխել յաճախակի դրութեամբ, կանխարգիլելու համար գործող հաստատութեանց մէջ համաճարակի տարածումը: Երեսփոխանական գրասենեակին հետ գործակցաբար, հոն, ուր կարիքը զգացուեցաւ կեդրոնները օժտուեցան նաեւ հականեխման յատուկ գործիքներով:
4) Սննդեղէնի Բաշխում
Ապրիլ ամսուան երկրորդ կիսուն Շտապը նախաձեռնեց գործազուրկ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէն ապահովելու գործին: Բաշխուեցաւ սննդեղէնի 2100 կտրօն` 157 միլիոն արժողութեամբ, ինչպէս նաեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ գործակցաբար, սննդեղէնի յաւելեալ 1000 տուփ` հարիւր միլիոն արժողութեամբ, բաշխումը կատարուեցաւ համապատասխան ցանկերով, Լիբանանի ամբողջ տարածքին` Պէյրութէն մինչեւ Թրիփոլի, Զահլէ, Այնճար, Պաթրուն, Ժիպէյլ, Ճիւնիէ եւ Մեթնի շրջան: Այնճար եւ Զահլէ շրջանի պատասխանատու մարմինները իրենք եւս առանձին նախաձեռնութիւններով յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրեցին շրջանի հայ ընտանիքներուն:
Հեռակայ շրջաններու յաւելեալ օժանդակութիւններ տրուեցան բաժնելով 240 ծրար` 18 միլիոն լ.ո. արժողութեամբ:
5) Դեղորայքի Հայթայթման Մասնակցութիւն
6 ապրիլ 2020 սկսեալ եւ նկատի ունենալով հայրենակիցներու դեղորայքի կարիքը, ինչպէս նաեւ այս ուղղութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ընկերային առողջապահութեան սնտուկի աշխատանքի սահմանափակումը, Շտապը Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ նախաձեռնեց կարիքաւոր անհատներու դեղորայքի օժանդակութեան աշխատանքին, շաբաթը երկու օրուան դրութեամբ:
Ցարդ այս ծրագիրէն օգտուած են 430 անհատ` 28 միլիոն լ.ո. արժողութեամբ:
6) Դարմանատուներ
Իր կազմութեան առաջին օրէն Շտապը անհրաժեշտ նկատեց լայնածաւալ աշխատանք տանիլ առողջապահական մարզին մէջ` զօրակցելով գոյութիւն ունեցող հաստատութեանց եւ վերակազմակերպելով այլ դարմանատուներ ու ընկերային կեդրոններ: Այս իմաստով ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, Գարակէօզեան եւ Ճինիշեան կեդրոններուն եւ Թրատի Հայ աւետարանական ընկերային կեդրոնի աշխատանքներուն ցուցաբերած իր բարոյական եւ գործնական նեդրումի կողքին, Շտապը յատուկ ժամանակացոյցով դարմանատուներ հաստատեց Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբի, Լէյլաւանի «Ակնունի» ակումբի եւ Անթիլիասի «Աղբալեան» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ, ուր անվճար քննութիւններ տրամադրուեցան բոլոր դիմողներուն` մասնագէտ բժիշկներու կողմէ եւ անոնց հսկողութեամբ:
7) Հիւանդապահներու Բնակարաններ
Նախանձախնդիր ըլլալով հիւանդապահներու աշխատանքի կանոնաւոր, ապահով եւ հեզասահ ընթացքին, Շտապը բնակարանային կարելիութիւնը ստեղծեց որոշ թիւով հիւանդապահներու` իրենց ծառայած հիւանդանոցներու մօտ, որպէսզի անոնց ու անոնց ընտանիքներուն խնայուի իրենց պարագաներուն հետ անմիջական շփումին ունենալիք հաւանական անդրադարձը:
8) Կապ` Համապատասխան Առողջապահական Եւ Ընկերային Կառոյցներու Հետ
Իր կազմութեան առաջին օրէն, գործակցաբար Երեսփոխանական գրասենեակին, յարաբերութեան լայն շրջանակ ստեղծուեցաւ առողջապահական եւ ընկերային մարզի Լիբանանի կառոյցներու հետ: Կապ եւ գործակցութիւն հաստատուեցաւ Առողջապահութեան նախարարութեան, ընկերային հարցերու նախարարութեան Լիբանանի Կարմիր խաչին, Հարիրի հիւանդանոցի եւ «Քորոնա» ժահրի դարմանում կատարող այլ հիւանդանոցներու հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյն չափով ճշգրիտ դասաւորումներ եւ հետապնդումներ կատարել ու առաւելագոյնս օգտակար ըլլալ պարագաներուն: Ընթացիկ հիւանդութիւններու կողքին, նման աշխատանք մը մեծապէս նպաստեց «Քորոնա» ժահրով վարակուած հայ պարագաներու ապաքինման:
9) «Քորոնա»-ի Քննութիւններ
Գործակցաբար առողջապահութեան նախարարութեան, Լիբանանեան Կարմիր խաչին եւ Հարիրի հիւանդանոցին, Շտապը նախաձեռնեց «Քորոնա» ժահրի «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութեանց: Արդարեւ, թէ՛ Պուրճ Համուտի, եւ թէ Այնճարի մէջ նախորդ շաբաթներու կատարուեցան 740 «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններ: Կատարուած քննութիւններէն 6 պարագաներու արդիւնքը եղաւ դրական եւ անոնք արժանացան համապատասխան դարմանումներու:
Անհրաժեշտ է յիշել, որ ամէն անգամ որ վարակումի պարագայ ի յայտ գայ, Շտապը անմիջապէս կը դիմէ համապատասխան միջոցառումներու թէ՛ հիւանդանոցային, թէ՛ մեկուսացումի, եւ թէ իրենց բնակարաններու առնչուող` շրջապատի հականեխում ու վարակակիրներու անմիջական պարագաներու քննութիւն:
10) Այլ Կառոյցներու Հետ Գործակցութիւն
Ժողովուրդին օգտակար ըլլալու ընդհանրական ճիգին մէջ, Շտապը սերտ գործակցութիւն հաստատեց Ազգ. առաջնորդարանի, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութեանց, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներու հետ: Թէ՛ ցանկերու պատրաստութեան եւ յստակացման, եւ թէ օժանդակութեանց բաշխման աշխատանքին մէջ կարեւոր է նշել, որ հիմնական ձգտումը լաւագոյն եւ արդար արդիւնքներու ձեռքբերումն է:
Ազգ. առաջնորդարանը, որ տնտեսական տագնապի առաջին իսկ օրէն ձեռնհաս եղաւ ազնիւ բարերարներու նուիրատուութեամբ նիւթական օժանդակութիւններ կատարելու կարիքաւորներուն, Շտապի հետ ցանկերու եւ գործնական աշխատանքներու համակարգումով արդէն իսկ սկսած է իբրեւ առաջին փուլ սննդեղէնի 2000 ծրար բաժնել կարիքաւոր ընտանիքներու` թաղականութեանց եւ թաղային պատասխանատու մարմիններու միջոցով:
11) ԼՕԽ–ի Ծրագիր
ՀՕՄ-ի Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, իբրեւ ՀՅԴ-ի քոյր կազմակերպութիւն, իր անհրաժեշտ զօրակցութիւնը ցուցաբերեց «Քորոնա» տագնապի անդրադարձներու մեղմացման համար: Անկախ իր աշխատանքային առօրեային, ԼՕԽ-ը ապրիլ ամսուան սկիզբէն մինչեւ օրս շաբաթական երկու անգամ 750 տարեց պարագաներու կը տրամադրէ տաք ճաշ: ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերու վարչութեանց եւ շրջանի երիտասարդներու կողմէ ճաշը կը հասնի ենթականերուն տուները:
12) Շրջաններու Աշխատանքներ
Կարեւոր է նշել, որ, անկախ Շտապի ընդհանրական գործէն, շրջաններու կուսակցական կառոյցներ եւս իրենց նախաձեռնութեանց դիմեցին:
Արագածի, Մարաշի, Կիլիկիայի, Հայաշէնի, Էշրեֆիէի, Ամանոսի, Նոր Ատանայի, Նորաշէնի, Ժտէյտէյի, Տըքուանիէի, Ռաուտայի, Ֆանար-Սըտ Էլ Պաուշրիէի, Զալքայի, Անթիլիաս-Մըզհեր-Նաքքաշի, Ճիւնիի շրջաններու ընկերները իւրաքանչիւրը համապատասխան շրջանի կարիքներուն եւ տեղական կարելիութեանց օժանդակութիւններ կատարեցին եւ կը շարունակեն կատարել` հասնելու համար դժուարութեան մէջ եղող հայորդիներուն:
13) Արտասահմանէն Լիբանանահայերու Փոխադրութիւն
Նկատի ունենալով «Քորոնա»-ի պատճառով արտասահմանէն Լիբանան վերադառնալու սահմանափակումները, Շտապը, Երեսփոխանական գրասենեակին հետ գործակցաբար ու բարձր մակարդակի միջամտութեանց շնորհիւ (երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար թէ պլոքի անդամներ), յաջողեցաւ առաջին հերթին Հայաստանէն Լիբանան եկող օդանաւի ճամբորդներու թիւը բարձրացնել` ապահովելու համար առաւելագոյն թիւով լիբանանցի հայերու վերադարձը:
Նման ճիգ ի գործ դրուեցաւ նաեւ Եւրոպայէն, արաբական երկիրներէ, Անկոլայէն, Նիկերիայէն եւ այլ շրջաններէ Լիբանան հասնելու դժուարութիւն ունեցող հայորդիներու պարագային:
14) Նիւթական
Շտապի կազմութեան առաջին օրէն, ազնիւ հայորդիներ, անկախ երկրի տնտեսական դժուարութենէն եւ դրամատնային սեղմումներէն, իրենց սրտաբուխ մասնակցութեամբ հոգացին կարիքները ապահովելու գումար:
Այսօրուան թուականով, ցարդ գոյացած է 204.800.000 լ. ո. եւ 59.115 ամ. տոլար: Դրամական նուիրատուութիւններու կողքին, Շտապին տրամադրութեանց տակ դրուած է տարբեր ապրանքատեսակ:
Բոլոր նուիրատուներուն` մեր ջերմագին շնորհակալութիւնը:
Շտապի կեդրոնական ծախսերը իր կազմութենէն այսօր հասած է 586 միլիոն լ. ոսկի գումարի, որուն մէջ չեն ներառուած տարբեր կառոյցներու, միութիւններու եւ կուսակցական կեդրոններու նպաստաբաշխման ծախսերը:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր նուիրատուներուն:
Վարձքը կատա՛ր ճգնաժամի այս օրերուն ոչինչ խնայող բոլոր կամաւորներուն:
Տագնապը չէ աւարտած տակաւին:
Զգոյշ ըլլանք:
Աշխատանքը պիտի շարունակուի եւ մենք պիտի հասնինք մեր ժողովուրդին:
«ՔՈՐՈՆԱ»-Ի ՃԳՆԱԺԱՄԱՅԻՆ ՇՏԱՊ