Եւրոպայի տարածքին գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբերին: Համակարգող խորհուրդի անդամներուն առընթեր խորհրդակցական նիստի մասնակցեցան Ֆրանսայի, Չեխիոյ, Յունաստանի, Զուիցերիոյ, Վատիկանի եւ Կիպրոսի մէջ գործող տպագիր, ելեկտրոնային մամուլի եւ ձայնասփիւռի կայաններու խմբագիրները:
Նիստը իբրեւ օրակարգի նիւթեր ներառած էր.
– Միջինարեւելեան առցանց նիստին զեկուցումը:
– Համակարգող խորհուրդի նիստէն եկած հարցեր:
– Եւրոպայի տարածաշրջանի խմբագիրներու ցանցի ձեւաւորում
Քննարկուեցան`
– Եւրոպական համեմատաբար նոր համայնքներու մէջ լրատուական կեդրոններու ստեղծման աջակցելու կարելիութիւններ:
– Լրագրողներու համահայկական աշխատանքներու սատարելու համար յատուկ հիմնադրամի ստեղծման կարելիութիւններ:
– Հասարակութեան մօտ ժամանակակից խնդիրներու ընդառաջ մտածողութիւն զարգացնելու անհրաժեշտութիւն:
Մասնակիցները օգտաշատ նկատեցին նման ձեւաչափով քննարկումներու յաճախ կազմակերպումը:
Յաջորդ առցանց նիստը կը վերաբերի հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկաներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներուն:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ