Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը hինգշաբթի, 11 մարտ 2021-ին այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, նախ եւ առաջ Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետին ծննդեան տարեդարձը` մաղթելով, որ հայրապետական ասան մնայ միշտ ծաղկեալ: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շեշտեց, թէ անցնող 25 տարիներու ընթացքին Համազգայինի կապերը Կիլիկիոյ Սուրբ աթոռին հետ մնացին մնայուն ու հետեւողական:
Շրջանային վարչութեան ատենապետը նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը եւ խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հօր, որովհետեւ Համազգայինը միշտ ալ վայելած է Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրական գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ զօրակցութիւնը, որոնք խթան հանդիսացած են վարչութեան` նոր եռանդով շարունակելու իրեն վստահուած աշխատանքը եւ առաքելութիւնը:
Ապա վեհափառ հօր ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին մեր մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներու յիշատակին կայանալիք ձեռնարկին մանրամասնութիւնները: Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` սոյն ձեռնարկին հովանաւորութեան համար:
Հանդիպումին արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ մշակութային կեանքը յուզող հարցեր: Վեհափառ հայրապետը ծանօթացաւ Համազգայինի առցանց գործունէութեան, այսօրուան նիւթական ու տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով Համազգայինի Շրջանային վարչութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ այս ուղղութեամբ մշակուած ծրագիրներուն ու ցարդ կատարուած նախաձեռնութիւններուն:
Արամ Ա. կաթողիկոս յաջողութիւն մաղթեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան տարած ազգանուէր եւ օգտաշատ ծառայութեան` շեշտը դնելով մշակոյթի կարեւորութեան վրայ, որովհետեւ մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան արտայայտութիւնն է եւ գոյութեան հիմքը: Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ առանց մշակոյթի ժողովուրդ չի կրնար ըլլալ եւ գոյատեւել` աւելցնելով, որ քրիստոնէութեան յատկանշական երեւոյթներէն մէկը այն է, որ ան մշակոյթի մէջ ըլլալով մշակոյթի ճամբով ինքզինք արտայայտեց: Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը հաստատելով, որ մշակոյթը կարեւոր դեր ունեցաւ մեր ինքնութեան հարստացման եւ հզօրութեան մէջ:
Հանդիպման աւարտին վեհափառ հօր յանձնուեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի ուսուցիչներէն արուեստագէտ Գէորգ Ուլաշեանի կողմէ տրամադրուած արուեստի գործ մը` կաթողիկոսարանի արուեստի հաւաքածոյին համար:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ