Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի
Չորեքշաբթի, 12 օգոստոս 2020-ին, նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեանին, «Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին»-ը, իր երկրորդ նիստը գումարեց Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, որուն ընթացքին ճշդեց յառաջիկայ հանգրուանի աշխատանքներուն բնոյթն ու ընթացքը։
Ներկայացուցչական հանագամանքով, նշեալ մարմինի աշխատանքներուն կը մասնակցին.-
- Հայ առաքելական համայնքէն՝ Գառնիկ Մկրտիչեան
- Հայ Կաթողիկէ համայնքէն՝ Արամ Գարատաղլեան
- Հայ Աւետարանական համայնքէն՝ Ներսէս Պաղտոյեան
- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն՝ Յակոբ Հաւաթեան
- Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութենէն՝ Վանիկ Տաքեսեան
- Ռամկավար Ազատական կուսակցութենէն՝ Վազգէն Ժամկոչեան
- Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն՝ Սիլվա Լիպարեան
- Լիբանանի Օգնութեան Խաչէն՝ Նազելի Աւագեան
- Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութենէն՝ Արամ Մալեան
Ժողովական կարգով, Մարմինը շեշտեց, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ճշդած առաջնահերթութեան կարգով, Լիբանանահայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ նախապատուութիւն պիտի տրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով աւերակուած բնակարաններու, խանութներու եւ կառոյցներու վերականգնումին, որ պիտի իրականացուի մասնագէտներու հսկողութեամբ։ Մարմինը նաեւ պիտի հսկէ որ Լիբանանահայութեան համար եղած նպաստները իր խողովակով ստանձնուին եւ հաւասարապէս բաժնուին մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն։
Այս առթիւ ճշդուեցաւ, որ Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ նախկին Ս․ Քառասնից Մանկանց վարժարանի շէնքէն ներս Մարմինի աշխատանքներուն համար յատկացուած է մասնաւոր գրասնեակ եւ տրամադրուած 76-401700 թիւով բջիջային հեռաձայն։
Մարմինի ել-նամակի հասցէն է [email protected], իսկ ֆէյսպուքի էջը՝ www.facebook.com/LebArmRehCom:
Յայտնենք, որ մարմինը իր անդրանիկ նիստին դիւանը կազմելով, ատենապետ ընտրած է Գառնիկ Մկրտիչեանը, ատենադպիր Նազելի Աւագեանը, իսկ հաշուապահ՝ Արամ Մալեանը։
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ
13 Օգոստոս 2020