Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ տէր եւ տիկին Սարգիս Պուտագեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց մեր առաջարկին եւ յանձն առաւ եկեղեցւոյ ընդհանուր վերանորոգումը:
Եկեղեցւոյ բարենորոգումը կատարուեցաւ ի յիշատակ իբրեւ թաղականութեան ժրաջան անդամ երկար տարիներ եկեղեցւոյ ծառայած Սարգիս Պուտագեանի հօր` Մինաս Պուտագեանին:
Նման նուիրատուներու շնորհիւ է, որ մեր եկեղեցիները կը բարեզարդուին, կը նորոգուին եւ վերանորոգ թափով կը շարունակեն իրենց կրօնական եւ ազգային առաքելութիւնը:
ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ