Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, նկատի առնելով Լիբանանի մէջ տիրող դժուար ընկերային-տնտեսական պայմանները, իր Ընկերային ծառայութեան կեդրոնին միջոցով արդէն իսկ սկսած է 400-է աւելի կարիքաւոր ընտանիքներու օգնել սննդեղէն բաժնելով ամսական դրութեամբ, անսալով անանուն բարերարներու, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան, ինչպէս նաեւ յարգարժան տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու առատաձեռն օժանդակութիւններուն:
Բաշխումները սկսած են 2019-ի դեկտեմբեր ամիսէն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ յունուար 11-ին, եւ փետրուար 15-ին, եւ պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ մինչեւ 2020-ի վերջը, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ՀԿՄ-ի սրահին մէջ, հետեւեալ շաբաթ օրերուն` 14 մարտ, 8 ապրիլ, 16 մայիս, 13 յունիս, 11 յուլիս, 8 օգոստոս, 12 սեպտեմբեր, 10 հոկտեմբեր, 7 նոյեմբեր եւ 12 դեկտեմբեր:
Առ այդ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ընկերային ծառայութեան կեդրոնէն երիտասարդներ հերթական այցելութիւններ պիտի կատարեն կարիքաւոր ընտանիքներուն` պատրաստելով մանրամասն ցուցակներ, որպէսզի կատարուած օժանդակութիւնները համապատասխանեն ընտանիքներու իսկական կարիքներուն:
Նշենք, որ դրամական յատկացումներ պիտի չկատարուին:
ԴԻՒԱՆ
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ