Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄի) Կեդրոնական Մարմինը՝ իր 5 Օգոստոս 2020ի շտապ նիստի ընթացքին իր խոր կսկիծը արտայայտեց 4 Օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած ահաւոր պայթիւնին համար, որ պատճառեց ոչ միայն մահեր, մարդկային ֆիզիքական վնասներ, եւ մեծ քանդումներ, այլ նաեւ յաւելեալ կաշկանդիչ բեռնաւորումներ դրաւ արդէն իսկ ծանրագոյն տագնապներու մատնուած երկրին վրայ:
ՄԱՀԱԵ Միութիւնը կը խնդրէ աշխարհատարած ամբողջ եկեղեցիէն որ ջերմեռանդ աղօթք բարձրացնէ Լիբանանի համար, եւ կարելին ընէ սատարելու բարեսիրական, կառավարական եւ այլ կազմակերպութիւններու աշխատանքին, օժանդակելու համար որ Լիբանանը յաղթահարէ իր բազմատեսակ մարտահրաւէրներն ու նեղութիւնները։ Տուներ, գործատեղիներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ հաստատութիւններ կանգնած են վերաշինութեան լուրջ կարիքներու դիմաց։ Անհրաժեշտ է նամանաւանդ աղօթել յուսահատած ժողովուրդին ֆիզիքական եւ հոգեկան բուժումին համար, որ արդէն կը գտնուի ճգնաժամային վիճակներու մէջ։ ՄԱՀԱԵՄը, իր կարգին, պիտի աշխատի կարելի եղածին չափ օգնութիւն հասցնել իր տեղական հաստատութիւններու եւ ընդհանուր շրջանակի միջոցով։
Մեր խորին երախտագիտութիւնը կ՚ուզենք յայտնել բոլոր այն գործակից եւ հաւատակից մարմիններուն եւ անձերուն, որոնք այս դէպքէն անմիջապէս ետք հաղորդեցին իրենց սրտակցութիւնը, եւ իրենց բարոյական ու նիւթական զօրակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեցին ՄԱՀԱԵՄին։ Թող Քրիստոսի Հոգին առատապէս բնակի մեր մէջ իբր իր վկաները, խոր ցաւի այս օրերուն մէջ։
ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմին
Պէյրութ, 6 Օգոտսոս, 2020