Առ ի տեղեկութիւն մեր սիրելի ժողովուրդին կը տեղեկացնենք թէ Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած անսպասելի հսկայական պայթումին հետեւանքով, Ազգային Առաջնորդարանն ու Պետական Ներկայացուցչի գրասենեակը միասնաբար դրամահաւաքի կոչ մը հրապարակեցին «Լիբանանի Հայութեան Օգնութեան Համար», որուն անմիջապէս ընդառաջեց Կիպրահայ գաղութը:
Ինչպէս օրին յայտարարուած էր գումարը պիտի յատկացուէր անհրաժեշտ սննդեղէն ուղարկելու կարիքաւոր ընտանիքներուն համար: Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբերին, Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ․ Խորէն Արք. Տողրամաճեանն ու Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեան անձամբ այցելեցին «Միտցիտիս» հաստատութիւնը, հանդիպում ունեցան սեփականատիրոջ հետ եւ ապա, ականատես եղան մինչեւ օրս հաւաքուած գումարով բեռցուած ուտեստեղէններուն, որոնք մասնաւոր տուփերու եւ կազմերու մէջ զետեղուած էին՝ (7000 տոպրակ ալիւր, 9600 ծրար մաքարոն, 2400 տոպրակ ձաւար, 3168 տոպրակ բրինձ եւ 1080 տուփ փոշի կաթ): Արդէն օրինական բոլոր թուղթերը պատրաստ են եւ «Container»-ը այսօր Լիմասոլի նաւահանգիստէն ճամբայ ելած է դէպի Պէյրութի նաւահանգիստը, ուր ուղղակի պիտի յանձնուի Պուրճ Համմուտի Ազգային Առաջնորդարան Առաջնորդ՝ Գերշ. Շահէ Արք. Փանոսեանին, որպէսզի պարտն ու պատշաճը կատարէ:
Պարտ կը զգանք մեր ջերմ շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, ինչպէս նաեւ «Միտցիտիս» հաստատութեան, որոնք նիւթաբարոյական իրենց աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը բերին սատար կանգնելու համար Լիբանանահայութեան:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ