Յաջողութեամբ աւարտած է արդէն Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ պատահած պայթումի հետեւանքով բնակարանային վնասներու արձանագրութեան եւ հատուցման առաջին եւ երկրորդ փուլի աշխատանքները։
Վերականգնումի մարմինը որոշեց երրորդ եւ վերջին առիթ մը ընծայել այն հայորդիներուն, որոնք յատուկ եւ հասկնալի պայմաններու պատճառաւ օրին չկրցան ներկայանալ եւ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուին դժուարութեանց։
Հետեւաբար, հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3։00, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ, մարմինը պիտի ընդունի այս յատուկ պարագաներու դիմումնագիրները եւ փոխանցէ իր կողմէ յառաջացած վնասներու արժեւորման մասնագիտական ենթայանձնախումբին։
Դիմողները պարտին իրենց հետ ունենալ
1-Անձնագիրի լուսապատճէն
2-Կալուածագիրի կամ վարձակալման փաստաթուղթի լուսապատճէն
3-Տան վնասուածքներու նկարներ (տպագրուած)
Այս դիմումնագիրներու քննութենէն ետք, մարմինը կապ պիտի հաստատէ ենթականերուն հետ եւ ճշդէ գումարներու փոխանցման մանրամասնութիւնը։
Յոյսով ենք, որ համագործակցաբար կարելի պիտի ըլլայ այս նախաձեռնութեամբ բնակարաններու վնասներու հատուցման փուլը աւարտած նկատել։
7 դեկտեմբեր 2020
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ