Այսու պաշտօնապէս կը տեղեկացնենք, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, Թրիփոլիի եւ շրջակայից համար հոգեւոր տեսուչ կը նշանակենք Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն գերապատիւ Տէր Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեանը` իրեն վստահելով Ժիպէյլէն մինչեւ Թրիփոլի եւ շրջակայ աւաններուն մէջ ապրող մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն հոգեւոր մատակարարման կարեւոր աշխատանքը:
Հայր սուրբը իր նոր առաքելութեան կը լծուի կիրակի, 7 մարտ 2021-ին:
Վստահ ենք, որ հայր սուրբը նուիրումով պիտի տանի իրեն վստահուած կարեւոր աշխատանքը եւ մօտէն գործակցելով շրջանի պատասխանատուներուն հետ, մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգեւոր մատակարարման գործին ընծայէ իր կարողութեանց լաւագոյնը:
Թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան կողմէ սրտովին յաջողութիւն կը մաղթենք հայր սուրբին` վստահ ըլլալով, որ անոր աշխատանքը նաեւ պիտի արժանանայ մեր ժողովուրդի գնահատանքին:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ