Նախաձեռնութեամբ Աստուածաշունչի Արաբական Ծոցի երկիրներու ընդհ. քարտուղար՝պրն. Հրայր Ճէպէճեանի եւ հովանաւորութեամբ ու համագործակցութեամբ Յունաստանի Ազգային Առաջնորդարանի, ազգային Սոֆիա եւ Լեւոն Յակոբեան եւ Զաւարեան դպրոցներու 5-9 տարեկան աշակերտներուն տրամադրուեցան «ՀայՄ անուկին Անձնական Աստուածաշունչը» արեւմտահայերէն պարզ լեզուով գրուած։
Պրն. Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ 300 օրինակներ տրամադրուեցան Յունաստանի մեր Թեմին։
Երկուշաբթի 20 Հոկտեմբերին առաւօտուն, յաջորդաբար նախ Սոֆիա Յակոբեան եւ ապա Զաւարեան դպրոցներէն ներս պրն. Ճէպէճեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի ՎիգէնՉոլաքեանի ընկերակցութեամբ, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմերուն հետ առանձին հանդիպումներ ունեցան բացատրելով մանկավարժական եւ դաստիարակչական նոր մեթոտով գրուած սոյն Աստուածաշունչի կիրարկումի անհարժեշտութիւնը։
Յայտնենք որ սոյն Աստուածաշունչերը տրամադրուեցան միջին Արեւելքի բոլորգ աղութներուն եւ Յունաստանի պարագային Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Գալփաքեան վարժարանին եւ Թեսաղոնիկէի Ծաղկոց վարժարանին։
Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Աստուածաշունչի ընկերութեան եւ պրն. Հրայր Ճէպէճեանին։
Երեքշաբթի 21 Հոկտեմբերի կէսօրին պրն. Հրայր Ճէպէճեան ընկերակցութեամբ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ազգային Առաջնորդարան ուր հանդիպում ունեցանԱ ռաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի հետ։
ԴիւանԱզգ. Առաջնորդարանի