Հաճնոյ հերոսամարտի 102-ամեակին առիթով կիրակի, 16 հոկտեմբերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ քրիստոնեային կեանքը անկասկած փորձութեան եւ փոթորիկներու դաշտ մըն է, եւ այդ փոթորիկներէն յաղթական կրնան դուրս գալ միայն անոնք, որոնք իբրեւ սրբազան աւանդ` հաւատարմութեամբ կը պահեն Աւետարանի ճշմարտութիւնները եւ անոնցմով կ՛առաջնորդեն իրենց սեփական կեանքն ու կը լուսաւորեն իրենց շրջապատը:
Անդրադառնալով Հաճնոյ հերոսամարտին 102-րդ տարեդարձին` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս առիթով նախ պէտք է յիշենք, որ Հաճընը պատմական Կիլիկիոյ շէն քաղաքներէն էր, որ թէեւ ենթարկուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ կորսնցուցած` 30 հազար հայ ազգաբնակչութեան մեծագոյն մասը, սակայն եւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին թուրքի եաթաղանէն հրաշքով վերապրած 8 հազար հաճընցիներ, հոգատար ֆրանսական ուժերուն հաւաստիքին ապաւինելով, վերադարձած էին իրենց հայրենի բնօրրանը եւ լծուած` շինարար աշխատանքի: Ցաւօք, 1920-ի սկիզբին, Թուրքիոյ տարածքին ծաւալած քեմալական շարժումին իբրեւ հետեւանք, հաճընցիները պարտաւորուեցան իրենց կեանքն ու ինչքը պաշտպանելու համար ութ ամիս շարունակ, սովի եւ սարսափի պայմաններու մէջ, առանց որեւէ օգնութեան, գերմարդկային ճիգերով անհաւասար մարտեր մղել թրքական զօրքին դէմ: Անոնք մինչեւ վերջին շունչ պայքարելով` դիւցազնի մահով ինկան: Կործանեցաւ երբեմնի շէն Հաճընը, որուն բնակիչներէն հրաշքով փրկուեցան ընդամէնը 365 հոգի:
«Տարիէ տարի Հաճընի հերոսամարտին յիշատակը մենք նշած ենք հաւատարմութեամբ` իբրեւ մեր ազգային դարաւոր գոյապայքարին փառաւոր էջերէն մին եւ զայն արժեւորած` կրօնական ապրումներով, որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը անդրադառնայ, որ պատմութեան աւանդը անխախտ պահելը նուիրական պարտականութիւն է մեզի համար», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս, պէտք է լաւապէս ըմբռնենք, որ մեր պատմութեան աւանդը պահելով միայն կրնանք գոյատեւել ու մրրիկներով շրջապատուած մեր ազգի նաւը տանիլ մեր դարաւոր տենչերուն ու երազներուն իրականացման ճանապարհով: Հետեւաբար երբեմն, երբ մեր առօրեային մէջ յատուկ ճիգով մեր պատմութեան տխուր կամ ուրախ դէպքերը յիշատակելու առիթներ կը ստեղծենք, անոնցմով կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ մեր պատմութեան աւանդին դիմաց մեր ազգի հաւատաւոր զաւակները ինքնաքննութեան նստելով` իրենք զիրենք նորոգեն:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր հերոս նախնիներուն ձայնը պէտք է յաճախ արձագանգէ մեր սրտերուն մէջ, մասնաւորաբար` փորձութիւններով լեցուն ներկայ ժամանակաշրջանին, որպէսզի մեր կեանքին մէջ չփոշիանան այն նուիրական յուշերն ու արժէքները, որոնք իբրեւ աւանդ մեզի փոխանցուեցան, որպէսզի անոնցմով կարենանք բարոյական ընթացքի մէջ պահել մեր համայնական կեանքը:
«Այսօր ուխտաւոր հոգիով կը ներկայանանք եկեղեցի: Հետեւաբար պէտք է գիտակցինք, որ ուխտ ունեցող մարդը ոչ միայն ի՛նք պէտք է հաւատարմութեամբ պահէ իր պատմութեան աւանդը, այլեւ իր նուիրումով իր շրջապատին մէջ ցոլացնէ այդ աւանդը ու անով ընկերութեան բերէ նորոգութեան շունչ: Այլապէս, եթէ պատմութեան հանդէպ հաւատարմութեան հասկացողութիւնը չունինք, չենք կրնար աւանդ պահել եւ չենք կրնար գերագոյն պարգեւ համարուող այն ժառանգութեան արժանաւոր տէրերը համարուիլ», շեշտեց սրբազան հայրը` հաստատելով, որ աւանդը կը վստահուի զայն ճանչցողներուն, անոր հաւատքին ու տեսիլքին արժէքը գնահատողներուն, անոր դարաւոր դերին հանդէպ հաւատարմութեան հոգի ունեցողներուն:
Շահէ արք. ըսաւ, որ իրենց նահատակութեան յիշատակին առիթով Հաճնոյ հերոսամարտին հերոսները կը պատգամեն, թէ կեանքի պայմանները պէտք չէ պատճառ ըլլան, որ պատմութեան սրբազան աւանդը ունեցող մեր ժողովուրդը մոռնայ իր անցեալը եւ կորսնցնէ իր երազներն ու տենչերը, եւ յորդորեց ներկայ հաւատացեալները աղօթելու, որ մեր պատմութեան սրբազան աւանդը արեւու ճառագայթի նման լոյս տարածէ, նոր կեանք ստեղծէ, նոր երազ եւ յոյս հաստատէ մեր նորագոյն սերունդին մէջ, որպէսզի վասն փառացն ազգիս հայոց եւ յանուն նոր արշալոյսներու ինքնութեան պաշտպանութեան համար մենք շարունակենք մեր հոգիներուն մէջ մղել նոր հերոսամարտեր:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: