Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ստեղծման 35-ամեակի համերգներու ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 18 մարտ 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ մը` մասնակցութեամբ հայրենի հանրածանօթ սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեանի եւ Համազգայինի երաժշտանոցի եռեակին` Յովիկ Գարախանեանի (ջութակ), Նայիրի Ղազարեանի (թաւջութակ), Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի (դաշնակ):
Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան ողջունեց ներկաները` անդրադառնալով երաժշտանոցի ստեղծման 35-ամեակին նուիրուած յառաջիկայ համերգներուն:
Սոփրանօ Սթեֆանի Քոչարեան իր թաւշային ձայնով ելոյթը ծաղկեցուց հայկական եւ միջազգային հանրածանօթ երգերով: Ան գեղեցկօրէն մեկնաբանեց Կոմիտասի «Քելէ, քելէ»-ն, «Շողեր ջան»-ը եւ «Գարուն ա»-ն, ինչպէս նաեւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Սայեաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»-ն ու «Նազանի»-ն եւ Ջրբաշեանի «Հայուհի գեղեցիկ»-ը: Միջազգային գործերէն, ան մեկնաբանեց Լ. Տելիպեսի «Պոլերօ»-ն, Ֆ. Լեհարի «Արիա տը Ժուժիտա»-ն: Ուշագրաւ էին դաշնակի վրայ երգչուհիին ընկերակցող Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեանի բարձրորակ եւ տպաւորիչ ոճն ու կատարումը:
Համազգայինի երաժշտանոցի եռեակը համահունչօրէն եւ արհեստավարժօրէն ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի գործերէն` «Օրօր»-ը, «Վալս»-ը, «Ռոմանս»-ը, «Նոքթիւրն»-ը, «Նունէ Կարէն»-ը «Ատաճիօ»-ն եւ «Սուրերու պար»-ը:
Պէտք է նշել, որ այս ելոյթը նախապէս տեղի ունեցած էր նաեւ ուրբաթ, 16 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ: