Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն կազմակերպութեամբ, երէկ` հինգշաբթի, 27 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին սկսաւ ներկայացուիլ Համազգայինի «Գայիանէ» պարի դպրոցի տարեկան ելոյթը, որ այս տարի բաղկացած է երկու արարներէ. առաջին արարով դպրոցին աշակերտները հետաքրքրական ոճով հրամցուցին Մոկլին, իսկ երկրորդ արարով տպաւորիչ կերպով բեմականացուցին «Կաթիլ մը մեղր»-ը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Կարէն եւ Ժաքլին Մակինեաններուն:
Այս տարուան նորութիւններէն հանդիսացան Լէյզըրով եւ աւազէ ստուերանկարներու ներկայացումները` կատարողութեամբ հայրենի արուեստագէտ Աննա Ամասի:
Աշակերտները խումբ առ խումբ բեմ բարձրացան եւ ներկաներուն հրամցուցին տարուան ընթացքին իրենց իւրացուցած պարերը, որոնք այս տարի ունէին ընդհանուր թեմա, որուն հիմնական բաժինը նուիրուած էր Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին: Անոնք հետաքրքրական ոճով կրցան ներկայացնել նաեւ Մոկլիին պատմութիւնը:
Հետաքրքրական նորութիւն էր նաեւ աւազապատկերներու արուեստը, ինչպէս նաեւ Լէյզըրով ներկայացումները, որոնք աւելի եւս հարստացուցին ելոյթը:
«Գայիանէ» պարի դպրոցի երկրորդ ելոյթը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 28 յունիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, միեւնոյն վայրին մէջ: