Կիրակի, 21 մայիսի երեկոյեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահը ժամադրավայրն էր ոչ միայն «Գայիանէ» պարի զոյգ դպրոցներու («Լեւոն Շանթ» եւ «Աղբալեան» կեդրոններ) տարբեր տարիքներու աշակերտներուն եւ «Քնար» պարախումբի անդամներուն ծնողներուն ու բարեկամներուն, այլ հոն էին` լիբանանահայ արուեստասէրները, պարին զօրութեան, գեղեցկութեան եւ խորհուրդին հաւատացողներն ու զայն ըմբոշխնելու կարօտ ունեցողները, դժուարութիւններով եւ որոշ անորոշութեամբ լեցուն այս օրերուն յոյսի ու խանդավառութեան ծարաւները:
Իսկապէս ալ, անոնք չէին սխալած իրենց առօրեայ հոգերն ու տաղտուկները մէկդի դրած` ուղղուելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ, որովհետեւ այս սրահին բեմին վրայ իրենց պարերով, լայն ժպիտներով, ամբողջ տարեշրջան մը սորված շարժումներով, պարային հմտութիւններով, հիմնականօրէն հայկական պարերով 4,5 տարեկան մանուկէն մինչեւ 23 տարեկան երիտասարդները ներկաներուն պարգեւեցին ուրախութեան, յուզումի, յոյսի, խանդավառութեան աւելի քան 1,5 ժամուան վայելք:
Արդարեւ, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող անկայուն կացութեան, առկայ բազում դժուարութիւններուն, յանձնառու մնալով հայ արուեստի ու մշակոյթի պահպանման առաքելութեան, որոշեց շարունակել իր ծանր աշխատանքը եւ Համազգայինի Լիբանանի 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած այլ նախաձեռնութիւններու կողքին, երկար բացակայութենէն ետք կրկին բեմ բարձրացուց «Գայիանէ» եւ «Քնար» պարախումբերը, որոնք իրենց ազգային եւ միջազգային աշխուժ պարերու ընդմէջէն մշակութասէր հասարակութեան միշտ ներշնչած են լաւատեսութիւն եւ արուեստի հանդէպ սէր:
Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար դատախազ Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, կիրակի, 21 մայիս 2023-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանիին գակ գործող «Գայիանէ» պարի դպրոցին ելոյթը, մասնակցութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբին` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Ժենի Քոլոյեանի:
Ձեռնարկին ներկայ էին նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ուիսամ Մուրթատայի ներկայացուցիչ տոքթ. Նիզար Տահեր, հայ առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, քաղաքապետ եւ Քաղաքապետական խորհուրդի ներկայացուցիչներ, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, կրթական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ ծնողներ:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Վարդան Ազնաւորեան բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարին, պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարին, նաեւ հանդիսատեսներուն` իրենց ներկայութեան համար:
Այնուհետեւ «Գայիանէ»-ի եւ «Քնար»-ի շուրջ 240 տղաքն ու աղջիկները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահը ամբողջութեամբ լեցուցած ծնողներուն եւ հանդիսատեսներուն մօտ:
«Գայիանէ» պարի դպրոցին աշակերտները հանդէս եկան հետեւեալ պարերով. «Հայաստանի գոյները»` «Հայաստան» խումբ, «Արցախի գոյները»` «Արցախ» խումբ, «Ծափ պար»` «Գարուն» խումբ, «Արարատ»` «Արարատ» խումբ, «Թամզարա»` «Ամառ» խումբ, «Լորգէ»` «Երեւան» խումբ, «Հուլունքաշար»` «Կարապներ» խումբ, «Ծաղկեփունջ»` «Հայաստան» խումբի աղջիկներ, «Տարազ»` «Արցախ» խումբի աղջիկներ: Իսկ «Քնար» պարախումբը մեկնաբանեց ազգագրական, վրացական, սպանական պարեր, նաեւ` «Տաւիղ», «Հովիւներ», «Նազանի», «Քոչարի», «Հայուհիներ», «Խաղ պար» եւ «Պատերազմ» պարերը: Յայտագիրը հասաւ իր աւարտին եզրափակիչ պարով` մասնակցութեամբ երկու պարախումբերու բոլոր անդամներուն:
Արդարեւ, «Գայիանէ» եւ «Քնար» պարախումբերուն այս ելոյթը մեկնարկն էր գաղութին մէջ մշակութային աշխուժութեան նոր փուլի մը: Ամբողջ տարեշրջանի մը փորձերը, աշխատանքները, ջանքերն ու ի գործ դրուած ճիգերը, զոհողութիւններն ու հետեւողականութիւնը այս ելոյթով ծառայեցին իրենց նպատակին եւ կերտեցին մշակութային վերածնունդ մը: