ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Վերջին երկու տարիներու համաշխարհային եւ մանաւանդ լիբանանեան կենցաղն ու տիրող պայմանները մարտահրաւէր կարդացին կայացած եւ հաստատուած սովորութիւններու` առաւելաբար հաւաքական մակարդակի վրայ, եւ բոլորս ստիպեց դիմելու նոր միջոցներու, որպէսզի կարելի ըլլայ կենդանի պահել արժէքները: Այս ծիրին մէջ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ունեցաւ իր առջեւ դրուած դժուարութիւնները դիմագրաւելու պարտաւորութիւն` մանաւանդ որ ան կը հանդիսանայ լիբանանահայ կրթական եւ մշակութային ոլորտի գլխաւոր դերակատարներէն մէկը:
Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին գործունէութեան ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ» մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սեմ Սիմոնեանի եւ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Մարալ Հարպոյեանի հետ, որոնք ամփոփեցին անցնող երկու տարիներու աշխատանքները:
Շրջանային վարչութեան ընտրութենէն շատ չանցած, Լիբանանի մէջ սկիզբ առին ժողովրդային շարժումները, որոնց ինքնաբերաբար յաջորդեցին տնտեսական եւ ընկերային մինչեւ օրս անլոյծ մնացած հարցեր, ապա` «Քորոնա»-ի համաճարակը: Ընթացիկ գործունէութեան ծրագիրներն ու Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարները անորոշ ժամանակով յետաձգուեցան, իսկ փոխարէն մշակուեցան աննախընթաց ծրագիրներ: Թէկուզ կարիք եղաւ արմատական փոփոխութիւններ մտցնելու նախապատրաստուած յայտագիրներուն մէջ, Շրջանային վարչութիւնը եւ իր հովանիին տակ գործող դպրոցները, յանձնախումբերն ու քոյր հաստատութիւնները բացառիկ հմտութեամբ կարողացան շրջանցել դժուարութիւնները եւ շարունակել կրթական ու մշակութային գործունէութիւն վարել Լիբանանի մէջ:
Այսպէս`
Սեպտեմբեր 2019-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի նուիրուած յուշ երեկոն: Դարձեալ սեպտեմբերին, «Տաւիղ» համոյթի ելոյթը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, Համազգայինի միաւորներ մասնակցեցան նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 104-ամեակի եւ Մուսա Լեռ-Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն:
Հոկտեմբերին Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին եւ Գիւմրիի «Վարդան Աճէմեան» թատերախումբին միջեւ ստեղծուած համագործակցութեան ծիրին մէջ, Յակոբ Տէր Ղուկասեան Գիւմրիի մէջ բեմադրեց Արա Արծրունիի «Բարի լոյս պարոն Մատթէոս» թատերախաղը:
Դեկտեմբեր 2019-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու «Գայեանէ» պալէի դպրոցը ներկայացուց «Տը նաթքրաքըր» պալէն, Սին Էլ Ֆիլի «Նապիլ Քահալէ» սրահին մէջ, իսկ գեղարուեստի դպրոցի աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Արցախ ֆոնտ»-ի տօնավաճառի բացման հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին: Բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Թռչնոց բոյն»-ի տիկնանց միութեան, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, Ս. Ծննդեան իր համերգը ներկայացուց Ժիպէյլի Մար Եաագուպ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ յունուարին` օրհնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, «Գուսան» համերգ մը տուաւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: Երգչախումբը Խթման տօնին առիթով նաեւ տեսերիզ մը պատրաստեց:
Յունուար 2019-ին, համագործակցութեամբ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութեան, Միացեալ Նահանգներէն «Թալին եւ ընկերներ» մանկապատանեկան երգի եւ պարի խումբը ելոյթ ունեցաւ Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ: Յունուար, փետրուար եւ մարտ ամիսներուն Համրայի «Մասրահ Մատինա»-ի, ապա Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ, ներկայացուց «Չմօտենա՛ք ինծի, տիկի՛ն» արաբերէն թատերախաղը:
Փետրուարին, կազմակերպութեամբ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ու «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս` հայրենիքէն հրաւիրուած Եւա Եկանեանի կատարողութեամբ եւ լիբանանահայ երգիչ Վիգէն Տիշչէքէնեանի մասնակցութեամբ:
Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու շարքին, փետրուարին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ, «Գուսան» երգչախումբի կազմակերպութեամբ եւ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հետ համագործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ «12 երգ լուսանկար» գրքոյկին շնորհահանդէսը: Մարտին, բարձր հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կատարողութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի ուսուցիչներուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասեան երեկոյ:
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գիր ու գրականութիւն» մասնագիտացած մասնաճիւղին, փետրուար 2020-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ քնարերգութեան արուեստը» նիւթով ձեռնարկ մը:
Մարտ 2020-ին արդէն իսկ ընթացք առած էր համաճարակին տարածումը Լիբանանի մէջ: Առ այդ, ձեռնարկներու կայացման դասական ձեւին փոխարինեց նորօրեայ առցանց կերպը, որուն աշխատանքները կ՛իրականանան շնորհիւ Յովիկ Քլնճիպաշեանի ջանքերուն:G
Մարտէն մայիս ամիսներուն «Միասին առցանց» անուան տակ հարցազրոյցներու շարք մը կազմակերպուեցաւ` գեղարուեստի դպրոցներուն աշակերտներուն մասնակցութեամբ եւ ուսուցիչներուն ցուցմունքներով: Առցանց սփռուած հարցազրոյցներ տեղի ունեցան նաեւ դեկտեմբեր 2020-էն սկսեալ` Համազգայինի Լիբանանի մասնաճիւղերուն, խնամակալութիւններուն, յանձնախումբերու միաւորներուն գործունէութիւնն ու ապագայի ծրագիրները ներկայացնող` Սեւան Կարապետեանի պատրաստութեամբ: Իւրաքանչիւր ամսուան վերջին օրը սփռուեցաւ «Օրը օրին» առցանց ծրագիրը, որ կը ներկայացնէ տուեալ ամսուան յատկանշական դէպքերն ու դէմքերը` Մարալ Հարպոյեանի պատրաստութեամբ: Առցանց սփռուեցան տօներու առիթով պատրաստուած յայտագիրներ, մանկապատանեկան յայտագիրներ, ինչպէս նաեւ տարբեր նիւթերու անդրադարձող յատուկ հարցազրոյցներ. կ՛արժէ նշել Հրակ Մամիկոնեանի պատրաստութեամբ մանկապատանեկան «Պատմութիւններու աշխարհ»-ը, համազգայնական կին դէմքերու անդրադարձող Յովիկ Քլնճիպաշեանի պատրաստութեամբ «Զինուորուհիներ»-ը, «Համազգայինը աշխարհի տարածքին»-ը, երաժշտական ունկնդրութեան յատուկ յայտագիրը, լիբանանահայութեան ուղղուած «Մեր մշակոյթը մեր ինքնութիւնն է»-ն, ինչպէս նաեւ գեղարուեստի դպրոցներու պատրաստած տարբեր յայտագիրները` ի շարս այլոց:
Համազգայինի տարբեր դպրոցներ իրենց մասնակցութիւնը բերին առցանց զանազան տօնակատարութիւններու եւ ձեռնարկներու, ինչպէս` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպած Մայիս 28-ի ձեռնարկին:
Սեպտեմբերին Շրջանային վարչութիւնը տարաւ առցանց «հէշթէկ»-ի արշաւ մը` իբրեւ զօրակցութիւն Արցախին, իսկ հոկտեմբերին «Գուսան» երգչախումբը երգ մը պատրաստեց` Արցախին ձօնուած:
Յունուարին լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ցուցադրուեցաւ Ս. Ծննդեան առիթով նկարահանուած յատուկ ներկայացում, որուն ընթացքին «Գուսան» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ:
Կ՛արժէ նշել նաեւ, որ մայիս 2020-ին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակը` Յովհաննէս Կարախանեան (ջութակ եւ գեղարուեստական ղեկավար), Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան (դաշնակ) եւ Նայիրի Ղազարեան (թաւջութակ), «Փարիզ Կրենտ փրայզ վիրչուըսօ» միջազգային երաժշտական մրցոյթին սենեկային նուագախումբերու շարքին խլեց առաջնութիւնը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը բնաւ չզլացաւ տարբեր ձեւերով ժողովուրդին առօրեային մէջ մշակոյթն ու արուեստը վառ պահել` հաւատարիմ անկախութեան սերունդի կտակին: Արդարեւ, հանրային ընթացիկ ձեռնարկները շարունակուեցան օրակարգի վրայ մնալ` տօնական առիթներու պատրաստուած բացիկներու եւ օրացոյցներու ցրւում, «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն եւ «Օ. Թի. Վի.» հայկական լուրերու բաժինով թէ օտար պատկերասփիւռի կայաններէ սփռուած յայտագիրներ եւ հարցազրոյցներ, վկայականաց բաշխում, «ՔԱՀԼ» ծերանոց այցելութիւն, Կաղանդի ձեռնարկներու գեղարուեստական յայտագիրի մասնակցութիւն, «Գիր ու գրականութեան» յանձնախումբի կազմակերպած միջդպրոցական շարադրական մրցանք, այլ մշակութային կեդրոններու գեղարուեստական յայտագիրներու մասնակցութիւն եւ այլն: Համազգայինը նաեւ մէկ կողմէն վճարումի դրութիւններ եւ զեղչեր ապահովեց իր աշակերտներուն, միւս կողմէն վայելեց իր հաւատարիմ ուսուցիչներուն համբերութիւնը` ներկայ տնտեսական ծանր կացութեան ներքեւ:
Առցանց գործունէութեան ծիրին մէջ ուրախալի երեւոյթ էր Գեղարուեստի դպրոցներուն առցանց դասընթացքներուն, ի մասնաւորի «Կարօտ» շաբաթօրեայ դպրոցին օտարներու եւ Լիբանանէն դուրս եղողներուն մասնակցութիւնը:
Յատկանշական էր Շրջանային վարչութեան համագործակցութիւնները համայնքապետներու եւ պետական պաշտօնակատարներու հետ:
Անկարելի է ձեռքբերումներու մասին խօսիլ առանց նշելու առկայ մարտահրաւէրները, մանաւանդ օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք: Շնորհիւ Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքին նիւթաբարոյական օժանդակութիւններուն, կարելի եղաւ վերաշինել Լիբանանի տարածքին Համազգայինի վնասուած կառոյցները: Այս ծիրին մէջ, վերանորոգուեցաւ Լեւոն Շանթ կեդրոնին մէջ «Գայեանէ» պարի դպրոցի եւ «Քնար» պարախումբի պարասրահը` շնորհիւ Յակոբ Ղոջախեանի ազնիւ նուիրրատուութեան` ի յիշատակ իր ծնողքին` Աբրահամ եւ Վերժին Ղոջախեաններուն:
Լիբանանի Համազգայինի ընտանիքը ապրեցաւ նաեւ խոր կսկիծ` կորսնցնելով իր ընտանիքին կարկառուն դէմքերէն շատերը, որոնց յիշատակին պատրաստուեցան տեսերիզներ եւ արտասանուեցան սրտի խօսքեր` կենդանի պահելու անոնց կտակը:
Այնուամենայնիւ, Համազգայինի ընտանիքը, Լիբանան թէ այլուր, իր գործունէութիւնը կը հիմնէ յարատեւութեան եւ հոսանք ի վեր թիավարելու ատակութեան վրայ, այնպէս, ինչպէս ապրած է Համազգայինի հիմնադիր սերունդը, եւ հաւատարիմ կը մնայ իր ինքնութեան եւ առաքելութեան: Ուստի, Լիբանանի ներկայ ծանր պայմաններուն շուքին տակ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ անոր շուրջ համախմբուած հաւատաւոր ծառաներուն կը մաղթենք համբերութիւն, կորով եւ եռանդ, նաեւ` յարատեւութիւն այս կարեւոր առաքելութեան մէջ:
Համազգայինի Լիբանանի գործունէութեան կրնաք հետեւիլ ընկերային ցանցերու հասցէներուն, հիմնականօրէն` Hamazkayin Lebanon Դիմատետրի էջին եւ անոր զուգահեռ գործող այլ էջերու ճամբով: