ՎԱՀԱԳՆ ԶԱՔԱՐԵԱՆ
Երեքշաբթի, 8 հոկտեմբերին, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» անուան գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիպում-ցերեկոյթ` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կից ստեղծուած «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով: Հանդիպում-ցերեկոյթին կը մասնակցէին հայրենի բոլոր այն արուեստագէտները, որոնք նախորդող տասը տարիներուն ընթացքին համագործակցած էին ցուցասրահին հետ: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Համազգայինի Հայաստանի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը:
Յոբելենական հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ եւ առաջ անդրադարձաւ ցուցասրահի հիմնադրութեան նպատակներուն եւ անոր անցած տասնամեայ ուղիին: Հաւաթեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց ցուցասրահի բարերարներ տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ցուցասրահի առաքելութեան ու գործունէութեան: Ան մեծապէս կարեւոր նկատելով հայրենի վաստակաշատ արուեստագէտներու մեծ խումբի մը հետ տասնամեայ արդիւնաւէտ աշխատանքը` նշեց, որ այն կարեւոր հիմքը, որ դրուած է նախորդող տասը տարուան ընթացքին, մեծապէս պէտք է նպաստէ հետագայ առաւել լայնածաւալ գործունէութեան: Յակոբ Հաւաթեան առանձնայատուկ կարեւորութեամբ շեշտեց այն փաստը, որ իրենք մշտապէս ձգտած են, որ հայրենիքէն դուրս, հայրենի տարբեր սերունդներու արուեստագէտներ կարելիութիւնը ունենան իրենց աշխատանքները ցուցադրելու, իրենց գործունէութիւնը հանրահռչակելու եւ այդ ճամբով ճանաչում բերելու Հայաստանին:
Հանդիսութեան ելոյթ ունեցան նաեւ գեղանկարիչներ Փարաւոն Միրզոյեան, Քարլոս Սայատեան, Խաչիկ Աբրահամեան, Գագիկ Ղազանչեան եւ Արա Շահումեան: Վերջինս ցուցասրահի տասնամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեան գրաւականներէն մէկը նկատեց այն հանգամանքը, որ ընդհանուր աշխատանքը կ՛իրականացուի արհեստավարժ խումբի մը կողմէ եւ այդ աշխատանքը ցուցասրահի պատասխանատուներուն կողմէ ամբողջութեամբ կը ծառայեցուի մեր հայրենիքին ու մշակոյթին:
Գեղանկարիչ Փարաւոն Միրզոյեան ամփոփելով «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տասնամեայ գործունէութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան ու անձնակազմին անձնուէր աշխատանքին համար` ցանկանալով նորանոր յաջող ձեռնարկներու իրականացում:
Հայ կերպարուեստի հիմնադրամին անունով Խաչիկ Աբրահամեան շնորհաւորագիր յանձնեց ցուցասրահի տնօրէնութեան: Ան հայրենի գեղանկարիչներու անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցասրահի բարերարներուն եւ պատասխանատուներուն` տասը տարիներու շարունակական հսկայածաւալ աշխատանքին համար, որ նպաստած է գեղեցիկ արուեստը տարածելու կարեւոր առաքելութեան:
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը անցնող 10 տարիներուն ընթացքին մշակութային լայն գործունէութիւն ծաւալելով կազմակերպած է 103 ցուցահանդէս, աւելի քան 130 արուեստագէտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եւ յատկապէ՛ս Հայաստանէն սերտօրէն համագործակցած են ցուցասրահին հետ: Տարիներու ընթացքին ցուցասրահը յաջողած է դառնալ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ մշակութային ու յատկապէս կերպարուեստի բնագաւառին մէջ ամուր կամուրջ մը: Կարեւոր է նաեւ այն հանգամանքը, որ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը դարձած է մտերմիկ միջավայր մը բոլոր արուեստագէտներուն համար, ինչպէս նաեւ հարազատ տուն մը բոլոր արուեստասէրներուն: Ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակը լաւագոյն առիթ է վերարժեւորելու անցած ուղին եւ կենսափորձը` իբրեւ կարեւոր ձեռքբերում ներդրելու հետագայ ծրագիրներու իրագործման համար: Այս մտածումներուն անդրադարձան ցուցասրահին հետ համագործակցած բոլոր արուեստագէտները` հանդիսութենէն ետք կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին:
«Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնն ու վարչութիւնը մինչեւ տարեվերջ նախաձեռնած են շարք մը ձեռնարկներ, որոնց միջոցով անոնք իրենց երախտիքի խօսքը պիտի յայտնեն այն բոլոր անհատներուն, որոնք տասը տարի շարունակ աջակցած են ցուցասրահի գործունէութեան:
Երեւան