Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Ռազմիկ Պերթիզեանի Եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` Գոյներ Եւ Գիծեր» Ցուցահանդէսի Բացում

April 20, 2013
in Գաղութահայ Կեանք
0
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Ռազմիկ Պերթիզեանի Եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` Գոյներ Եւ Գիծեր» Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, երէկ` ուրբաթ, 19 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին բացումը կատարուեցաւ Ռազմիկ Պերթիզեանի եւ Տարիա Խտըշեանի «Զգացումներ` գոյներ եւ գիծեր» խորագրեալ ցուցահանդէսին:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ մեծ թիւով արուեստագէտներ ու արուեստասէրներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Մէյրի Չոլոյեան, որ ներկայացուց արուեստագէտները, անոնց անցած արուեստի ուղին: Ան նաեւ ցուցասրահի տնօրէնութեան եւ վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր նախարար Նիքոլա Սահնաուիին: Չոլոյեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին` հաստատելով, որ այս եւ նման այլ ձեռնարկներու կայացումը այս օրերուն խօսուն վկայութիւնն է այն անհերքելի իրողութեան, որ հակառակ Թուրքիոյ ի գործ դրած հայաջնջման քաղաքականութեան եւ մշակութային սպանդին, հայութիւնը շարունակեց իր ստեղծագործ երթը: Ան աւելցուց, որ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ հայը թանգարանային ներկայութեան վերածելու սադրանքներուն, հայութեան մշակութային բարձրորակ արուեստի նմուշներն են, որոնք կը զարդարեն այսօր աշխարհի մեծագոյն թանգարանները:

Ապա ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան յատուկ յուշատախտակով մը պատուեց օրուան հովանաւորը: Աւարտին նախարար Սահնաուի արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց ներկայացուած ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ հայութեան դիմադրականութեան եւ բոլոր արհաւիրքներէն վերջ գոյատեւելու ու զարգանալու անկոտրում կամքին: Ան հաստատեց, որ հայութեան հաւաքական յիշողութեան դիմաց բոլորս պէտք է ցուցաբերենք յանձնառու եւ պատասխանատու մօտեցում:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 30 Ապրիլ, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մնչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

 

Previous Post

Իւրայատուկ Ցուցադրութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Առիթով. «Էքսոտուս»

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՐՁԱՆՆԵՐԸ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՔԱՆԴԱԿ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.