Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէս` Տասնեօթը Արուեստագէտներու

December 22, 2016
in Մշակութային
0
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէս` Տասնեօթը Արուեստագէտներու

Երէկ` երեքշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ 17 գեղանկարիչ եւ քանդակագործ արուեստագէտներու հաւաքական ցուցահանդէսի մը բացումը: Ցուցահանդէսին ներկայ էր Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան:

 Բացման խօսքը կատարեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան ողջունելէ ետք դեսպանն ու ներկաները ըսաւ, թէ տարի մը եւս կը փակենք Համազգայինի հրատարակչական գրատարածման եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի հաւաքական ցուցահանդէսով: Ան շարունակեց, թէ այս տարի այդքան ալ դիւրին տարի մը չէր, սակայն Համազգայինի առաքելութիւնը անխափան շարունակելու համար, ի գին ամէն ինչի, ամէն միջոցի դիմուեցաւ: Առ այդ, ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց Համազգայինի բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացան Համազգայինի գրատարածին եւ ցուցասրահին: Աւանդական դարձած ցուցահանդէսին անդրադառնալով` Հաւաթեան ըսաւ, թէ  այս ցուցահանդէսը կու գայ ոչ թէ փակելու տարին, այլ մաղթելու, որ Նոր տարին դառնայ բարեբեր, առողջութեամբ եւ յաջողութեամբ լի տարի մը, անձնական եւ հաւաքական կեանքին մէջ: Հաւաթեան շնորհակալական յատուկ խօսք ուղղեց դեսպան Մկրտչեանին, որ միշտ կը քաջալերէ Համազգայինի ձեռնարկները եւ դարձած է տնեցի եւ ոչ թէ հիւր: Ան շարունակեց, թէ դեսպան Մկրտչեան անգամ մը եւս եկաւ վկայելու, որ այս հաստատութիւնը կը փորձէ Հայաստան-սփիւռք մշակութային եւ գրական կապերուն տալ համապարփակ որակ եւ տարողութիւն:

Յակոբ Հաւաթեան խօսքը փոխանցեց տեղացի արուեստագէտ Մանսուր Հապրին, որ ցուցասրահին հիմնադրութենէն ի վեր իր մասնակցութիւնը բերած է ցուցահանդէսներուն: Հապր ըսաւ, թէ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը իր առաքելութեամբ մեզի կու գայ յայտնելու, որ արուեստը մարդուն վերջին իմաստն է: Ան շարունակեց, թէ արուեստի ու մշակոյթի լեզուն մարդուն գոյութեան իմաստ տուողն է:

Ապա արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեան կարճ խօսք մը առաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ մաղթեց, որ ներկաներուն թիւը միշտ աւելնայ, ինչ որ ցուցանիշ է, թէ արուեստի հանդէպ հետաքրքրութիւնը կ՛աւելնայ:

Վերջին խօսքը առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան յայտնեց, որ շատ առիթներ եղած են ներկայ գտնուելու այսպիսի ցուցահանդէսներու, որովհետեւ մեծ հետաքրքրութիւն ունի գեղանկարչութեան նկատմամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, որ իր նուիրական աշխատանքով կը կազմակերպէ զանազան ցուցահանդէսներ թէ՛ հայ, թէ՛ տեղացի եւ թէ՛ օտար արուեստագէտներն ու գեղանկարիչները ի մի բերելով եւ ներկաներուն ու այցելուներուն առիթ ընծայելով ծանօթանալու եւ առնչուելու անոնց արուեստին հետ: Ան գեղանկարչութեան ըմբոշխնումին մասին խօսելով ըսաւ, թէ ան մէկ անգամուան ընկալում մը չէ, այլ պարբերաբար պէտք է նայիլ գեղանկարին եւ բացայայտել, թէ գեղանկարիչը ի՛նչ միտք եւ ի՛նչ գաղափար դրած է իր ստեղծագործութեան մէջ եւ անով ինչպէ՛ս փորձած է փոխանցել իր միտքերը, աշխարհի ընկալումը եւ փիլիսոփայութիւնը:

Գեղարուեստական բաժինով ջութակահար Լիւսի Չամրազեան հանդէս եկաւ զանազան հանրածանօթ երաժշտական կտորներով:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 20 յունուար 2017, ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:30:

 

Previous Post

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»ի Ծիրին Մէջ

Next Post

Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ Ժողովրդապետութիւն. Ս. Ծննդեան Առիթով Վոքալ Երաժշտութեան Երեկոյ` Կատարողութեամբ Էմմա Ջոթեանի Եւ Քլարա Կարապետեանի

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.