Երեքշաբթի, 28 յունիս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի պատրաստած մանկապարտէզի «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 դասագիրքի ներկայացումը:
Այս շարքի առաջին դասագիրքը լոյս տեսաւ 2019-ին եւ արդէն որդեգրուած է լիբանանահայ եւ արտասահմանի մեծ թիւով հայկական վարժարաններու կողմէ: Շարքին երկրորդ դասագիրքը լոյս տեսաւ այս տարի: Պատրաստող խումբին մաս կը կազմեն Թալին Եահնիեան, Սեդա Մածունեան, Մարիա Պիլէմճեան եւ Արազ Քելէշեան: Ծրարի գեղարուեստական ձեւաւորումը եւ նկարազարդումը կատարած է Նենսի Մումջողլեան:
Ներկայացման ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ բոլոր հայկական վարժարաններու մանկապարտէզներու ուսուցիչներ: Բարի գալուստի խօսք արտասանեց հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ առաջին հերթին գնահատեց ուսուցիչներու` 2021-2022 տարեշրջանի ցուցաբերած աշխատանքը, նկատի ունենալով երկրի դիմագրաւած առողջապահական եւ տնտեսական ծանր կացութիւնը ու այս իմաստով մարտահրաւէրը շրջանցելու առումով անոնց ներդրած ճիգը: Ան հաստատեց, որ, հակառակ երկրի մէջ տիրող դժուարութիւններուն, Համազգայինի հրատարակչատունը, նախագահութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, որոշեց շարունակել մանկապարտէզի նոր ու արդի դասագիրքերու պատրաստութեան աշխատանքը: Այս նպատակի իրագործման մէջ հիմնարար դերակատարութիւն ունեցաւ, ինչպէս առաջին դասագիրքի, նաեւ նոր դասագիրքի հրատարակութեան իրականացման մէջ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի հովանաւորութիւնը, ներդրումը եւ նիւթական աջակցութիւնը: Հաւաթեան հաստատեց, որ առանց այս հովանաւորութեան, ներկայ պայմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլար ճշդուած ժամկէտին այս դասագիրքի ծրագիրը աւարտել: Ան աւելցուց, որ, հակառակ երկրի պարզած ծանր կացութեան եւ ընկերատնտեսական ու առողջապահական կարիքներու անսալու առկայ առաջնահերթութեանց, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կարեւորեց նաեւ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան ու կազմաւորման համար խիստ կենսական այս ծրագիրը: Ան յոյս եւ համոզում յայտնեց, որ յառաջիկային եւս «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը պիտի շարունակէ իր հովանաւորութիւնը այս շարքի ամբողջացման համար: Ապա իր խօսքը փոխանցեց պատրաստող խումբի անդամ, վաստակաշատ մանկավարժ Սեդա Մածունեանին, որ անդրադարձաւ գիրքի պատրաստութեան հոլովոյթին եւ նման հրատարակութեան մը կարեւորութեան: (Խօսքը ամբողջութեամբ կու տանք ստորեւ:
Թալին Եահնիեան ներկայացուց թղթապանակի բովանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսուցման հետ առնչուած յաւելեալ մանկավարժական մանրամասնութիւններ: Յայտնենք, որ թղթապանակը կը բովանդակէ` աշխատաթերթիկներ 4-5 տարեկան երեխաներուն համար: Անոնք կը ներկայանան երեք գոյներով: Դեղին աշխատաթերթիկները ընթերցանութեան նախավարժութեան աշխատանքներն են, վարդագոյն աշխատաթերթիկները գծագրումի վարժութիւններն են, իսկ կանաչները` թուաբանութեան աշխատանքները: Թղթածրարը ունի իր ուսուցիչին ուղեցոյցը, 9 որմազդներ եւ 101 բանալի նկարներ:
Գիրքի ներկայացման մասնակից դարձաւ նաեւ Մարիա Պիլէմճեան: Աւարտին Համազգայինի հրատարակչատան կողմէ դասագիրքի թղթապանակներէն օրինակներ տրամադրուեցան բոլոր վարժարաններուն:
Ներկայացումը սփռուեցաւ առցանց, Համազգայինի հրատարակչատան «Գանձարան» էջով` առիթ տալու համար արտասահմանի ուսուցիչներուն, որպէսզի իրենք եւս հետեւին այս շահեկան հանդիպումին:
Դասագիրքի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն` [email protected]
«Կը խաղամ կը սորվիմ կը մեծնամ»
մանկապարտէզի դասագիրքի ներկայացման առիթով`
Սեդա Մածունեանին Խօսքը
Բոլորս քաջ գիտենք, որ ազգերը կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն հաւաքական փորձառութիւններու եւ մշակոյթի գոյութեամբ: Լեզուն, գրականութիւնը եւ հաւաքականութիւն մը բնորոշող մշակութային զանազան դրսեւորումները անհրաժեշտ են ազգային դիմագիծի պահպանման համար. իսկ աշխարհագրական հայրենիքներէ դուրս սփռուած խումբերու համար, ինչպիսին մենք ենք, ազգային դիմագիծի պահպանման եւ զարգացման հիմնական եւ անփոխարինելի օրրանը դպրոցն է, հա՛յ դպրոցը:
Հիմա, այս յարկին տակ հաւաքուածներուս համար հարկ չկայ շեշտելու մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը` որպէս բնական միջոց երեխային համար աշխարհը բացայայտելու եւ ճանչնալու, ինչպէս նաեւ որպէս գործիք իր ընկերային եւ կենցաղային յարաբերութիւնները ձեւաւորելու:
Սփիւռքի պայմաններուն մէջ, երբ հայ երեխան մայրենիին մէջ չէ սուզուած եւ մէկէ աւելի այլ լեզուներ կը մրցին անոր ուշադրութիւնը գրաւելու, մեծ է հայ մանկավարժին դերակատարութիւնը, առանց թերագնահատելու եւ արժեզրկելու ծնողքին էական ներդրումը:
21-րդ դարու բազմազան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, ուսուցչական ասպարէզին մէջ կոչում ունենալը անհրաժեշտ պայման ըլլալով հանդերձ, հեռու է բաւարար ըլլալէ: Այսօր` աւելի քան երբեք պարտադիր է մանկավարժական մասնագիտական կրթութիւնը, կրթական նպատակակէտերու մատնանշումը, դէպի այդ նպատակներու իրագործման յստակ ծրագրաւորումը եւ այս բոլորին իրագործումին նպաստող նպատակայարմար դասագիրքերու գոյութիւնը:
Այս սկզբունքներէն մեկնած` Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը նախաձեռնեց մանկապարտէզի նոր եւ արդիական դասագիրքերու պատրաստութեան:
2019-ին, Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատունէն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութեամբ լոյս տեսաւ «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 1 թղթապանակը` 3-էն 4 տարեկան երեխաներու համար: Մանկապարտէզի ծրագրի այս առաջին հատորը արդէն երկու տարի է կ՛օգտագործուի Լիբանանի կարգ մը հայկական վարժարաններու մէջ:
Նկատի ունենալով, որ մանկապարտէզի կրթական ծրագիրները կ՛իրագործուին տարիքային բաժանումներով, պէտք է ուսումնառութեան աշխատանքները շաղկապուած ըլլան մէկը միւսին եւ ապահովեն զարգացման տրամաբանական յաջորդականութիւնը:
Առ այդ` այսօր կը ներկայացնենք «Կը խաղամ, կը սորվիմ, կը մեծնամ» թիւ 2 թղթապանակը, 4-էն 5 տարեկան երեխաներուն համար, որ առաջին գիրքին շարունակութիւնն է եւ կ՛անդրադառնայ նոյն յղացքներուն, սակայն աւելի ընդլայնուած եւ խորացած տարբերակով:
Այս երկրորդ գիրքին աշխատանքները իրականացնելու նպատակով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը յառաջացուց յանձնախումբ մը, կազմուած հետեւեալ մասնագէտներէն`
– Արազ Քելէշեան` ուղղավարժ (orthopedagogue, special educator)
– Մարիա Պիլէմճեան` նոյնպէս ուղղավարժ
– Թալին Եահնիեան` մանկավարժ
– Սեդա Մածունեան` մանկավարժ
Իսկ գիրքին գծագրումը կատարեց Նենսի Մումջողլեան:
Պէտք է խոստովանիլ, որ աշխատանքները հեզասահ չընթացան: Արդէն իսկ լուրջ կեդրոնացումի եւ հետազօտութեան կարօտ այս գործը աւելի բարդացաւ վերջին երկու տարիներուն Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ անոնց պատճառով ստեղծուած ոչ բարենպաստ պայմաններուն իբրեւ հետեւանք: Երկար ժամանակ տրամադրուեցաւ անհատական պրպտումներու եւ հետազօտութիւններու, ապա շաբթական աշխատանքային 2-3 «Զում»-ի հանդիպումներով ծրագրաւորեցինք ու յաջողեցանք կազմել ուսուցիչներու ուղեցոյցը եւ վերջապէս նախաձեռնել աշխատաթերթիկներու պատրաստութեան:
Այս գիրքի պատրաստութեան ընթացքին փորձած ենք մանկավարժական գիտութեան մէջ ուսումնասիրուած տեսութիւնները եւ կիրարկուած մեթոտները ներդաշնակօրէն համադրել, մի՛շտ զարգացող երեխային պէտքերը դնելով առաջին գծին եւ ի մտի ունենալով ապահովել անոր գործուն եւ ստեղծագործ մասնակցութիւնը բոլոր նիւթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոր հայերէն լեզուամտածողութիւնը:
Ծրագրին մէջ յատուկ բաժինով մը անդրադարձած ենք նաեւ յաւելեալ ուշադրութեան կարիք ունեցող երեխաներուն հետ աշխատելու ձեւին:
Մեզմէ կը պահանջուի մեծ սէր մայրենիին հանդէպ, նուիրում` մեր ասպարէզին, հետեւողական աշխատանք եւ նախանձախնդրութիւն` իրագործելու համար մեր երեխաներուն յատկացուած այս կրթական ծրագիրը: