Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան յոբելեանին առթիւ

March 18, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Հաղորդագրութիւն

ԹԱՄԱՐ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

Ի՞նչ է յոբելեանը: Բառարանային իմաստով ան կեանքի մը կարեւոր հանգրուանի յիշատակութիւնն է: Յոբելեաններ կը նշուին զանազան նախաձեռնութիւններով` ժողովրդային ձեռնարկ, մեծարանքներ, լսարան, համերգ, հրատարակութիւն, եւ այլն… Անցնինք բառարանային իմաստէն խորքայինին. յոբելեանները ամէն բանէ առաջ պարտաւորեցնող են: Առ այդ, շնորհաւորելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեայ գործունէութիւնը հայապահպանման բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ` սոյն գրութեամբ պիտի անդրադառնամ այս ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն մարտահրաւէրներէն մէկուն:

Համազգայինը իր հիմնադրութեան օրերէն կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը ամբողջ սփիւռքի մէջ` նպատակ ունենալով «նոր սերունդին ընդհանուր կրթութեան կողքին, ջամբել հայեցի դաստիարակութիւն` փորձելով պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները հայրենիքէն դուրս ապրող ժողովուրդին մէջ»: Այսօր համաշխարհայնացման եւ արհեստագիտութեան զարգացման բազմազան ալիքներուն պատճառով, նոր սերունդներուն մօտ յառաջացող ապազգային մտածելակերպը տիրական է դժբախտաբար նաեւ մեր հայրենիքին մէջ:

Համազգայինը տարիներ շարունակ սփիւռքի մէջ կերտեց հոգեւոր հայրենիքը, այնքան ատեն որ իսկական հայրենիքը հեռու էր ու անհասանելի: Այսօր ստեղծուած այդ հոգեւոր Հայաստանը յաճախ կը չքանայ, երբ սփիւռքահայ երիտասարդը կ՛երթայ հայրենիք եւ բախում կ՛ունենայ դառն իրականութիւններու հետ: Հետեւաբար Համազգայինը մեծ դեր ունի կատարելիք «հայապահպանում հայրենիքի մէջ» բնաբանով:

Երեւանէն բացի, Արցախի եւ վերջերս նաեւ Գիւմրիի մէջ գրասենեակներ հաստատելով, Համազգայինը կը հաստատէ արդէն, որ իր դերը այլեւս միայն սփիւռքի մէջ չէ: Իսկ այժմ` գլխաւոր հարցը.

Ինչո՞ւ ոչ` նաեւ մերուիլ Հայաստանի կրթական համակարգին հետ: Տարիներու ընթացքին Հայաստան-սփիւռք կրթական բազմաթիւ խորհրդաժողովներու ընթացքին արծարծուած են զանազան նիւթեր, որոնք ցարդ մնացած են միայն ժողովական օրակարգերու սահմաններուն մէջ: Ժամանակն է թերեւս, որ Համազգայինը ստանձնէ այդ հարցերը համակարգողի դերը:

Այսօր պէտք է ընդունիլ, որ չկայ այլեւս Արեւելեան Հայաստան եւ Արեւտմեան Հայաստան հասկացողութինը (Այդ մէկը անշուշտ կը մնայ մեր Դատի մնայուն օրակարգը): Այսօր կայ մէկ ու միա՛կ Հայաստան, ուր անհրաժեշտութիւնը կայ ՃԵՄԱՐԱՆի մը:

Ճեմարան մը, ուր դասաւանդուի արեւմտահայերէնը մեսրոպեան (այժմ այսպէս կոչուած` աւանդական) ուղղագրութեամբ, ուր վերականգնին արեւմտահայուն կորսնցուցած հնչիւնները, ուր գործեն արեւելահայ եւ արեւմտահայ կրթական մշակներ միատեղ, ուր բիւրեղանայ լեզուն իր երկու ճիւղերով: Արեւելահայ գրականութիւնը դասաւանդուի հայրենի ուսուցիչներուն կողմէ, իսկ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւնը` համապատասխան ուսուցիչներուն: Ուր հայոց պատմութիւնը դասաւանդուի իրապաշտ եւ քննական մօտեցումով, մեր յաղթանակներն ու փառքի օրերը արժեւորելու, միաժամանակ մեր պատմական սխալները գիտնալու եւ զանոնք չկրկնելու գիտակցութեամբ:

Թող Համազգայինը ըլլայ ռահվիրան այսպիսի՛ դպրոցի մը հիմնումին: Դպրոց մը, ուր պիտի պահուին մեր ինքնութեան բոլոր երաշխիքները` լեզուն, պատմութիւնն ու մշակոյթը:

Ինչպէս նշեցի, այսօր փոխուած են մարտահրաւէրները: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէն ներգաղթած են Հայաստան` Սուրիոյ պատերազմին, Լիբանանի կացութեան եւ այլ պատճառներով: Ճեմարանի մը հիմնումը անկասկած որ կը շահագրգռէ նաեւ ներգաղթողներէն շատեր: Այո՛, նիւթականը շատ մեծ դեր կը խաղայ, բայց եթէ ժամանակին Համազգայինի ու Ճեմարանի հիմնադիրները իրենց նպատակը գերադասած են նիւթականէն եւ լծուած են գործի, ահա այսօր այդ ուղին շարունակելու ժամանակն է:

Համազգայինի Ճեմարանի բազմաթիւ շրջանաւարտներ արդէն հաստատուած են Հայաստան, կարելի է ա՛յդ փաղանգով սկսիլ գործի: Ուրեմն օ՛ն, դէպի 100-ամեակ, կրթական եւ մշակութային նորանոր իրագործումներով ու նուաճումներով:

Previous Post

Դատաւորի Կիրակի եւ Տօն Սրբոց Քառասնից Մանկանց Որք Ի Սեբաստիա կատարեցան

Next Post

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակ-ին Առիթով

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.