Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը` հիմնուելով 29 փետրուար – 1 մարտին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, ծրագրած է կազմակերպել տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Առաջին հերթին նկատի առնուած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ (Լիբանան, Սուրիա, Իրան, Պոլիս, Քուէյթ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Եգիպտոս) գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրները:
Առցանց տարածաշրջանային առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ 30 յուլիս 2020-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:
Իբրեւ թեմա նկատի առնուած է` «Հայկական լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ»:
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին` [email protected]
Ծանօթ.- Լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի հրապարակել:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ